Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

​Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկուեցան Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները։ Օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան թէ՛ կառավարութեան եւ թէ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստերը։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ­կա­կան սփիւռ­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տքթ. Անդ­րա­նիկ Տա­գէ­սեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Պո­լիս։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի տնօ­րէն Տիգ­րան Զար­գա­րեա­նի հետ ան Պո­լիս ե­կած էր՝ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի հրա­ւէ­րով

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանը կը շարունակէ արձագանգ ստեղծել զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Ի շարունակութիւն թրքական լրասփիւռներու վերջին օրերու հաղորդումներուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը կ՚արժանանայ նաեւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

​Մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռը՝ Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան, որ վերջին օրերուն Սամաթիոյ ընտանիքի հրաւէրով այցելած էր քաղաքս, երէկ գիշեր վերադարձաւ Երեւան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան Սամաթիոյ մէջ մասնակցեցաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի հաստատման 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկներու շարքի եզրափակիչ փուլին։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Թամար Ներկիսի կողմէ նախընթաց օր ստացանք շնորհակալութեան նամակ մը։ Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին հասցէագրուած այս նամակը ունի շնորհակալագրի մը բնոյթը։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Սե­րունդ­ներ կու գան ու կ՚եր­թան, 
եր­բեմն ան­հետք, 
եր­բեմն բա­րի, 
եր­բեմն ալ չար յի­շա­տակ­նե­րով: 

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս Երեւանի մէջ ուշագրաւ աշխատութիւն մը լոյս տեսաւ՝ «Բառարան Վանի բարբառի» խորագրով, որու հրատարակութեան օժանդակած է «Վասպուրական» հայրենակցական միութիւնը: Գիրքը լոյս տեսած է հայագէտ, բարբառագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Լեզուի կաճառի աշխատակից Հայկանուշ Մեսրոպեանի աշխատասիրութեամբ, որ պատրաստուած է հայ պատմաբան, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յարութիւն Թուրշեանի՝ 1959-ին գրած ձեռագիրներուն հիման վրայ:

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը՝ Յունուար 6-ին։ Տօները, ընդհանրապէս կը տօնուին եւ այդ օրը իսկ կը վերջանայ մարդոց հետաքրքրութիւնը, խանդավառութիւնը եւ դժբախտաբա՛ր մոռացումի կ՚ենթարկուին մինչեւ յաջորդ օրը՝ տօնախմբութեան, որ կը նշանակէ՝ յաջորդ տարի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Առաջաւորաց պահք»ը կը հաշուուի Զատկին հետ համեմատելով եւ անոր հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունենալով՝ Յունուար 11-էն մինչեւ Փետրուար 15։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ոգեկոչեց անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանը։ Հայ մշակոյթի այս մեծ նուիրեալը վերյիշուեցաւ՝ մասնակցութեամբ իր անուանակից թոռան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վարժարաններու սաները վերջին օրերուն այցելեցին մայրաքաղաք:
Զէքիեան Գերապայծառին կողմէ գլխաւորուած խումբը Անգարայի մէջ ունեցաւ անմոռանալի տպաւորութիւններ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգի Լիւպէք քաղաքին մէջ գտնուող պատմական շինութիւնը փոթորիկի պատճառով յայտնուած է Գանատայի տարածքին մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութներու ցանցը եւ Արարատեան Հայրապետական թեմը Սիրահարներու տօնին ընդառաջ նախաձեռնած են «Իմ գաղտնի գրքասէր. սիրոյ խոստովանութիւն գիրքով» միջոցառման։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճեանը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս երկխօսութիւնը կը շարունակուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

TRT-ի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին տեսագրութեան համար:
Յոբելեանի առթիւ հարցազրոյց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Աֆրին եւ Մենպիչէն սկսեալ Սուրիոյ ահաբեկչական լծակները պիտի ցրենք»:
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ զանազան մակարդակներու վրայ տեղի կ՚ունենան շփումներ, փոխանցուած պատգամները վերջնականօրէն ժխտական չեն, սակայն յստակութիւն չկայ:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան այսօրուան ժողովներուն ընթացքին կը ճշդուին Թուրքիոյ՝ ներկայ փուլի առաջնահերթութիւնները:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Հե­ղի­նակ՝ ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ
Կը ներ­կա­յաց­նէ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանին բազմավաստակ ծառայութեան պտղաբեր արդիւնաւորութիւնը անուրանալիօրէն անջնջելի եւ սրբադրոշմ կնիքով լուսաւորեց Հայ Եկեղեցին՝ հարստացնելով անոր հոգեմտաւոր գանձարանը։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Աֆրինի գործողութիւնները կրնան սկսիլ ամէն պահ»:
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները անխուսափելի եւ անհեռանկար լարուածութեան մը ծնունդ տուած են Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու պիտի տեսակցի Թիլըրսընի, իսկ զօրավար Հուլուսի Աքար՝ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ:

Էջեր