Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

Այ­սօ­րուան տուեալ­նե­րով, Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նին մէջ մնա­ցած են սոսկ տաս­նեակ մը շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­ներ, ո­րոնք տա­կա­ւին ան­խոնջ կը գոր­ծեն հայ ազ­գի նո­րա­հաս սե­րուն­դի հա­յե­ցի սնման եւ ու­սուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րով: Հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րուն թի­ւե­րու նուա­զու­մով հայ հա­մայնքը կ՚ակն­կա­լէր շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու բազմա­ցում, սա­կայն պա­րա­գան կը մնայ նոյ­նը, ա­ռանց ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թեան կամ ա­ռանց նոր ծրա­գիր­նե­րու ա­ռա­ջադր­ման:

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

Հա­մաշ­խա­րա­հա­յին հռչա­կի ար­ժա­նա­ցած «Վար­դի ա­նու­նը» վէ­պի հե­ղի­նակ, ի­տա­լա­ցի աշխարհահռչակ գրող  եւ փի­լի­սո­փայ Ում­պեր­թո Է­քօ ե­րէկ կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն, ութ­սուն­չորս տա­րե­կան հա­սա­կին: Ում­պեր­թօ Է­քօ շրջա­նէ մը ի վեր կը տա­ռա­պէր քեղց­կե­ղէ։

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Չո­րեք­շաբ­թի ե­րե­կոյ Ան­գա­րան ցնցած պայ­թու­մը բա­ւա­կան կա­րե­ւոր հար­ցադ­րում­նե­րու դուռ բա­ցաւ: Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րան ցնցուած է բո­լոր ա­ռում­նե­րով եւ այս անս­պա­սե­լի պայ­թու­մին դի­մաց ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Սու­րիա-Թուր­քիա սահ­մա­նա­յին գօ­տիին վրայ վեր­ջին տասն օ­րե­րուն ե­ղած լա­րուա­ծու­թիւ­նը կրնայ նոր հու­նի մը մէջ մտնել:

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախագահները երէկ երեկոյեան հեռաձայնով խօսեցան մէկ ժամ քսան վայրկեան:
Էրտողան եւ Օպամա կանգ առին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ:

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

Յ.  ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

1977 թուա­կա­նին, Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը եր­կու տա­րին բո­լո­րած էր ար­դէն. ա­մէ­նու­րեք ռմբա­կո­ծում, ա­նա­պա­հո­վու­թիւն, ան­գոր­ծու­թիւն, ահ ու սար­սափ, գաղթ, ա­ռե­ւան­գում­ներ, ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րու մէջ լե­ցուն ժո­ղո­վուրդ՝ մտա­հոգ իր ճա­կա­տագ­րով:

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Էշ­րե­ֆիէ մեր բնա­կած թա­ղի միակ խա­նու­թը մեր տու­նէն բա­ւա­կան հե­ռու էր: Հոն կա­րե­լի էր գտնել ա­մէն ինչ: «Չկայ» բա­յը գո­յու­թիւն չու­նէր այդ փոքր կրպա­կին մէջ: Կար նաեւ այդ թուա­կան­նե­րուն այն­քան հա­զուա­գիւտ իր ե­ղող հե­ռա­ձայն մը:

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Այ­սօր զզուած եմ հայ մար­դու էա­կա­նէն… Նոյ­նիսկ կ՚ամչ­նամ: Կ՚ու­զեմ հե­ռա­նալ ես ինձ­մէ: Կեղծ ու կաս­կա­ծե­լի մար­դիկ դար­ձած ենք գրե­թէ բո­լորս ալ, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն մէկս փա­կուած աշ­խարհ մը ու­նինք: Ան­հա­ղորդ: Լոյ­սէն եւ ի­րա­կա­նու­թե­նէն վախ­ցող ու խոյս տուող: Դի­մա­կա­ւոր: Տգեղ եւ զազ­րե­լի:

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Փետ­րո­ւար 19-ին, հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծ­նե­րէն Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի (1869-1923), որ իր բարձ­րա­րո­ւեստ ու ան­մահ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նո­ւա­ճեց պա­տո­ւան­դա­նը «Ամե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ»ի կո­չու­մին։

