Արխիւ
Արամ Խաչատրեանի սենեկային ստեղծագործութիւնները ամփոփումը:
Աշխարհահռչակ յօրինողի նոր թողարկուած սկաւառակներուն համար շնորհանդէս Երեւանի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այէթուլլահ Համանէյի ուխտագնացութիւններու հարցերով ներկայացուցիչ Սէիտ Ալի Կազի Ասքարը, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Իրեն կ՚ուղեկցէր Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մուհամմէտ Րէիսի։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Անաթեմա» ռաք երաժշտութեան խումբի համերգը։ «Պարոնեան» թատրոնի երդիքին տակ հանդէս եկաւ «Անաթեմա»ն, որ մեծ համբաւ կը վայելէ աշխարհի վրայ։
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները անպաշտօն հանդիպում մը պիտի ունենան Մինսքի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթին նպատակը պիտի ըլլայ վերջերս Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու գագաթաժողովի արդիւնքներուն ամփոփումը։
Թուրքիա մօտէն կը հետեւի հայկական հարցին վերաբերեալ Պելժիոյ մէջ ապրուած վերջին խմորումներուն։ Տեղական մամուլը բոլորովին վերջերս տեղեկացուցած է, թէ Պելժիոյ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութեան տէր չորս կուսակցութիւններ ձեռնամուխ եղած են հայկական բանաձեւի մը ընդունման։
Իրան-Հայաստան կազամուղի վերջին հատուածը կը վաճառուի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան:
Երեսփոխան Արտակ Զաքարեանի խօսքով, սպառնալիք մը չկայ երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ:
Երեւանի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում՝ Հայաստանէ ներս հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ջանքերուն շուրջ:
Ըստ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի, խօսքի ազատութեան իրաւունքը պատրուակ կը ծառայեցուի հոգեորսութեան համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ֆրանսա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Քանն քաղաքին մէջ ներկայ կը գտնուի «Նիտէմ» միջազգային յայտնի երաժշտական փառատօնի բացման։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Յովհան Ոսկեբերանի «Մեկնութիւն մարգարէութեանն Երեմիայ» խմբագիր մեկնութիւնը՝ աշխատասիրութեամբ Յակոբ Քէօսէեանի։
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի ընթերցման տօնը եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Երկու ձեռնարկներուն ընթացքին ալ աշակերտները հանդէս եկան յաջող ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուտ»ը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ՝ խաբելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Ուստի սուտին մէջ ճշմարտութիւն չի գտնուիր։ Սուտը, այս իմաստով, ճշմարտութեան դէմ ամենէն մեծ եւ ուղղակի թշնամին է։
Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայաստան» շարժանկարի սրահի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Համալիրէն ներս տեղի ունեցած շրջայցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ 2013 թուականէն ի վեր իրականացուած վերանորոգման աշխատանքներուն։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Ա. փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տաչիչ արտայայտուած էր Պաքուի մէջ իրեն ներկայացուած առաջարկին շուրջ, որով Ատրպէյճան փափաք յայտնած է ընդլայնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն շրջագիծը եւ եռանախագահներու շարքին ընդգրկել նաեւ Գերմանիան ու Թուրքիան
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդ ուժերէն Աւետ Հէրկէլ վերջերս մասնագիտացած է օրթոտոնթիի վրայ։ Գարակէօզեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի նախկին սաներէն Աւետ Հէրկէլ 2002-2008 թուականներուն ուսանած է «Մարմարա» համալսարանի Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէէն ներս։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գրական երեկոյթ մը, որ ձօնուած էր ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին: Վարժարանի նախակրթութեան կազմի համատեղ աշխատութեամբ կեանքի կոչուած այս ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, Մատակարար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Գամառի, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ծնողներ:
Էսաեան վարժարանի վոլէյպոլի աղջկանց կազմը մաս կազմեց Պէյօղլուի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի մը դափնեկիրներու շարքին։ Այսպէս, մարզանքի ուսուցչուհի Անժէլ Ելէկէնի կողմէ վերասհկուած խումբը երրորդ հորիզոնը նուաճեց միջվարժարանային այս մրցաշարքի արդիւնքին։ Էսաեանցիները երէկ ստացան իրենց բաժակն ու մետայլ&
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներու հանդէսին առթիւ։ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
«Ամէն ինչ գիտութեան համար» կարգախօսով Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ սկսաւ «Լոյսի տարուան» ձօնուած գիտական եռօրեայ խրախճանքը, որ այս տարի կը կազմակերպուի հինգերորդ անգամ։ Էսաեանի լիսէի բաժնի աշակերտները այս շրջագծով վարժարանի զանազան դասարաններուն մէջ ներկայացուցին շատ հետաքրքրական ծրագրեր։
Համայնքին մօտ խոր յուզում յառաջացուցած է մեր արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն 42-ամեայ Նիրվա Սահիլեանի մահուան գոյժը։ Անժամանակ, անմխիթար ու եղեռնական այս կորուստը սուգի մատնած է իր սիրելիներու շրջանակը։
Պատրիարքարանի համալիրէն ներս նորաստեղծ բաժիններու ծանօթացման առթիւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիրին: Նորին Սրբազնութիւնը ընդունելութեան ընթացքին բարձր գնահատեց նաեւ համայնքային բարերարներուն կողմէ Աթոռին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութիւնը