Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յիսուսի Ծնունդը հոգեւոր մեծ երջանկութիւն կը պատճառէ ամէն անոնց՝ որոնք կ՚անդրադառնան այդ աստուածային օրհնութեան արժանանալու՝ կենարար այս աւետիսին, եւ սրտանց կը մասնակցին այս եզական ուրախութեան։ Արդարեւ, աւետիսը երբ կը լսեն մարդիկ, կ՚ուրախանան եւ իրենց ուրախութիւնը կը վերածուի երջանկութեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018

Արմէն Սարգսեան ծաւալուն հանդիպումներով կը ջանայ զգալ հասարակութեան բազկերակը:
ՀՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուն դարձեալ պիտի տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները յառաջ կը տարուին լեռնային հատուածներու ռմբակոծումով:
Ահաբեկիչները կ՚ենթարկուին անդիմադրելի հարուածներու:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները քննարկեց իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ: Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռեքս Թիլըրսընի հետ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018

ՇԱՂԻԿ ՍՐՈՒՐԵԱՆ

Գծելն ու ներկելը մատչելի եւ հաճելի զբաղումներ են, որոնց համար պէտք չեն սուղ եւ արտասովոր պիտոյքներ, միայն պէտք ունինք ներկի, վրձինի ու թուղթի: Այդ պատճառով ալ շատեր կը նախընտրեն իրենց ազատ ժամերը անցընել գծելով կամ ներկելով:        

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սփիւռքահայ մամուլը ուսումնասիրողները քաջ գիտեն, որ մասնաւորապէս Պէյրութը հանդիսացած է այդ մամուլի արիւնատար երակներէն ամենէն նշանակալիցը: Պէյրութն է, որ վերջին շուրջ յիսուն տարիներուն խմբագիրներ տուած է ամբողջ սփիւռքին ու այսօր ալ պէյրութահայ մամուլը կը շարունակէ ապրիլ ու շնչել՝ դառնալ հայկական մամուլի դաշտի ամենաէական ներկայացուցիչներէն մին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ, կոչուած է նաեւ Իսահակ Պարթեւ, Մեծն Սահակ: Ներսէս Ա. Մեծ Հայրապետի որդին է: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի տան վերջին շառաւիղը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018

Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի սովորականէն քիչ մը աւելի կանուխ ապրեցաւ Բարեկենդանի ոգեւորութիւնը։ Անցեալ շաբաթավերջին, թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմին համար նախատեսուած էր Բարեկենդանի վաղ խրախճանք մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018

Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ այցելեց Սուրբ Յակոբ հիւանդանոց։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին քաղաքապետը, որուն կ՚ընկերանային քաղաքապետարանէն կարգ մը պաշտօնատարներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Hôtel du Collectioneur»ի շքեղ սրահներուն մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը:
Պատուոյ հիւրն էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, որ հաւասարակշռուած մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ քաղաքապետ Անն Իտալկօ մետայլով մը պարգեւատրեց երեսփոխան Կարօ Փայլանը: Փարիզէ ներս յառաջիկային պիտի բացուի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար:
Փորձագիտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղը՝ ներշնչուած Երեւանի օրինակէն:
Ֆրանսահայ համայնքի ընտրանին ընդգծեց զգայնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018

Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, վերջերս Անթալիայի մէջ կազմակերպուեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Փոքրերու եւ աստղերու տարիքային համեմատութիւններուն համաձայն կազմակերպուած էր այս մրցաշարքը, որու արդիւնքին փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց մեր համայնքէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018

Կը ներ­կա­յաց­նէ՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ըսուած խօսք է, թէ ընթերցումը շարժում, հոգեշարժ, սրտաշարժ, կեա՛նք, հաղորդութիւն է. երբեմն յուզում, երբեմն վերթեւում, երբեմն վերասլաց ձգտում, երբեմն խաղաղ վայելում, երբեմն բողոք ու ընդվզում, երբեմն խոկում ու որոնում, երբեմն գիւտ ու երջանկութիւն. գունաթափում, ո՛չ տափակութիւն, ո՛չ ինքնաժխտում, որովհետեւ մարդը ինքը կեա՛նք է եւ շարժում։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԵՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Եւրոպայի հնագոյն Հայ Եկեղեցին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցին կը նկատուի որուն հիմնադրութեան թուականը 1713 Հոկտեմբեր 26 արձանագրուած է պատմական ստոյգ տեղեկութիւններէն՝ գրուած Առաքել Սարուխանի «Հոլլանդան եւ Հայերը» երկասիրութեան մէջ եւ հրատարակուած Վիեննայի Մխիթարեաններուն կողմէ 1926 թուին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքը անարգել եւ անզուսպ ընթա՛ցք մըն է՝ որ կը սուրայ եւ չես գիտեր, թէ ո՛ւր կ՚երթայ եւ թէ ե՛րբ կանգ պիտի առնէ։ Կեանքը անծանօթ, անորոշ գնացք մըն է, եւ մարդ կը կարծէ, թէ ի՛նք ուղղութիւն կու տայ անոր, բայց կեա՛նքն է, որ կ՚որոշէ մարդուն նպատակակէտը այդ ընթացքին մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018

­ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Հարստութիւնը դարեր շարունակ մարդ արարածի ականչին հնչող ամենէն ցանկալի ու հեշտ բառերէն մէկը եղած է։ Շատեր կ՚ուզեն հարստանալ, որովհետեւ կը խորհին, թէ ստացուածքը կերպով մը աշխարհի դժուարութիւններուն դէմ դնելու միջոցը պիտի ըլլայ իրենց համար։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արտակ Քալանթարեան բնիկ երեւանցի է: Ան Հայաստանի դժուարին տարիներուն ստիպուած եղած է Միացեալ Նահանգներ գաղթել:

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս նոր ու գեղեցիկ աւանդութիւն մը ձեւաւորուած է Հայաստանի մէջ՝ տօնական օրերուն, թանգարաններէն կամ Մատենադարանէն կը հանուին տուեալ տօնին առընչուող մասունքներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ մօտէն ծանօթանալու օրուան խորհրդանիշ մասունքներուն հետ:

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ցաւերով, վիշտերով, տառապանքներով լեցուն այս կեանքին մէջ ո՜վ կարօտը չի զգար զուարթ եւ ժպտուն կեանքի մը։ Կեանքը միշտ ունի ելեւէջներ՝ երբեմն կը բարձրանայ, երբեմն կ՚իջնէ, երբեմն կը ժպտի, երբեմն ցոյց կու տայ իր խոժոռ, մռայլ դէմքը։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018

​Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կանանց առաջին կազմը այս եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցի աղջիկները իրենց դասաւորումը աւարտած են առաջին հորիզոնականի վրայ։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018

​2017-2018 կրթական շրջանի ձմրան արձակուրդի ներկայ փուլին, Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցին մէջ կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ։ 230 աշակերտներ հիւրընկալուեցան այս արձակուրդային նախագծին շրջագծով։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018

Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութեան կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Մխալեանի։

Էջեր