Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ գերբնական ազատութիւն մը։ Արդարեւ, մարդ այնքան ազատ է, որքան ան օրինապահ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր հայկական իրականութենէն ներս գոյութիւն ունի ցաւալի երեւոյթ մը, որ յաճախ կը փորձենք արդարացնելու համար «դիւանագիտութիւն» անուանել, վստահ ըլլալով որ այդ մէկը սեփական շահերու ապահովութիւն տալէ բացի ուրիշ բանի չի ծառայեր:
Շիշլի մարզակումբէն այս օրերուն դարձեալ դրական լուրեր կը հասնին։ Այսպէս, ի շարունակութիւն ակումբի վարչութեան հետեւողական ջանքերուն՝ Շիշլիի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի կազմերը կը բաղկանան ակումբէն հասած մարզիկներէ։
Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Աւստրիոյ աւագ հիւպատոսութեան Մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան աւանդական համերգին։ Հիւպատոսարանի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն հետեւեցան կոկիկ թիւով երաժշտասէրներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Համայնքային վարժարաններու այժմու կամ վաստակեալ խումբ մը տնօրէններ վերջերս ընթրիք մը կազմակերպեցին՝ ի պատիւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի։ Ծանօթ է, որ Արփի Մանուկեան բազմամեայ պաշտօնավարութենէն վերջ հերթը փոխանցած էր դպրոցի այժմու տնօրէնուհիին՝ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան գործընթացէն ներս վաղը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ընտրութիւնը։ Սպիտակ եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի մէջ են այս մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար։
Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարման մէջ։ Փակ է Լաչինի միջանցքը եւ անորոշ սպասումը կը շարունակուի ամբողջ հայաշխարհէն ներս։
Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ.-
Այս առաւօտ սկսաւ Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը՝ որոշ դժուարութիւններով:
Պիւյիւքտէրէի ընտրական մարմինը կը սահմանափակէ համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչներուն աշխատանքը:
Նպատակի մը հասնիլը միթէ դիւրի՞ն գործ է։ Կեանքը ռազմավարութիւն մը կ՚ենթադրէ թէ՛ անհատին եւ թէ հաստատութեան համար։ Ռազմավարութիւնը թէեւ բարդ բան է, սակայն անոր առանցքը կը կազմեն պայքարը, կամքը, յամառութիւնն ու վճռակամութիւնը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ, որպէսզի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ»։
(Երկրորդ Օրինաց 30:19)
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընթացիկ տարուան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կարեւոր պատկերի մը մասին խօսեցան։ Խօսեցան փոքր համայնքներու (մասնաւորապէս քրիստոնէական թեւի) քանակական անկումին մասին։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 38.1-8:
Պօղոս առաքեալին Եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն 1.1-14:
Ղուկասի Աւետարանէն 17.1-10:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս ընդհանուր իրաւաբանութեան մէջ կան կարգ մը օրէնսդրական աղբիւրներ, եկեղեցական իրաւաբանութեան մէջ ալ կը գտնուին աղբիւրներ՝ որոնց գլխաւորներէն են «աւանդութիւն»ը եւ «սովորութիւն»ը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը քալեմ Երեւանի փողոցներով եւ կը նկատեմ, թէ բոլոր սրճարանները, զուարճութեան վայրերն ու ճաշարանները լեցուն են օտարներով՝ մեծ մասամբ ռուսերով, որոնց համար կեանքը յաճախ աւելի արդար եղած է՝ քան մերը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ապրիլ 24-ին, հայութեան համար «բախտորոշ» օր մը, ծնայ Լիբանանի մէջ եւ ծնողքս որոշեց սէր եւ ուժ բառերը միացնելով անուանել զիս: Կարծեմ այդ օրուընէ իմ ճակատագիրը որոշուած էր, որ ես շատ պէտք է սիրեմ իմ ազգը, շատ պէտք է սիրեմ իմ հայրենիքը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ քիչ չէ՛ յոռետեսներու թիւը, որոնք սապէս կը խորհին. «Երանի՜ թէ տգէտներուն թիւը շատնար։ Ի՞նչ կը շահի եւ ի՞նչ օգուտ կը քաղէ աշխարհ գիտուններէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ մօր մասին բանաստեղծութիւն լսա՞ծ էք. եթէ այո, ապա վստահ կրնաք ըլլալ որ անոնց հեղինակները հին սերունդի պատկանող ներկայացուցիչներ են՝ մեծ մասամբ յաւիտենականութեան մաս կազմողներ, որովհետեւ ներկայիս եւ ներկան յաջորդող ժամանակահատուածին դժուար թէ գրուին մօր մասին բանաստեղծութիւններ՝ մանաւանդ երբ այս աստիճան աղաւաղուած է «մայր» հասկացողութիւնը մեր իրականութենէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Չեխիոյ աւագ հիւպատոս Ժիրի Չեսթեսքին։ Մօտեցած ըլլալով իր դիւանագիտական առաքելութեան վերջաւորութեան՝ ան հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան: