Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

Ամերիկահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Ճորճ Տէօքմէճեան կնքեց իր մահկանացուն։ Անցեալի մէջ Տէօքմէճեան եղած էր հայաշատ Գալիֆորնիոյ նահանգապետը եւ այդ պաշտօնավարութեան տարիներուն մարմնաւորած կերպարով դարձած էր անմոռանալի՝ ամերիկեան քաղաքական կեանքէ ներս։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Մուհարրէմ Ինճէի հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեան ստացաւ իր ասան՝ ձեռամբ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի: Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան յանձնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը:

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետը երէկ անդրանիկ մամլոյ ասուլիսը սարքեց Ստեփանակերտի մէջ, ուր տուաւ առաջին այցը:
Նիկոլ Փաշինեան. «Փոխզիջումներու մասին կարելի է խօսիլ՝ երբ Պաքուն ըսէ, որ պատրաստ է ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը»:

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն Սան Խոսէի պետական համալսարանի պատուիրակութիւնը։ Խումբի գլուխը կը գտնուէր համալսարանի վերատեսուչ Մարի Փափազեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

Շիշլի մարզակումբը վերջերս ճատրակի մէջ ունեցած է շարք մը կարեւոր յաջողութիւններ։ 2017-2018 շրջանի Իսթանպուլի փոքրերու եւ աստղերու մրցաշարքերուն մէջ շիշլիցիները դասուած են դափնեկիրներու շարքին։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի համար քաղաքական իրարանցումի եւ փոփոխութիւններու վերջին օրերուն աննկատ մնաց մշակութային կարեւոր իրադարձութիւն մը՝ այդ օրերուն Հայաստանը փայլուն կերպով ներկայացաւ Մալթայի Միջազգային երաժշտական փառատօնին:

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

Գրաբարէն աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

Մայիս ամիսը քրիստոնեայ աշխարհին համար յատկանշական է անով, որ այս ամիսը ան նուիրած է Ս. Մարիամ Աստուածածինին: Սխալ կարծիք կայ այն մասին, թէ Կաթոլիկ Եկեղեցին շատ աւելի մեծ կերպով յարգանք կը տածէ Մայրիկ Աստուածածինին նկատմամբ, քան միւս եկեղեցիները:

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւետարանը կը վկայէ, թէ աշակերտները զարմացած կը նայէին երկինք, կ՚ուզէին հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս համբարձաւ Քրիստոս։ Եւ հարց մը կը գոյանար իրենց մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք էր, որ համբառնար Քրիստոս, քանի որ Անոր հետ ըլլալ, Անոր հետ ապրիլ մեզի համար հանգիստ եւ ապահով էր. ապա ուրեմն ինչո՞ւ Ան համբառնալու պարտաւորուեցաւ…»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լրջամիտ մարդոց համար, որոնք իրենց ամբողջ խորհուրդը կը չարչրկեն՝ գիրքի մը կամ գրողի մը իսկական հանգամանքը, եւ ստանձնած կոչումը եւ դերը ցուցադրելու կամ հրապարակելու համար, գնահատումը, իրապէ՛ս շատ դժուարին գործ մը կը հանդիսանայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կ՚ապրուի մեծ եռուզեռ: Մայիս ամսուան ընթացքին վարժարանի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենան զանազան ձեռնարկներ. ինչպէս՝ տօնակատարութիւններ, հանդէսներ, փառատօններ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Ատենապետ Կարապետ Մխալեան եւ իր վարչային ընկերները բացատրութիւններ տուին իրենց կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

Ընդհանուր փոխանորդը Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ խօսեցաւ պատրիարքական առկախեալ ընտրութիւնով պայմանաւորուած համայնքային փակուղիին մասին։
Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան. «Ես բոլորէն աւելի կ՚ուզեմ, որ ժամ առաջ ընտրուի նոր պատրիարք մը, որովհետեւ ամէն օր կը լսեմ անարգանքներ»։
Նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Պէյքոզի հարցին. «Այժմ աւելի մեծ կոյուղիի հոտեր կու գան, ապացոյցները հաւաքելու սկսած ենք՝ երբ որ ժամանակը գայ, պիտի հրապարակենք»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ արկածախնդրական քայլերու դիմել միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

Հայաստանի Ազգային ժողովին կատարած ընտրութեան հիման վրայ՝ Հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց հրամանագիրը Նիկոլ Փաշինեան գործի ձեռնարկելու զուգահեռ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներէն կը հասնին բազում շնորհաւորականներ։
Կառավարութեան կազմը կ՚ենթարկուի էական փոփոխութեան։ Երեւան կը շարունակէ յանձնառու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման համար՝ ըստ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքին։ Յառաջիկայ ընտրութիւններու արդարութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ խոստումներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ Գումգաբուի կողմէ հրապարակուած այժմու պաշտօնական դիրքորոշումով մեր համայնքը նոր պատրիարք մը ընտրելու համար պէտք է սպասէ մինչեւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանին։ Անցեալ տարուան ալեկոծեալ ժամանակաշրջանէն վերջ որդեգրուած կամ պաշտօնապէս յայտարարուած դիրքորոշումը այսպէս է։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաւերացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նոր առաջնորդ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեանի ընտրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թեմական պատգամաւորական ժողովը անցեալ շաբաթավերջին հայր սուրբը կոչած էր առաջնորդի պաշտօնին՝ որպէս յաջորդը Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

Երեւանի մէջ կը սկսի հայկական գինիի լաւագոյն աւանդոյթներու զարգացման ու ներկայացման նուիրուած «Երեւանի գինիի օրեր» միջոցառումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջոցառումը Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ նախաձեռնած են «Արենի» փառատօն հիմնադրամը, որ տարիներ շարունակ կը կազմակերպէ Արենի գինիի փառատօնը եւ Աննա Մազմանեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018

Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ժողովը գումարուած է 720 թուին, Յովհաննէս Գ. Օձնեցի Կաթողիկոսի օրով ու նախագահութեամբ։ Հիմնական երկու նպատակ հետապնդած է.
Նախ վերջնական ձեւ տուած է եւ վաւերացնելով ընդունած է Յովհաննէս Կաթողիկոսի կազմած «Կանոնագիրք»ը։

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018

Հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ խաւիծի օրուան մասնակից շրջանաւարտներուն:
Մխիթարեան վարժարանի յարակից Բանկալթիի ընդարձակ շինարարութիւնը կը շարունակուի հարթ ձեւով եւ աւարտին պիտի հասնի յաջորդ տարուան Մարտին:

Էջեր