Արխիւ
Հոլիվուտի աշխարհահռչակ ատղ Անճելինա Ճոլի ուշադրութիւն չի դարձներ հասարակութեան կարծիքի վրայ։ Այն պահուն, երբ ողջ աշխարհը կը քննարկէ անոր եւ Պրետ Փիթի հաւանական ամուսնալուծութիւնը, դերասանուհին կրակի վրայ իւղ լեցուցած է։
Լիթվացի նկարչուհիներ Եոլիտա Վաիտքուտէ ու Էմիլիա Վինզանովայտէ հիմնականին կը զբաղին ինքնատիպ արուեստագէտներու ստեղծմամբ՝ որպէս հումք կիրառելով համեղ ուտելիքներ:
Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթ մը: Այս առթիւ վարժարանին մէջ հիւրընկալուեցան Ազգային կրթութեան փոխ-նախարար Օրհան Էրտէմ, Կրթական նախարարութեան մօտ գլխաւոր խորհրդատուի օգնական Տքթ. Մուամմէր Եըլտըզ, կուսակալի օգնական Ահմէտ Համտի Ուսթա, Կրթական նախարարի խորհրդատու Տքք. Էօմէր Աքար, Շիշլի գաւառակի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիթ Ենթիւր, նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի եւ Շիշլի գաւառակի ղեկավարներ:
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտներուն ի պատիւ երէկ երեկոյեան հրաժեշտի ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Պէյազըտի «Փրեզիտընթ» պանդոկին մէջ։ Տօնական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին Սամաթիոյ ընտանիքին ներկայացուցիչները ջերմօրէն շրջապատեցին միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտները։
«Միտք» հարթակին նախաձեռնութեամբ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասնակցութիւն բերին հազիւ քանի մը տասնեակ անձեր, որոնք կարգապահ էին:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ պահանջուեցաւ Պատրիարքական ընտրութիւն կատարել աւանդական ձեւով, նաեւ շեշտուեցաւ Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի հարցը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս առկայ է խոր բեւեռացումներու եւ պառակտումի շրջան մը։ Երկար ժամանակէ ի վեր շարք մը տարակարծութիւններ չեն հարթուիր զանազան նիւթերու շուրջ։ Կալուածական խնդիրներէ սկսեալ մինչեւ դպրոցներու հարցերը՝ ծանրաբեռնուած օրակարգ մը ունի համայնքը։
Նալպանտեան անդրադարձաւ Սէն Փեթերսպուրկի եռակողմանի հանդիպման մանրամասնութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արցախ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
4 Յունիս 2016-ին Հոլիվուտի մէջ «Անյաջող յարաբերութեանց թանգարան»ին (Museum of Broken Relationships) պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ, որուն տէրն ու հիմնադիրն է Ճան Քուին անունով իրաւաբան մը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Քա ի՞նչ են ասոնք: Ո՞վ կը դնէ գրասեղանիս դարակը: Ո՞վ է աս Նորայրը: Ի՜նչ ալ ճաշակաւոր է ան: Գծագրութեան ալ լաւ կարողութիւն ունի...:
Հայաստանն ու համայն հայութիւնը ցնծութեամբ կը սպասեն վաղուան, երբ աշխարհի առաջին քրիստոնէական երկիր ոտք պիտի դնէ Հռոմի Սրբազան Պապը: Անոր այցելութեան կը սպասեն ո՛չ միայն Հայաստանը, ո՛չ միայն աշխարհասփիւռ հայութիւնը, այլ նաեւ՝ ողջ հաւատացեալ աշխարհը, որ Սրբազան Քահանայապետի պատգամներուն, խօսքերուն եւ քայլերուն կը հետեւի բիբլիական երկրէն՝ Հայաստանէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ եկեղեցականութեան ցուցաբերած մեծ եռանդին չնայելով՝ «հեթանոս հայ»ը քրիստոնէաբար կրթել, նկատի չունենալով Աշտիշատի Ժողովի դրած օրէնքները՝ որով ժողովականները «հայ աշխարհի բոլոր բնակիչները վանական միաբաններ դարձուցին՝ բացի միմիայն ամուսնութեան կողմէ», ինչպէս կը վկայէ Փաւստոս պատմիչ, բայց եւ այնպէս այդ ջանքերը ընդհանրութեան համար ապարդիւն անցան եւ այս երեւոյթի պատճառը ճշմարտախօս Փաւստոս պատմիչ հետեւեալ խօսքերով կը բացատրէ։
Ամերիկահայ մեծահարուստ Քերոլին Ռաֆայէլեան ընդգրկուած է Forbesի՝ աշխարհի ամենահարուստ ինքնուրոյն կայացած կանանց ցուցակին մէջ՝ զբաղեցնելով 22-րդ տեղը: Քերոլինի կարողութիւնը կը գնահատուի 700 միլիոն տոլարով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հերթական անգամ դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերեց սուրիահայոց համար։ Այսպէս, վերջերս մայրավանքէն դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ ի նպաստ հարիւր սուրիահայ ընտանիքներու։
Ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեան որոշած է չմասնակցիլ յաջորդ տարի կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ «News am» կայքէջի հաղորդումներով, Փաթրիք Տէվէճեան ներկայիս 71 տարեկան է ու որոշած է յառաջիկայ շրջանին աշխատանքը ամբողջութեամբ կեդրոնացնել Օ-տը-Սէն շրջանի խորհուրդին վրայ։
Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման արձագանգները:
Ֆրանսա պատրաստակամ է Սարգսեան-Ալիեւ նոր տեսակցութիւն մը կազմակերպելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յետին վերլուծմամբ, Օրէնքը՝ Աստուծոյ կա՛մքն է որ կը տիրակալէ, կը տիրապետէ անխուսափելի եւ անդիմադրելի ուժով՝ ինչպէս Բնութիւնը ենթակայ է անոր, նոյնպէս եւ մարդկային ամբողջ կեանքը։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հրաժեշտի ընթրիք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալու համար կազմակերպուած երեկոյթին մասնակցեցան Գալֆաեան Տան պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Երէկ երեկոյեան Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմեկերպուեցաւ իֆթարի սեղան մը, որուն մասնակցիլ հրաւիրուած էին նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն դէմքեր։ Պէշիկթաշի «Four Seasons» պանդոկին մէջ, բացօթեայ սարքուած այս ընթրիքին տանտէրն էր Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար։
ԶԻՊԷՉ-ի վարչութիւնը եւ մասնագիտական անձնակազմը կը ձգտին խորացնել մեր վարժարաններու կրթական մշակներուն հետ իրենց համագործակցութիւնը՝ որպէսզի յատուկ խնամքի կարօտ աշակերտներու պարագային կատարուին աւելի գիտակից կարգադրութիւններ։
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ ընտանիքը թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդիսութեան առթիւ ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցին մէջ, մինչ գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը։ Սամաթիոյ ընտանիքէն վարչայիններ եւ բազմաթիւ հիւրեր փութացած էին շնորհաւորել միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները։