Արխիւ
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Գողութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.15)
Ընկերականութեան մէջ ո՛չ միայն անիրաւ է գողը, որ ուրիշներուն զրկանք կը հասցնէ եւ շատ անգամ մեծ նեղութեան մէջ կը ձգէ, այլեւ՝ աստուածային Նախախնամութեան դէմ ապստամբ է, որու հոգացողութիւնը եւ խնամքը կ՚ուրանայ. հասարակութեան դէմ ապստամբ է, որ միայն փոխադարձ վստահութեան մէջ խաղաղութեամբ կը վայելէ աշխատանքներուն պտուղը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առողջ «հանրային կարծիք» մը կարեւոր դեր կը խաղայ ընկերային կեանքի զարգացման մէջ։ Եւ ուրեմն առողջ հանրային կարծիքի մը կազմութեան եւ զօրացման համար ի՞նչ գործօններու կը կարօտի հասարակութիւն մը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ։ Դռըն-փակ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս։
«Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 38-րդ հատորի ներկայացման առթիւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ:
Մատենադարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած շնորհանդէսը համախմբեց գիտական շրջանակներէ դէմքեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
3000 հայաստանցիներ եւ... 1500 սուրիահայեր…
Հայութեան հաւաքական հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս կան այնպիսի նիւթեր, որոնք կը համարուին «թապու». օրինակ՝ Եւրոպա ապրող եւ «մի կերպ» գոյատեւող հայ փախստականներու հարցը։
«Թրքական հոսք» խողովակաշարի ծովու յատակի բաժնի շինարարական աշխատանքները աւարտեցան:
Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան արդիւնքները ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կը պայմանաւորեն ամբողջ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները: Իսթանպուլի երէկուան հանդիսութեան ընթացքին Էրտողան եւ Փութին միասնաբար կարեւոր պատգամներ փոխանցեցին միջազգային հանրութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան նախընթաց օր այցելեց «Մուրացան» համալսարանական հիւանդանոցը, ուր բուժում կը ստանան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ։ Սա Հայաստանի կարեւորագոյն բժշկական մասնագիտական հաստատութիւններէն մին է։
«Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 38-րդ հատորին համար ծանօթացման շահեկան հաւաքոյթներ:
Արցախի Պետական համալսարանի եւ Երեւանի Մատենադարանի մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնները փայլուն անցան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իտալիա։ Հռոմի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ Ազգային հետազօտութիւններու խորհուրդի նախագահ Մասսիմօ Ինկուշոյի հետ։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը օրակարգի վրայ եկաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի ժողովի ընթացքին:
Կիրակոսեան. «Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու կարգավիճակը լուծման առանցքային հարցեր են»:
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցան Սամաթիոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-րդ կրկնակ տարեդարձները։
Ներկայ շաբթուան տեւողութեան Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան հերթական ժողովը։ Յառաջիկայ հինգշաբթի, 22 նոյեմբերին նախատեսուած են բանակցութիւնները, որոնց առթիւ Թուրքիա պիտի այցելեն Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար ու Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չի կրնար ողջունել եկեղեցւոյ պառակտման ուղղեալ քայլերը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը Նովոսիտիսկի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Ուքրայնայի Ուղղափառ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամ արտահերթ ընտրութիւններ…
Բաւական հանգիստ մթնոլորտի մը մէջ Հայաստան մուտք գործեց արտահերթ ընտրութիւններու նախընտրական փուլը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Իւրաքանչիւր հոգեւորական իր կեանքը ի սպաս կը դնէ Եկեղեցւոյ ծառայութեան, երբ ներքին ձայն մը զինք կը կանչէ։ Այդ ձայնը կոչումն է։ Հաւատքի այդ զգացողութեան գերագոյն պահը, երբ քրիստոնեայ մարդը իր մէջ այնքան զօրեղ կը զգայ ծառայելու զգացումը եւ կը հետեւի Քրիստոսի հրաւէրին, երբ Ան կը պատգամէ. «Վերցուր խաչդ եւ ինծի հետեւէ»։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ յետմիջօրէին գրական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ Օննիկ Ֆըչըճեանի։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ համախմբեց կոկիկ թիւով գրասէրներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հպարտութի՞ւն թէ խոնարհութիւն, ո՞րն է որ մարդս կ՚ազնուացնէ իր փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Հպա՞րտը թէ խոնարհը յարգ եւ պատիւ կը վայելէ, կամ ըսենք, ո՞ր մէկը աւելի համակրանք կը ստեղծէ ընկերութեան մէջ։
Այն ինչ որ պէտք է ըլլայ, ինչպէս շատ մը հարցերու մէջ, գործնականութեան մէջ չի պատահիր ընդհանրապէս, եւ տեսլականին կամ գաղափարականին չի յարմարիր գործնականը։
Յունաստանի մէջ նախատեսուած Սահմանադութեան փոփոխութիւններու ծիրէն ներս պետական ու կրօնական գործերու տարանջատման ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերը կը շարունակեն զբաղեցնել հանրային կարծիքի օրակարգը։ Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Աթէնքի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի միջեւ այս ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութիւնը արդէն նոր մարտահրաւէրի մը վերածուած է։
Էմինէօնիւի պատմական Եգիպտական շուկայի Գործարարներու միութեան ղեկավարութիւնը վերջերս հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինին, որ ներկայիս նշանակուած է Անգարայի կուսակալ։