Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Գա­րո՜ւն է այ­լեւս… ա­հա­ւա­սիկ բո­լորս կը վկա­յենք բնու­թեան վե­րա­կեն­դա­նու­թեան՝ թէ ի՛նչ­պէս ձմե­ռուան ձիւ­նը հա­լե­ցաւ, ծա­ղիկ­ներ ծլե­ցին, ծա­ռե­րը ծաղ­կե­ցան, դաշ­տեր կա­նա­չով պա­տուե­ցան, դաշ­տե­րու մէջ ծա­ղիկ­ներ բա­ցուե­ցան, եւ գա­րու­նը ե­կաւ ա­մէ­նու­րեք։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի այ­ցե­լէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ թո­ղար­կած են տասն­վեց խա­ղե­րէ բաղ­կա­ցած ծրար մը, որ կը սոր­վեց­նէ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն ու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն (որ յատ­կա­պէս ար­դիա­կան է Սփիւռ­քի մէջ): Playland Armenia խա­ղը մշա­կած է Digital Pomegranate ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Կա­զիան­թէ­պի Քի­լիս գա­ւա­ռա­կը ե­րէկ են­թար­կուե­ցաւ Սու­րիոյ տա­րած­քէն կա­տա­րուած ռմբա­կո­ծու­թեան։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ վե­րահս­կուած տա­րած­քէն ար­ձա­կուե­ցան չորս Քաթ­յու­շա հրթիռ­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պա­քու։ Յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան ա­ռա­ջին կէ­սին Ապ­րի­լի 25-26-ին Էր­տո­ղան պի­տի այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճան՝ Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) ներ­կա­յիս թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կած է ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) ե­րէ­կուան նիս­տին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ ԵԽԽՎ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Հեր­մի­նէ Նաղ­դա­լեան եւ ան­դամ­նե­րէն Սա­մուէլ Ֆար­մա­նեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ հան­դէս ե­կան ե­լոյթ­նե­րով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի գրող Փի­թըր Պա­լա­քեան նուա­ճեց Փու­լի­ցէ­րի հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կը։ Ան այս կա­րե­ւոր մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին մաս կազ­մե­լու ի­րա­ւունք շա­հե­ցաւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ա­նու­նա­կար­գէն ներս։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցան բարձրաստիճան սպաներու հետ:
Բանակաշինութեան աշխատանքները միշտ առաջնահերթ:
Սէրկէյ Լաւրով Երեւան այցելութեան ընդառաջ այսօր կը տեսակցի Ժան-Մարք Էյրոյի հետ՝ շօշափելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Այ­լեւս հաս­տա­տուած ի­րո­ղու­թիւն է, որ ժա­մա­նա­կա­կից պա­տե­րազմ­նե­րը կը մղուին ռազ­մա­կան զէն­քե­րով եւ լրա­տու մի­ջոց­նե­րով: Ե­թէ զէն­քերն ու ռում­բե­րը կեան­քեր կը խլեն, քան­դում­ներ կը պատ­ճա­ռեն, լրա­տու  եւ քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց­նե­րը ու­ղեղ­ներ կը լուան, հո­գի­ներ կը խա­թա­րեն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն հիւ­րա­բար քա­ղաքս գտնուող բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ե­րէկ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցան Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այս­պէս, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան նա­խա­գա­հեց Սա­մա­թիոյ ե­րէ­կո­ւան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ ներ­կա­յա­ցու­մով մը։ «Hangisi babası» խա­ղը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ թա­ղի վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հի եր­դի­քին տակ։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Պա­քըր­գիւ­ղի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ա­թէշ Իւ­նալ Էր­զէն, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ եւ յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ար­շըք, տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ բազ­մա­թիւ թա­տե­րա­սէր­ներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ներ­կայ հանգ­րուա­նին շրջագ­ծով շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Հա­մա­նուն ուխ­տի հիմ­նա­դիր­ներն ու սպա­սա­ւոր­նե­րը վեր­յի­ուե­ցան բիւր յար­գան­քով։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի ե­րէկ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն տե­ղի ու­նե­ցաւ Գալ­ֆաեան ուխ­տի միա­բան­նե­րուն հա­մար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի 82-րդ գա­հա­կա­լը՝ հո­գե­լոյս Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին ո­գե­կո­չուե­ցաւ իր վախ­ճան­ման 25-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Այս առ­թիւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ան վեր­յի­շուե­ցաւ փա­ռա­շուք ձեռ­նար­կով մը, որ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Գում­գա­բուի մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆէրիւգիւղի ընտանիքին կողմէ:
Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ իր սաները երէկ քաղաքէս հրաժեշտ առին՝ «Ալաճաճեան» սրահի սիրոյ սեղանէն եւ Վոսփորի նաւապտոյտէն վերջ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րը պի­տի յի­շեն՝ 9 Սեպ­տեմ­բեր 2015 թուա­կիր «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած էինք «ապ­շե­ցու­ցիչ դատ»ի մը, նոյն խո­րագ­րով։ Հա­կիրճ ակ­նարկ մը նե­տենք այդ գրու­թեան, որ պատ­մուածք մըն էր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լին­տա Թո­փա­լօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Վա­չէ-Սեր­տա Թո­փա­լօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի բազ­մա­վաս­տակ լու­սան­կա­րիչ Տիգ­րան Թո­փա­լեա­նի (Ֆօ­թօ Շէ­նէլ)։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Նոր­վե­կիոյ Ֆիորտ քա­ղա­քին մէջ ան­ցեալ շա­բաթ տե­ղի ու­նե­ցաւ 2016 թուա­կա­նի Եւ­րո­պա­յի ծան­րա­բար­ձու­թեան ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, ո­րու ար­դիւն­քին Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը ե­ղաւ այս մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցած լա­ւա­գոյն խում­բը։ Հայ ծան­րա­բարձ­նե­րը նուա­ճե­ցին ութ ոս­կի, եօթ ար­ծաթ եւ ե­րեք պրոնզ մե­տայլ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւն­քը շա­բա­թա­վեր­ջին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ պատ­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ 250 ընտ­րեալ ե­րես­փո­խան­նե­րու շար­քին կը գտնուի եր­կու հայ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի, որ Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար այ­ցե­լեց Թուր­քիա, շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Էր­տո­ղան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա եւ

Էջեր