Արխիւ
Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի ցուցասրահին մէջ բացուեցաւ «Թոլսթոյը կեանքի մէջ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլի 25-ը:
Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցած է «Կրացիա» պարի փառատօնին բացման արարողութիւնը՝ նուիրուած պարուսոյց Էլէնա Սարգսեանի յիշատակին:
Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պարգեւատրեց աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը։ Այսպէս, իրեն շնորհուեցաւ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի նորահաստատ «Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան» շքանշանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավարջին մեկնեցաւ Ֆինլանտիա։ Վեհափառ Հայրապետը կ՚իրականացնէ քառօրեայ միջեկեղեցական այցելութիւն մը։
Շաբաթավերջին Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քրիստին Սալէրիի մահէն վերջ իր հարազատները հիմնեցին հիմնարկ մը, որու գործունէութիւնը հետամուտ է մեծանուն նկարչուհիի յիշատակը յաւերժացնելու եւ անոր ժառանգը սերունդներուն փոխանցելու։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներու մէջ, երբ արժէքները այլեւս շատ յարաբերական դարձած, երբեմն ալ անհետացած են, առասպել կը թուին այսպիսի անձնաւորութիւնները: Աշխարհի ամենէն աղքատ նախագահը. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աթլանթա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Փետրուար 2017: Աթլանթա եղած էր տեղացի հնդիկ ժողովուրդին կարեւոր ոստանը, երբ Եւրոպայէն տարբեր ազգեր սկսան «տեղաւորուիլ» այս շրջանը: Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմին՝ 19-րդ դարուն, Աթլանթան դարձած էր զինուորական գործունէութիւններու կեդրոն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2016 թուականի Յուլիսէն ի վեր «Հաց բերող» անունով ծանօթ Արթուր Սարգսեան կը մահանար Հինգշաբթի օր: «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբին «հաց բերած» Արթուր Սարգսեան կալանքի տակ կ՚առնուէր այդ խումբին հետ անմիջական կապ ունենալու մեղադրանքով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ արարածը մարմնաւոր էակ մըն է եւ իր մարմնական-նիւթական էութիւնը գոյապահպանելու եւ կարենալ գոյատեւութիւնը ապահովելու համար բնական է, որ նիւթական օգնութեան պահանջքը զգայ։ Նիւթականը՝ նիւթեղէն, թանձրացեալ օժանդակներու միջոցով է, որ կրնայ տեւականցնել իր մարմնական բնութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլեան «Հաարէթց» պարբերականին մէջ լոյս տեսած հրապարակումէն ի վեր երկրի լայն շրջանակներ սկսած են քննարկման բուռն նիւթ դարձնել «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան կողմէ լուրջ սպառնալիքներու մասին խօսակցութիւնները:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը աշակերտներ, որոնց կ՚ուղեկցէին հայերէնի երկու արժէքաւոր ուսուցչուհիներ՝ Սիւզան Ավճը եւ Թաթիա Մարաշլեան։ Աշակերտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշի հետ։
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ
1998-ին Kodak ընկերութիւնը ունէր 170.000 աշխատաւորներ եւ աշխարհի լուսանկարչական թուղթերուն 85 տոկոսը ինք կը վաճառէր: Բժշկական X շողարձակողներուն գրեթէ ամբողջութիւնը Kodak ֆիլմերիզները կը գործածէին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի կիրակիներուն չորրորդը կը կոչուի «Տնտեսի Կիրակի», իր պատմութեան ընդհանուր բովանդակութեան պատճառով։ Այս պատմութեան մէջ կը պատմուի՝ մարդու մը խորագիտութիւնը կամ հնարամտութիւնը։
Հայաստանէն երեք պատուիրակ Մոնթենեկրոյի Փուտուա քաղաքին մէջ մասնակցեցան Բժիշկ ուսանողներու ընկերակցութիւններու համաշխարհային դաշնակցութեան ամէնամեայ համագումարին: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտնած է, որ Հալէպը քիչ-քիչ կը վերականգնի, զգալի աշխատանքներ տարուած են ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ, քաղաքի փակ ճամբաները բացուած են:
Տանըլտ Թրամփ եւ Անկելա Մերքէլ Սպիտակ տան երդիքին տակ երէկ տեսակցեցան, բայց չձեռնուեցան:
«ԱՄՆ եւ Գերմանիա կը բաժնեն բազում հասարակաց կէտեր՝ անվտանգութեան, բարեկեցութեան եւ խաղաղութեան շուրջ»:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան տարեկան հաշուետուութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայիս հայ գիտնականներէն կ՚ակնկալէ նոր ծրագրեր եւ աւելի մեծ նուաճումներ:
Հայաստանի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 25-ամեակին առթիւ Նիւ Եորքի մէջ փայլուն համերգ մը:
Մասնակիցներու շարքին էին նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս եւ հիւրեր:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Իբրեւ սրտի պարտք հիացմունքի, սէրս կ՚ուզեմ յայտնել այն հսկային՝ որ «Անչար» չըլլալո՞ւն ինքզինք ՉԱՐԵՆՑ մկրտեց փոխարինելով Սողոմոնեանը, թէ պարզապէս ըմբոստ ոգին էր, որ խօսեցաւ իր պատանի հոգւոյն մէջ: Ո՞վ գիտէ:
Թաքսիմցիները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին Մարմնամարզի նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը:
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Թաքսիմ մարզակումբի մարզադաշտի վերաբերեալ կարգադրութիւնը հրապարակուի: