Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու շատ սիրուած ու յարգուած բարերարներէն մին՝ Անդրանիկ Բարունակեան։ Ան հազիւ 65 տարեկանին աչքերը փակած է կեանքին եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝ անժամանակ ձեւով հրաժեշտ առած իր սիրելիներէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած» բառը, հաւանաբար ամենէն շատ գործածուած բառերէն մէկն է, քանի որ մարդ իր ամենօրեայ կեանքին մէջ, զանազան առիթներով՝ աղօթելու ժամանակ, հոգեկան նեղութեան մը ատեն, դժուարութեան մը դիմաց, անակնկալի մը առջեւ կը յիշէ զԱստուած, կը բացագանչէ. «Աստուա՜ծ իմ»։ Մարդ, Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէ, Աստուծոյ անունը արտասանելով ինքզինք ապահով կը զգայ եւ Աստուծոյ վստահելով կը մխիթարուի, կը խաղաղի եւ կը հանդարտի հոգեպէս։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Անկարողութիւն» բառը այս յօդուածին մէջ, ինչպէս անգլերէն թարգմանութիւնը կը բացայայտէ, կ՚ակնարկէ մարմնական թերակատարութեան եւ ոչ թէ մտային կամ մասնագիտական անկարողութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունուար 9-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ իր հանճարեղ զաւակներէն Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 94-ամեակը։ Շարժանկարի արոոեստին բանաստեղծականութիւնն ու խորհրդապաշտութիւնը Փարաճանով մարդկութեան մատուցեց ամենայն գեղեցկութեամբ ու կենսայորդ տեսարաններով։
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի կը պատրաստուի այցելել Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հնարաւոր չէ մէկ փաստաթուղթով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ անհրաժեշտ է փուլային մօտեցում։
Գերմանիոյ հայոց թեմի թեմական խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանը կը փոխարինէ Տ. Սերովբէ Ծ. Վարդապետ Իսախանեան:
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցան բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիրները հերթական անգամ վերյիշուեցան բիւր յարգանքով եւ Էսաեան մեծ ընտանիքի երկիւղած զգացումներով։
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ շրջանաւարտներու աւանդական օրուան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գարակէօզեանի ընտանիքի ներկայացուցիչները Շաբաթ առաւօտ փութացին Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի շիրմին մօտ։
Համայնքային շրջանակները երէկ հերթական անգամ համախմբուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրին մէջ՝ այս անգամ զօրակցելու համար Կեդրոնական վարժարանին։
Վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան արդիւնքը գերազանցեց ակնկալութիւնները եւ որոշ չափով կ՚երաշխաւորէ անոր գործունէութեան կայունութիւնը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրաւէրով քաղաքս այցելած մտաւորականները երէկ հրաժեշտ առին քաղաքէս:
Տիգրան Զարգարեան եւ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան բարձր կը գնահատեն պոլսահայութեան հարուստ նախընթացները:
Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային համախոհութիւնը աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ ստեղծելու համար սահմանային անվտանգութեան միաւոր մը՝ 30 հազար զինուորէ բաղկացեալ:
«Ուաշինկթըն կ՚առնէ մտահոգիչ քայլեր, որոնք կրնան օրինականացնել ահաբեկչական կազմակերպութիւնները։ Այս կացութիւնը անընդունելի է»:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա կը պատրաստուի գործողութեան ձեռնարկել Աֆրինի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անորոշութիւնը կը շարունակուի...
Վերջին ամիսներուն հայկական լրահոսին գլխաւոր նիւթերէն մին դարձաւ Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի փայլուն աստղին՝ Հենրիխ Մխիթարեանի բրիտանական «Մենչըսթըր Եունայթըտ» խումբէն «դուրս գալու» հարցը:
«Մոնթեսորի» միջազգային ընկերակցութեան մեթոտաբանութեան մանկական կեդրոն՝ Երեւանի մէջ:
«Մենք այստեղ երեխաները կ՚ուղղորդենք, թէ ինչպէս կարելի է զարգանալ», կ՚ըսեն դաստիարակ պատասխանատուները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հոգեւորական» որակումը ցոյց կու տայ ենթակային դիրքը, կեցուածքը եւ ընդհանուր հասկացողութիւնը եւ ըմբռնումը աշխարհային-նիւթական արժէքներու հանդէպ։
Սակայն, պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, թէ՝ մարդ, քանի որ կ՚ապրի աշխարհի վրայ, ուրեմն չի՛ կրնար հրաժարիլ բոլորովին աշխարհային-նիւթական արժէքներէ, որովհետեւ ան միայն «հոգի» չէ՛, այլ նաեւ՝ մարմին, եւ այս իսկ պատճառով պէտք է խնամէ, հոգ տանի նաեւ մարմինին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մարսէլ Ղանէմ եւ իր «Թոլք շոու»ն «դատապարտեալ»ի աթոռին վրայ…
Անցեալ տարուան Նոյեմբերի կէսէն ասդին Լիբանանի ներքին օրակարգին մէջ նոր «տրամաթիք» թեմա մը աւելցած է:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ներելը տկար, անողնաշար մարդու գործ չէ։ Ո՛չ ալ տկարութիւն կամ պարտութիւն է։ Ներելը զօրաւոր ու «հերոս» մարդու գործ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, ստոյգ բան չկայ, քանի որ բնութիւնը ճանչնալ, բնութեան բոլոր գաղտնիքներուն տիրանալ կարելի չէ սահմանափակ միտքերու համար։ Բնութեան գիտութիւնը անսահման է՝ լայնատարած հորիզոն մը՝ որուն ո՛չ միայն հասնիլ, այլ մօտենալ իսկ կարելի չէ։
Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը ընդլայնած է կրթական ծրագրի հասանելիութիւնը՝ ապահովելով 170 յաւելեալ համակարգիչ եւ կեդրոնին մէջ ընդունելով 2800 պատանիներ, որոնք արձանագրուած էին սպասման ցուցակներու վրայ: Այժմ նոր ուսանողները եւ անոնց ծնողները կը գտնուին կողմնորոշիչ հանդիպումներու եւ առաջին՝ նախապատրաստական դասերու փուլին:
Վերջերս «Որդան կարմիր» ռաք-երաժշտութեան նուագախումբը, հրապարակեց իր «Լաօ» ձայնասկաւառակը, որ կը ներառէ հայկական ժողովրդական երգերու նոր մշակումներ, ինչպէս նաեւ հեղինակային երգեր, որոնք ժամանակակից շունչ կը հաղորդեն գործին: