Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Հալէպի վրայ կատարուած սաստիկ յարձակումներով քաղաքը վերածուած է պատերազմի դաշտի մը:
Մահուան վտանգի սեմին յայտնուած մեր ժողովուրդի շուրջ տասը հազար զաւակները ամէն օր կը պատմեն իրենց լուռ ցաւերուն մասին՝ զրկուած իրենց ամենատարրական կարիքները դիմագրաւելու հնարաւորութենէն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

Փոխ-վարչապետը երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարները, Ատնան Էրթէմի մասնակցութեամբ:
Ընտրութիւններու հարցին համար նոր յոյսեր:
Թորոս Ալճանի գրասենեակը հաղորդեց, որ մշակուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան պատրաստութիւնները պիտի վերակենդանացուին: Պետրոս Շիրինօղլու օրակարգի վրայ բերաւ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց՝ երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ ծագած յաւելեալ խնդիրները:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նա­քի եւ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ե­րէ­կուան հան­դի­պու­մը ու­նի կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Ընդ­հան­րա­պէս երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր հան­դի­պում մը ե­ղած է այս մէ­կը։ Բայց եւ այն­պէս, այս ամ­բող­ջին մէջ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ ըն­դու­նե­լու Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րան­շա­նակ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեա­նը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Թա­լին Էր­կիւ­նէշ։ Ծա­նօթ է, որ Վար­դա­պե­տը վեր­ջին շրջա­նին Պէյ­րու­թէն՝ Զմմա­ռի վան­քէն քա­ղաքս փու­թա­ցած է հո­գե­ւոր սպա­սա­ւո­րու­թեան հա­մար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հայ կա­նանց մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան (AIWA) կող­մէ։ Սե­լի­նա Տո­ղան, որ Պոս­թո­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ AIWA-ի ե­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վին, մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ա­սու­լի­սի մը՝ «Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ հան­րա­յին կեան­քէն ներս կա­նանց ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը» նիւ­թին շուրջ։ Պոս­թո­նի մէջ ի­րեն յանձ­նուե­ցաւ հան­րա­յին բնա­գա­ւա­ռէ ներս ղե­կա­վա­րու­թեան մրցա­նա­կը

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Ի նշան Լմբա­տա­ւան­քի «Սուրբ Ստե­փա­նոս նա­խավ­կա­յի» ե­կե­ղե­ցիի վե­րա­զար­թօն­քի, ար­դէն երկ­րորդ տա­րին է՝ Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին շա­բա­թը կը նշուի Լմբա­տա­ւան­քի ուխ­տի օ­րը: Այդ օ­րը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն Լմբա­տա­ւանք կը բե­րուի Սուրբ Ստե­փա­նո­սի մա­սուն­քը եւ կը մա­տու­ցուի Սուրբ Պա­տա­րագ։ Յա­ւարտ Սուրբ Պա­տա­րա­գի սուրբ մա­սուն­քով կը կա­տա­րուի Ան­դաս­տա­նի կարգ եւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները աշխատանք կը տանին Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան մօտեցումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արդար լուծումը հիմնուած պէտք է ըլլայ միջազգային իրաւունքի վրայ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի՝ Հոկ­տեմ­բե­րի 10-ին, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին պի­տի այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Իս­թան­պու­լի մէջ Փու­թին պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­մաշ­խա­րհա­յին ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­ժո­ղո­վին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ռուս ղե­կա­վա­րը պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն տե­սակ­ցու­թիւ­նը, բնա­կա­նա­բար, կը ներ­կա­յաց­նէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն՝ մա­նա­ւանդ, որ Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի ճգնա­ժա­մը յաղ­թա­հա­րե­լով ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան թափ տա­լու ճամ­բուն վրայ են։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր ե­րի­տա­սարդ ձեռ­նե­րէց­նե­րէն Ա­րէտ Սի­լահ­լը Պէ­յօղ­լուի մէջ բա­ցած է նոր ճա­շա­րան մը։ Ա­րէտ Սի­լահ­լը ա­նուն մըն է, ո­րու համ­բա­ւը հետզ­հե­տէ կը տա­րա­ծուի կա­պե­լա-ճա­շա­րա­նի աշ­խար­հէն ներս։ Իր ար­ձա­նագ­րած վե­րել­քը ան­շուշտ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ է իր մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թեան ո­րա­կով:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Սիւհա եւ Պենկիւ Համամճը ամոլը նոր դիմագծով մը կ՚ողջունեն իր յաճախորդներն ու հիւրերը:
Բանկալթիի «Նոսթալժի»ն տարբեր ձեւաչափի մը մէջ, սակայն նոյն արհեստավարժութեամբ կը շարունակէ սպասարկութիւնը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Ռուս բա­նաս­տեղծ Մա­յա­կովս­կի, լե­նի­նեան յե­ղա­փո­խու­թեան եր­գի­չը գրու­թիւն մը ու­նի, ուր կ՚ը­սէ. «Մենք կը հաս­նինք ու կ՚անց­նինք»… ի հարկէ, խօս­քը ուղ­ղե­լով դրա­մա­տի­րա­կան աշ­խար­հին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ող­ջա­խո­հու­թիւն» կը նշա­նա­կէ սե­ռա­կա­նու­թեան ստեղ­ծած եւ կազ­մա­ւո­րած հա­մար­կու­մը ան­ձին մէջ եւ ա­նոր մի­ջո­ցով՝ մար­դուն «ներ­քին միու­թիւն»ը իր մարմ­նա­ւոր-ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան էու­թեան մէջ։ «Սե­ռա­կա­նու­թիւն»ը՝ ո­րուն մէջ կ՚ար­տա­յայ­տուի մար­դուն մարմ­նա­կան եւ կեն­սա­բա­նա­կան աշ­խար­հին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, կը դառ­նայ անձ­նա­կան եւ իս­կա­պէս մարդ­կա­յին՝ երբ ան կը հա­մար­կուի ան­ձէ անձ կա­տա­րուած ա­ռըն­չու­թեամբ, մար­դուն եւ կնոջ ամ­բող­ջա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­պէս ան­վերջ փո­խա­դարձ նուի­րու­մին մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք Զէ­քիեան ան­ցեալ Կի­րա­կի Թա­քսի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տոյց Ս. Պա­տա­րագ եւ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի գա­ւա­զան շնոր­հեց Հայր Վար­դան Գա­զան­ճեա­նին, որ Պէյ­րու­թէն ե­կած ըլ­լա­լով՝ մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ քա­ղա­քիս մէջ, Հայ Կա­թո­ղի­կէից  Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գում­գա­բուի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեա­նը, ան­դամ­նե­րէն Նուր­հան Ճէմ­ճէ­մը եւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սե­ւան Կիւ­րիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ներ­կա­յիս Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պուած է փա­ռա­տօն մը, ո­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած է յիս­նօ­րեայ ծրա­գիր մը։ Պէ­յօղ­լուի յիս­նօ­րեայ փա­ռա­տօ­նը թէեւ ա­ռա­ջին ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի, սա­կայն կ՚ար­ժա­նա­նայ մօ­տիկ հե­տաքրքրու­թեան։ Յայ­տա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ շարք մը են­թա­կայ տօ­նա­վա­ճառ­ներ, ո­րոնք կեան­քի կը կո­չուին հեր­թա­կա­նու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի նոր՝ չորրորդ գիրքը խմբագրած են Գրիգոր Պըլտեան եւ Սեւան Տէյիրմենճեան:
Մեծանուն գրող Վահան Թէքէեանի գրիչէն թերթիս մէջ լոյս տեսած գործերը ամփոփուեցան հատորի մը ձեւաչափով:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Ըր­վայ­նի մաս­նա­ճիւ­ղը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Հու­րի Պէր­պէ­րեան միա­ցած է հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօ­սա­կան անձ­նա­կազ­մին, իբ­րեւ Հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց Մեղ­րու­նի ըն­տա­նի­քի նա­խա­գա­հա­կան ամ­պիո­նի վա­րիչ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ճա­բո­նէն յայտ­նի գիտ­նա­կան Եո­շի­նո­րի Օհ­սու­մի նուա­ճեց 2016 թուա­կա­նի Նո­պէ­լեան բժշկու­թեան մրցա­նա­կը։ 71-ա­մեայ գիտ­նա­կա­նը նպաս­տած է՝ որ­պէս­զի քաղց­կե­ղի եւ փար­քին­սո­նի նման հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը ըմբռ­նուին ա­ւե­լի լաւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը ե­րէկ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու սկսաւ Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ինք­նա­վար Հան­րա­պե­տու­թե­նէն ներս ռազ­մա­փոր­ձե­րուն կը մաս­նակ­ցի ա­ռան­ձին բա­նակ մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ կապակից երկիրներու հաւաքը:
Երեւանի մէջ ծաւալուած աշխատանքը նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ Հայաստանէ ներս այս ոլորտի զարգացման առջեւ:

Էջեր