Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հպարտութեան մասին յաճախ կը խօսինք, քանի որ ան մարդ էակին կեանքին անբաժան մէկ զգացումն է, եւ կարելի է հանդիպիլ անոր ամէնուրեք։ Հպարտութիւնը՝ պարծանք, գոռոզութիւն, պատուի զգացում մըն է, որ կը նմանի աւազի վրայ հաստատուած՝ առանց հիմնաքարի բարձրացած շէնքի, որ ի վերջոյ քարուքանդ ըլլալու, փուլ գալու դատապարտուած է։
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած պասքեթպոլի դասընթացքին մասնակից փոքրիկները երէկ ապրեցան յատկանշական օր մը։ Պաքըրգիւղի մէջ, Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրէն ներս, «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզադահլիճի երդիքին տակ անոնք պիտի իրականացնէին իրենց հերթական պարապմունքը։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցան բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները, որոնք յարակից Էսաեան վարժարանի հիմնադիրներն են։ Այս առթիւ Էսաեանի ընտանիքը հերթական անգամ իր խոնարհումը բերաւ հիմնադիր հարազատներու բարի յիշատակին առջեւ ու վերանորոգեց անոնց նկատմամբ երախտագիտական զգացումները։
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները առիթ հանդիսացան մեծ խանդավառութեան:
Աշակերտները օրուան յայտագրին ընթացքին հանդէս եկան «Յիշենք անցեալը, կերտենք ապագան» կարգախօսով՝ շեշտելով հայ դպրոցին առաքելութիւնը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ անդրադարձաւ շարք մը հրատապ համայնքային հարցերու:
«Յովակիմ 1461» նորահաստատ հիմնարկի պաշտօնական վաւերացումը վերջնականօրէն ապահովուեցաւ: Պատրիարքարանը անվճար պիտի կատարէ մէկ քահանայով յուղարկաւորութիւններն ու մկրտութիւնները: Ընդհանուր Փոխանորդը կը խոստանայ կրթաթոշակներ:
Շաբաթավերջին Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ ՃՀՓ-ի հերթական համագումարը։ «Աթաթիւրք» մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՃՀՓ-ի համագումարը, որու արդիւնքին Քեմալ Քըլըչտարօղլու վերընտրուեցաւ կուսակցապետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսէլ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհուրդի 16-րդ նիստին։
Կիլիկիոյ Լեւոն Ա. հայոց թագաւորի (1198-1219) գահակալութեան շրջանին պատկանող հայկական ծայր աստիճան հազուագիւտ ոսկէ մետաղադրամ մը առցանց աճուրդի մը արդիւնքին վաճառուեցաւ 40 հազար ամերիկեան տոլարի փոխարժէքով։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եգիպտոսի նորանշական դեսպան Թարըք Մաաթին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պաշտօնական արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին Սերժ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ դեսպանին, որ իր հերթին խոստացաւ առաւելագոյնը ընել՝ նպաստելու համար հայ-եգիպտական համագործակցութեան զարգացման։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ ծաղիկներ թողուց Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ:
Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ բաժնած են Թուրքիոյ ցաւը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերուն լրատուական գործակալութիւններ ուշի ուշով հետեւեցան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կենատի Կաթիլովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութեան պատասխանատուներէն՝ Անն Փիթըրսընի միջեւ ընթացած հանդիպումներուն:
Շթայնմայէր Վիեննայի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Ճէյմս Ուորլիք դրական տպաւորութիւններ փոխանցեց Լոնտոնի շփումներուն կապակցութեամբ:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց համակիր տիկիններու ոգեւոր ճաշկերոյթ մը, որու մասնակիցները միասնաբար ողջունեցին 2016 թուականի տարեմուտը։ Ֆլորիայի «Քաշըպէյազ կալա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս բազմահոծ հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Գալֆաեան Տան խումբ մը աշակերտներ երէկ խմբագրատունս այցելեցին, իրենց տնօրէնուհիին եւ ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ։ Փոքրիկները փութացած էին շնորհաւորելու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։ Անոնց այցելութիւնով խմբագրատանս մէջ իսկապէս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ մը։
Նիւ Եորք քաղաքի սրտին վրայ կառուցուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդանիստ գեղակերտ Ս. Վարդան մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստ-ւածայայտնութեան տօնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ Էսաեան վարժարանը մեր ամենակարեւոր հաստատութիւններէն մէկն է։ Էսաեան վարժարանը հանդիսացած է իրական կրթական օճախ մը, ինչպէս նաեւ մշակութային անդաստան մը եւ լոյսի կեդրոն մը՝ հայ տունին, հայ ընտանիքին համար։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ ձեռնարկ։
Աւետարանական առաքելութեան, հոգեւոր շարժման եւ կրօնական զարթօնքի խաչմերուկը՝ Պըրպենքի դիտանկիւնէն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիի ներկայացուցիչ եւ «Ամալ» կուսակցութեան քաղաքական դիւանի ատենապետ Շէյխ Հասան Նասրի՝ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Նապիհ Պըրիի եւ «Ամալ» կուսակցութեան բարեմաղթութիւնները:
Երեւան կը նախատեսէ շարունակել ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստան լայնածաւալ բարեփոխումներու նոր փուլի մը կը մտնէ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցերով աւագ տնօրէն եւ Նախագահ Պարաք Օպամայի գլխաւոր օգնական Չարլզ Քափչան երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը այս շրջագծով հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։