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

Լոնտոնի մէջ Հայագիտական ուսուցման ծրագրին նախաձեռնութեամբ եզակի ձեռնարկ մը:
Գրիգոր Պըլտեանի գրական գործունէութեան յիսնամեակին առթիւ ատենախօսները արտայայտուեցան բարձր գնահատանքով:

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան ներ­կա­յիս դար­ձեալ կ՚այ­ցե­լէ Իս­թան­պուլ։ Մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, ան նա­խըն­թաց օր ժա­մա­նած է քա­ղաքս, ուր կ՚ի­ջե­ւա­նի Էլ­մա­տա­ղի «Տի­վան» պան­դո­կին մէջ։ Իր կե­ցու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ յա­ջորդ շաբ­թուան ա­ռա­ջին օ­րե­րը։

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պա­հոց եր­րորդ Կի­րա­կիին՝ Ճա­շու ժա­մուն կը կար­դա­ցուի Ղու­կա­սի Ա­ւե­տա­րա­նին ԺԵ. գլու­խը, ուր կը պատ­մուի «Ա­նա­ռակ որ­դի»ին ա­ռա­կը։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նի­քը յա­ճախ տար­բեր գա­ղա­փար­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ, ա­նո­րո­շու­թեան կը մատ­նէ շա­տե­րը։ Ար­դա­րեւ ո­մանք հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նի­քի ստու­գա­նի­շը կը տես­նեն գի­տու­թեան աս­տի­ճա­նին մէջ, ու­րիշ­ներ որ­պէս չա­փա­նիշ կ՚ըն­դու­նին ա­նոր մարդ­կա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«ՄԵՍՐՈ՜Պ, հայ դա­րե­րու
դի­մաց կե­ցող՝
Դուն ա­դա­ման­դեայ ա­պա­ռաժ,
Դուն, մա­նուկ­նե­րու մերկ
ու­ղե­ղէն
Մին­չեւ հան­ճա­րը ցոլ­քեր
ցա­նող,
Գի­տակ­ցու­թեանց ան­գիւտ
փա­րոս…»։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱ­ՌԵԱՆ

Եր­ջա­նիկ եմ, որ այդ հե­ռա­ւոր եւ հա­յա­շատ վայ­րե­րում` հայ թա­տե­րա­կան ա­րուես­տի հիմ­նար­կու­թիւն մը կայ եւ ո­րի ձեռ­նար­կող­նե­րից
մէ­կը նոյն աղ­բիւ­րից դաս­տիա­րա­կուած մի ե­րի­տա­սարդ է ինչ աղ­բիւ­րից դաս­տիա­րա­կուած եմ ես։
ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Վատիկանի հետ կապի մէջ է Սրբազան Պապի այցի կազմակերպման համար:
Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարուիլը կը նախատեսուի 2017 թուականին, իսկ այս տարուան Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անցեալ տարուան գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրները հրապարակուած:

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ցա­ւա­լի դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րէկ, ժա­մը 13.00-ի սահ­ման­նե­րուն, Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մօտ, պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սի մէջ հրա­ցա­նով սպան­նուե­ցաւ զի­նուոր մը՝ Դա­ւիթ Տէր­տէ­րեան (1999)։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ այ­ցե­լեց Պա­քու, ուր շփում­ներ ու­նե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016

Մայրաքաղաքի սահմռկեցուցիչ պայթումէն վերջ, Թուրքիա ցնցում կ՚ապրի նաեւ տասը նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով՜
Տավուտօղլու. «Պիտի փոխադարձենք ամենաճիշդ պահուն, ամենաճիշդ միջոցով»՜
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ հինգ երկիրներու Անգարայի դեսպանները հրաւիրուեցան Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Հաֆթանինի դէմ հարուածներ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Միջին Արեւելքի նշանաւոր երգչուհին, որու խորհրդանշած կերպարը կը համընկնի տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու երաժշտական ճաշակին: Առինքնող ձայն մը, որ կը հասնի մարդոց սրտի խորքին՝ փորձառութեամբ, համակրանքով, զգայնութեամբ ու մակարդակով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016

Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) նախաձեռնութեամբ այս շրջանին օժանդակութեան արշաւ մը կազմակերպուած է ի նպաստ սուրիահայութեան։

Էջեր