Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Ա­մե­րի­կեան Google ո­րո­նո­ղա­կան հա­մա­կար­գը ներ­կա­յա­ցու­ցած է սե­փա­կան օ­րա­ցոյ­ցի թար­մա­ցուած տար­բե­րա­կը, որ ստա­ցած է Goals (նպա­տակ­ներ) ան­վա­նու­մը: «Խե­լա­ցի» օ­րա­ցոյ­ցը կրնայ օգ­տա­տի­րոջ օ­րա­կար­գին մէջ ինք­նու­րոյն ժա­մա­նակ գտնել ո­րե­ւէ օգ­տա­կար բա­նով զբա­ղե­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

«Նոպէլեան օրեր Երեւանի մէջ» ծրագիրը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն:
Դափնեկիր հիւր գիտնականները այցելեցին նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Պատրիարքարանի հրաւէրով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին երգչախումբը մեր մէջ:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրերուն տուաւ իր օրհնութիւնը դահլիճի երդիքին տակ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հան­դի­պա­կաց եր­բեմ­նի բան­ջա­րա­նո­ցի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին շուրջ մեծ ո­դի­սա­կա­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ առգ­րա­ւուած այս հա­մայն­քա­պատ­կան տա­րած­քը վեր­ջին բա­րե­փո­խում­նե­րուն զու­գա­հառ վե­րա­դար­ձուած էր Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք Աս­տու­ծոյ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան վրայ. այն ճշմար­տու­թեան մա­սին՝ որ ան­փո­փոխ է եւ մշտնջե­նա­ւոր։ Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին մտքի ըմբռ­նո­ղա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը սահ­մա­նա­ւոր է։ Ան կը կար­ծէ հասկ­նալ եւ ըմբռ­նել ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, բայց հա­զիւ մէկ մա­սը միայն կրնայ ի­մա­նալ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Ուք­րայ­նոյ մէջ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը յանձ­նուե­ցաւ Վլա­տի­միր Կրոյս­մա­նին։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Ար­սե­նի Եա­ցէ­նեուք հրա­ժա­րած էր վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նէն եւ այս­պէ­սով անհ­րա­ժեշտ դար­ձած՝ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րուի­լը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պա­նտեան այ­սօր եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Փե­քին։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Չի­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Վան Եիի եւ Շան­կհա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ռա­շիտ Ա­լի­մո­վի հետ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ որ­քան որ ալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ջան­քեր յա­ռաջ տա­րուին առ­կայ ճգնա­ժա­մը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար՝ ժո­ղո­վուր­դին կը շա­րու­նա­կէ միշտ բա­ժին վի­ճա­կիլ ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թիւ­նը։ Հա­լէ­պի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն դար­ձեալ կ՚ապ­րուին լա­րուա­ծու­թիւն­ներ եւ ա­րիւ­նա­լի ծան­րակ­շիռ դէպ­քեր։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ ըն­դու­նեց 2016 թուա­կա­նի Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ տա­րե­կան զար­գաց­ման տե­ղե­կա­գի­րը։ Հո­լան­տա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան Քե­թի Փի­րիի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած տե­ղե­կա­գի­րը այս տա­րի եւս ետ պի­տի վե­րա­դար­ձուի Ան­գա­րա­յի կող­մէ։ 375 կողմ, 133 դէմ եւ 87 ձեռն­պահ քուէ­նե­րով ըն­դու­նուե­ցաւ այս տե­ղե­կա­գի­րը, որ Ան­գա­րա­յի կող­մէ կը մեր­ժուի հայ­կա­կան հար­ցին բե­րու­մով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

Etihad Airways օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան չուերթ­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին օ­դա­չուն անակնկալ որոշմամբ հրա­ժա­րած է օդ բարձ­րա­նա­լէ՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով ու­ղե­ւոր­նե­րու շար­քին գտնուող տա­րեց զոյ­գին հաս­նիլ հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ մա­հա­մերձ պառ­կած ի­րենց թո­ռան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

