Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Զոհողութիւն»ը հասարակական գործին՝ գերագոյն պարտականութիւն մը, նուիրական արարք մըն է, մանաւանդ՝ Աստուծոյ հաճելի՛։ Հոգեւոր մարզի մէջ՝ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ՝ զոհողութեան այս սովորութիւնը փոխանցուած է «պուտտայական» վանականներէ, որ գործադրուած է զանազան կրօններու կողմէ։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային սքրապլի մրցոյթը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Նախընթաց օր լիսէներու մակարդակով կազմակերպուած առաջին փուլէն վերջ երէկ ալ տեղի ունեցաւ երկրորդ փուլը՝ միջնակարգերու մակարդակով։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւանի գեղեցիկ այգիներէն մէկուն ամէնօրեայ այցելուներէն է Տիկին Լուսին: Ան կը սիրէ առանձնանալ բնութեան գիրկը, առօրեայ մտահոգութիւններէն հեռանալ, մոռնալ տեսիլքի մը պէս անցնող մի քանի տարիները, անցեալի փառքի կորուստը, ներկայ անկայունութիւնը...:
Շիշլիի գաւառակէն ներս Գարակէօզեան վարժարանը դափնեկիր դարձաւ բնապահպանութեան ուղղութեամբ։ Շիշլիի Կրթական տնօրէնութիւնը վերջերս մրցոյթ մը կազմակերպեց Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի եւ Շիշլիի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ։ «Կանաչ աստղով վարժարաններ» խորագրեալ այս մրցոյթի արդիւնքին Գարակէօզեան հանդիսացաւ առաջին։
ABBA խումբին անդամները երեսունչորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք առաջին անգամ ելոյթ ունեցած են միասնաբար։
Հայկական արտադրութեամբ «Արմֆոն» հեռախօսները արդէն հասանելի են հայաստանցի գնորդին: Հայկական արտադրութեամբ առաջին smartphoneները, ըստ զայն ստեղծող ընկերութեան հիմնադիրին, որակեալ են եւ ոչինչով կը զիջին շուկային մէջ առկայ տարբերակներուն:
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան ընթացքին ան բանակցութիւններ վարեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։
Հայաստան-Չեխիա փոխյարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն:
Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ զինուորական հանդիսաւոր արարողութիւնով դիմաւորեց Միլոշ Զեմանը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի նախկին անդամուհիներէն Փրլանթի Սարաֆեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս մեծ համակրանքի առարկայ դարձած տիպար ընտանեկան մայր մըն էր հանգուցեալը։
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նկատի առնուեցան Վեզնեճիլէրի պայթումին բոլոր ծալքերը:
Մերքէլ էրտողանի յայտարարութիւններուն պատասխանեց Ալիեւի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութեան հաւատարմատարը հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Ամերիկահայ համայնքի յառաջատար դէմքերէն մին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նուպար Աֆէեան ընտրուեցաւ Մասաչուսեցի Փորձագիտութեան կաճառի (MIT) հոգաբարձուներու խորհուրդի անգամ։ 1 Յուլիս 2016-ի դրութեամբ ան պիտի ձեռնարկէ պաշտօնի՝ հինգ տարուան ժամկէտով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրջագծով ստեղծուած տհաճ երեւոյթները այս օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն մեր համայնքին օրակարգը, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ ստեղծուած ամօթալի արձագանգով հանդերձ։
Էսաեան վարժարանի տարեկան բաժակի օրուան ծրագրին եզրափակիչ փուլը նախընթաց օր մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ՝ անցեալի ու ներկայ սաներու համախմբումով։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը հանդէս մը կազմակերպեց այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտներուն համար։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային ձեռնարկները յառաջ կը տարուին հետեւողականօրէն։ Այս շրջագծով, տասներորդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն սքրապլի մրցոյթը։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Տուն վերադարձայ երկար օրուայ մը աշխատանքէ ետք: Յոգնած էի: Զովացուցիչ մը առնելով պատշգամը սովորական բազկաթոռիս վրայ նստայ, ձայնասփիւռը միացուցի եւ երկինքի աստղերը դիտելով փորձեցի հանգստանալ:
Երեւանի մէջ սկսած է Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած խմբավարական միջազգային մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 12-րդ անգամ։ Ձեռնարկը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի յոբելեանին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վստահութիւն»ը կարեւոր ազդակ մըն է մարդկային յարաբերութիւններու եւ նաեւ արտայայտութիւններու մէջ։ Արդարեւ մարդ պէ՛տք է վստահի, որպէսզի գործէ, ապահով զգայ ինքզինք եւ հեռանայ ամէն տեսակ վախերէն՝ որոնք կը դժուարացնեն կեանքի ընթացքը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը։ Օրուան պատարագիչն էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանն ու իր կողակիցը, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Հիւրերը Պատրիարքարան այցելեցին ընկերակցութեամբ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի։