Արխիւ
Մայրաքաղաքի ահաբեկչական վերջին դէպքը բաժակը յորդեցուց. Անգարայէն վճռական քայլեր:
Թուրքիա ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի Սուրիոյ կառոյցները ոչնչացուց անօդաչու թռչող սարքերով կազմակերպուած գործողութեամբ:
Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ լուսահոգի Արա Կիւլէրի թողած ժառանգութիւնը այնքան մեծ է, որ զանազան առիթներով կը շարունակէ ներշնչանքի դուռ բանալ, նաեւ մերօրեայ հասարակութեան աչքին վերակենդանացնել զանազան կերպարներ։
Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ կառուցած է՝ 19 նոր զօրամաս եւ 140 մարտական կէտ:
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ ամսավերջին պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
...Եւ Արցախը կրկին դարձաւ Ղարաբաղ...
Իրողութիւն մը.-
վշտալի եւ անհաւատալի, նոյնքան ալ՝ հաւատալի եւ իրական:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
19-րդ դարու ամենահեղինակաւոր ռուս գրողներէն Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքին մոսկուացի բժիշկի մը որդին էր։ Ան հասակ առած էր հոգեբուժարանի մը մէջ եւ կը տառապէր լուսնոտութենէ, նաեւ խաղամոլ էր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամենահին ժողովուրդներ եւ ազգեր, մինչեւ իսկ մտաւոր եւ բարոյական զարգացման ամենաստոր աստիճանի վրայ գտնուող ժողովուրդներ եւ վայրենաբարոյ ցեղեր, ամուսնութիւնը միշտ համարած են իբրեւ սուրբ, բարոյական կապ երկու ամուսինի՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ յստակ ձեւով տարբերութիւն մը կայ 2019 թուականի եւ 2023 թուականի Հայաստանի միջեւ։ Այդ յստակ փոփոխութիւնը իր դրականին կողքին ունին նաեւ իր ժխտական կողմերը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մասիս Գույումճուի։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր ու հետաքրքրական գիրք մը, որ կը կոչուի «Dersaadet»։ Միքայէլ Աստերիսի հեղինակած այս գործը գերմաներէնէ թրքերէնի թարգմանուած է Զէյնեփ Թաշքընի կողմէ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը պաշտօնապէս տեղեկացուց եպիսկոպոս ձեռնադրուելիք միաբաններուն անունները։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբազնութիւն Ճասթին Ուէլպին։
Լեհաստանի կողմէ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկուեցաւ Հայաստան՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայոց կարիքներու դիմագրաւման նպատակով։ Երէկ երեկոյեան օժանդակութիւնը փոխադրած օդանաւը հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։
Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ որոնումները ներկայիս բաւական հեռու են յոյս ներշնչելէ։ Արցախի ամբողջական հայաթափումէն վերջ Պաքու-Երեւան առանցքին վրայ երկխօսութիւնն ալ կը կաղայ լրջօրէն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Յունաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Խումբին ուղեկցեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ ամենանշանաւոր հայրերէն մէկը՝ որ միանգամայն սուրբերու կարգին կը գտնուի իր առաքինի եւ ճգնակրօն վարքին համար, կը հանդիսանայ Յովհան Իմաստասէր Օձնեցին, որ երբեմն կոչուած է նաեւ սոսկ Իմաստասէր կամ Օձնեցի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Համացանցն ու լրատուական միջոցները երէկ ողողուած էր զիրար հակասող պատկերներով, որոնք կը ստիպեն լրջօրէն մտածել սոյն խնդիրին մասին. հայը երբեւէ պիտի կարենա՞յ հաշտ ապրիլ իր դարաւոր թշնամիներուն հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2013-ին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը հրատարակած է «Անդրանիկ կոնդակներ - Սահմանադրական շրջանի պատրիարքներու» հատորը: Հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանը (ներկայիս՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան):
ARA KOÇUNYAN
ERVAB ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi Vakfı Yönetim Kurulu Başkanı Bedros Şirinoğlu ile 2023-2024 dönemi başlangıcında Türkiye Ermeni toplumsal yaşamının sıcak gündemiyle ilgili ufuk turu.
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ: Հիւանդին սպառնացող վտանգը: Ընտանիքին սպառնացող վտանգը: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը ժառանգներուն վրայ (վիժում, երեխաներու մահացում):