Ֆրան­սա­յի հա­րա­ւին ե­րե­ւան բե­րած են 400-ա­մեայ գե­ղան­կար մը, որ հա­ւա­նա­բար կը պատ­կա­նի ի­տա­լա­ցի գե­ղան­կա­րիչ Մի­քե­լան­ճե­լօ Մե­րի­զի տա Քա­րա­վա­ճիո­յի վրձի­նին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

Ֆրանսա­յի Տոլ քա­ղա­քի բնա­կի­չը իր հիմ­նած հա­ցի փու­ռը 1 եւ­րո­յով վա­ճա­ռած է տեղ­ւոյն ա­նօ­թե­ւան­նե­րէն մէ­կուն։ 2015 թուա­կա­նին փու­ռին տէ­րը՝ Մի­շէլ Ֆլա­ման, թու­նա­ւո­րուե­լով ած­խաթ­թուէ, հա­զիւ փրկուած է մա­հէն։ Այն ժա­մա­նակ Ֆլա­մա­նին օգ­նած է 37-ա­մեայ ա­նօ­թե­ւան Ժե­րոմ Օ­կան, որ կան­չած է փրկա­րար­նե­րը՝ այդ­պէ­սով թոյլ չտա­լով, որ ան մա­հա­նայ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին առ­թիւ Թուր­քիա կ՚այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ։ Էր­տո­ղան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից ղե­կա­վար­նե­րուն հետ կ՚ու­նե­նայ նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

Ատրպէյճանի բանակը երէկ գիշեր շարունակեց ռմբակոծել Մարտակերտն ու Հադրութը եւ հետախուզական ներթափանցման փորձ մը կատարեցին դէպի Արցախ:
Երեւան ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց յանձնակատարի գրասենեակին ներկայացուցած է Պաքուի հովանաւորած վայրագրութիւններու վերաբերեալ հարցերը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

13 թուան­շա­նը  չա­րա­գու­շակ կը հա­մա­րուի շա­տե­րուն կող­մէ:

Հրեա­նե­րուն քով շատ ա­ւե­լի շեշ­տուած է այդ նա­խա­պա­շա­րու­մը, մա­նա­ւանդ  երբ ամ­սուան 13-րդ օ­րը Ուր­բաթ օ­րուան մը հան­դի­պի:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Այս օ­րե­րուն, երբ ողջ հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը ուղ­ղուած է դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ, ուր կե­նաց մա­հու կռիւ կը տա­րուի, Հա­յաս­տան ժա­մա­նած են մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր մար­դոց­մէ հինգ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր­ներ: Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նը կազ­մա­կեր­պած է «Նո­պէ­լեան օ­րեր Ե­րե­ւա­նի մէ­ջ» գի­տա­կան ձեռ­նար­կը, ո­ր մեր երկ­րի մէջ եր­բե­ւէ կազ­մա­կեր­պուած ա­մե­նէն նշա­նա­կա­լի գի­տա­կան մի­ջո­ցա­ռումն է:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին օրհնաբեր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Արցախ:
Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպում - Գանձասարի սրբազան կամարներուն ներքին աղօթք:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ով որ ծա­րաւ է՝ թող ին­ծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ին­ծի կը հա­ւա­տայ, ինչ­պէս Սուրբ Գիր­քը կ՚ը­սէ.- Ա­նոր սիր­տէն կեն­սա­տու ջու­րի գե­տեր պի­տի բղխին» (ՅՈՎՀ. Է 37)։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016

Գրիգոր Տինչքայըքճըի մասնակցութեամբ արտադրուած ուշագրաւ ժապաւէն:
Համակրելի դերասանը շարժանկարի աշխարհէն ներս կ՚արձանագրէ ողջունելի վերելք մը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016

Հնդկաս­տա­նի Մա­հա­րաշտ­րա նա­հան­գին մէջ գտնուող հնա­մե­նի տա­ճա­րը, որ հա­րիւ­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ բաց ե­ղած է միայն տղա­մար­դոց հա­մար, ար­դէն թոյ­լատ­րած է նաեւ ի­գա­կան սե­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մուտ­քը:

Էջեր