Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ճաբոնի Վարչապետ Շինզօ Ապէն։ Եըլտըզի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։
Անգլիոյ Պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆալոն երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Անթալիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը սկսի G-20-ի գագաթաժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ աշխարհի բոլոր յառաջատար երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ եկած են Թուրքիա։ Փարիզի երէկուան ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով Ֆրանսայի Նախագահ Օլանտ վերջին պահուն ջնջած է մասնակցութիւնը։
«Պիլկի» համալսարանի Տոլափտէրէի մասնաճիւղէն ներս շահեկան խորհրդաժողով:
Վինկասի առաջնորդած ծրագրով շօշափուեցան ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները՝ արտայայտութեան ազատութեան եւ ատելութեան ատենաբանութեան հակասութիւններուն մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական պատերազմին մասնակից բոլոր կողմերը մեծ ուշադրութեամբ պիտի հետեւին Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ կայանալիք միջազգային ժողովին: Քաղաքական լուծումներու բեմահարթակի գլխաւոր դերակատար դարձած Մոսկուա մինչ կը շարունակէ հրթիռարձակումներ կատարել յատկապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS) կարեւորագոյն կեդրոնները եւ ատոր համընթաց կը նախապատրաստէ քաղաքական լուծումներուն թղթածրարը:
Փարիզի մէջ երէկ երեկոյեան եօթ տարբեր կէտերու վրայ ապրուեցան համաժամանակեայ ահաբեկչական յարձակումներ, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի հարիւրյիսունի սահմանին։
Ֆրանսան «Շարլի Էպտօ»ի տարեմուտի դէպքէն վերջ ցնցուեցաւ անբաղդատելիօրէն աւելի ծանրակշիռ եւ աննախընթաց վայրագութիւնով մը: Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ յայտարարութիւններ ըրաւ անվտանգութեան լայնածաւալ միջոցներու մասին։
Երկրէն ներս հռչակուեցաւ արտակարգ դրութիւն։ Փակուեցան նաեւ սահմանները։ Կառավարութեան արտահերթ ժողովը գումարուեցաւ՝ միջազգային մեծ զօրակցութեան մը մթնոլորտին մէջ։
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած եզակի համերգ մը, որ խոր տպաւորութիւն գործեց երաժշտասէրներուն վրայ։ «Կոմիտասի հետ երկխօսութիւն» խորագրեալ այս ձեռնարկին ընթացքին թէ՛ ոգեկոչուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետը եւ թէ ունկնդիրները հերթական հնարաւորութիւնը ունեցան հաղորդ դառնալու անոր ժառանգութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակով, Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուեցաւ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր։ Այս տարի Ս. Գեղարդը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար պիտի իջեցուի Նոյեմբերի 28-ին եւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի ուխտաւորներուն երկրպագելու Սուրբ Նշանին եւ համբուրելու՝ հայց մատուցելու առ Աստուած, որպէսզի Տէրը հոգիի եւ մարմնի բժշկութիւն, հաւատքի ամրութիւն եւ արիութիւն շնորհէ անոնց։ Սուրբ Գեղարդը Մայր Տաճարի մէջ պիտի մնայ մինչեւ նոյն օրուան երեկոյեան ժամերը։
Երէկ, յետմիջօրէին Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցին օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Հարկ է նշել, որ անանուն բարերարի մը աջակցութեամբ մեր այս պատմական եկեղեցւոյ խորանը վերանորոգուեցաւ վերջին շրջանին։
«Քինօ քոնկ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու արտադրակազմը վերջերս ներկայացուց այն գործերը, որոնք նկարահանուած էին ներկայ տարուան ընթացքին։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ցուցադրութիւնը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն մը։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գայթակղութիւն» կը նշանակէ՝ չար օրինակ ըլլալ, մեղքի առիթ տալ։ Ան կը նշանակէ նաեւ՝ խայտառակութիւն։
«Գայթակղութիւն» բառը Սուրբ Գիրքի մէջ գործածուած է ընդհանրապէս «չար օրինակ հանդիսանալ» եւ «ուրիշի մը մեղք գործելուն առիթ ընծայել» իմաստներով։
Միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքը այս տարի պիտի սկսի յառաջիկայ Երկուշաբթի։ 19-րդ անգամ կը կազմակերպուի հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը, որուն այս տարի մասնակցութիւն կը բերէ տասներկու միութիւն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շրջանին շփումներ պիտի ունենան Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան առաջին անգամ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Մոսկուայի մէջ՝ հիւրընկալուելով «Ռեկնում» գործակալութեան կեդրոնէն ներս:
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբեր Դաւիթ Պապայեան նախընթաց օր անդրադարձաւ զուիցերահպատակ սփիւռքահայ յայտնի գործարար ու բարերար Վարդան Սըրմաքէշի դէմ «Էնթերփոլ»ի միջոցաւ միջազգային հետախուզում յայտարարուելուն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ճառագայթող տեղն ու արժէքը ունի բժշկագիտական մտքի հայ հսկան՝ Մխիթար Հերացին, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշուի Նոյեմբեր 11-ին։
Կրասնոտարի հայկական կեանքը տարուէ տարի կ՚աշխուժանայ եւ կ՚որակաւորուի՝ ի հեճուկս աշխարհաքաղաքական ոչ այնքան բարենպաստ միտումներու: Մերթ ցաւ կը զգաս, գիտակցելով, որ ատիկա մասամբ Մայր հայրենիքէն շարունակուող արտագաղթի հաշուին է, մերթ ալ կը մխիթարուիս, որ հայրենասիրական տրամադրութիւնները անվիճելի վերելք կ՚ապրին, եւ վերադարձներու բերքառատ ժամը երբեւէ կ՚այցելէ Աւետեաց երկիր:
Աննա Գէորգեան կը տեղեկացնէ մեզի.-
Հայաստանի սենեկային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար, գլխաւոր խմբավար եւ դաշնակահար Վահան Մարտիրոսեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Հարպիէի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի համերգրասրահին մէջ: Համերգի ընթացքին ան կատարեց Ֆ. Շոփէնի եւ Ֆ. Շուպերթի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները:
Անգարայի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ արտասահմանէն շարք մը բարձրաստիճան այցելուներ։ Ճաբոնի Վարչապետ Շինզօ Ապէ շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ՝ ընդունուելով Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը մեկնաբանեց Հայաստանի տնտեսութեան ընդհանուր վիճակը։
Ռիչըլտ Միլս խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանի փակ մնալու հանգամանքի հետեւանքներուն մասին։