Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ դէպի Ուաշինկթըն կատարուած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին: Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը «The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթին. «ԱՄՆ պէտք է արժէքները վեր դասէ շահերէն»:

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­նաս­տեղծ­ներ, ընդ­հան­րա­պէս կ՚եր­գեն ու կ՚ը­սեն, թէ աշ­խարհ ստեղ­ծուած է գար­նա­նա­յին կամ գար­նա­նան­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ըն­թաց­քին։ Բա­նաս­տեղծ­նե­րու զգա­ցում­նե­րը զօ­րա­ւո՛ր են, ճշմար­տա­մերձ են, մտքին հա­մըն­թաց են ա­նոնց զգա­ցում­նե­րը, քա­նի որ կեան­քը ամ­բողջ կը զգան, կ՚ապ­րին եւ կ՚եր­գեն։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

ԹԼԿԱ­ՏԻՆ­ՑԻ

Մա՛յր բո­լոր ա­սոնք ու աս պատ­մած­նե­րուդ ա­մե­նա­յե­տին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ միտքս են տա­կա­ւին, ո­րոնք տու­նին պզտիկ­ներն ալ չեն մոռ­ցեր ու ա­նոնք մէկ-մէկ սոր­վե­ցու­ցած ա­ղօթ­քիդ պէս կը յի­շեն, բայց՝ քա­նի որ կ՚ը­սեմ, միայն գի­շեր մը ճամ­բոր­դե­լով, այն­քան մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը բե­րէիր գե­ղէն, որ այն­քան հե­ռու կը մնար մեզ­մէ, հի­մա ալ պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ը­սէ՛ ին­ծի, ի՞նչ կայ ան­դին։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Կ. Գ.

2015 տա­րի­ներ ա­ռաջ քա­րայ­րի մը մէջ ապ­րող ա­նա­սուն­նե­րուն մի­ջեւ փոք­րիկ մը ծնաւ։ Մայր մը ան­հուն գուր­գու­րան­քով ծռե­ցաւ վրան, ժպիտ մը ծաղ­կե­ցաւ ա­նոր շրթնե­րուն վրայ ու իր ու­րախ դէմ­քը լու­սա­ւո­րուե­ցաւ մայ­րա­կան յաղ­թա­նա­կի ճա­ռա­գայթ­նե­րով։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Մա­յիս է։ Տար­ւոյն ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ ա­մի­սը։ Բնու­թեան ա­մե­նա­կեն­սու­նակ ե­ղա­նա­կը։ Ա­միս մը նուի­րուած մայ­րե­րուն։ Բո­լոր մայ­րե­րուն։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ Պահպանողական կուսակցութիւնը։ Ընտրողներու շուրջ 65 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքին Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի կողմէ գլխաւորուած Պահպանողական կուսակցութիւնը ապահովեց՝ առանձինն իշխանութեան գլուխ գալու համար բաւարար երեսփոխանական աթոռները։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին, պատճառ դառնալով զոհերու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան հերթապահութիւնը կատարելու ժամանակ, երէկ, ժամը 15.10-ին, մահացաւ հայկական կողմէն Յարութիւն Ղամբարեան (1995)։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցոյթ­նե­րու մէջ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Վազ­գէն Սարգ­սեան» հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի բա­ժա­կի ա­ւար­տա­կան մրցու­մը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Ան­գա­րա­յի մօտ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Ֆա­իք Պա­ղը­րով յայ­տա­րա­րեց, թէ TANAP-ի շրջագ­ծով 2018 թուա­կա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի «Շահ­տե­նիզ 2» հան­քի ա­ռա­ջին կա­զը Թուր­քիոյ վրա­յով պի­տի հո­սի դէ­պի Եւ­րո­պա։ «Մի­լլի­յէթ» օ­րա­թեր­թին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ դես­պա­նը շեշ­տած է, որ TANAP կը հան­դի­սա­նայ Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

«Շե­հիր» հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քը որ­պէս մա­գիստ­րո­սա­կան դա­սըն­թացք այս տա­րեշր­ջա­նին կ՚ա­ւան­դէ «Գրա­կա­նու­թիւն եւ ա­ղէտ» խո­րագ­րեալ դա­սըն­թաց­քը, ո­րուն ա­ռանց­քը կը կազ­մէ Մեծ Ե­ղեռ­նին ըն­կա­լումն ու փո­խան­ցու­մը գրա­կա­նու­թեան մի­ջո­ցով։ Դա­սըն­թաց­քը կը վա­րէ Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լու, ո­րու հրա­ւէ­րով ե­րէկ դա­սա­խօ­սեց բա­նա­սէր ու ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբգիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան՝ նիւթ ու­նե­նա­լով Յա­կոբ Օ­շա­կա­նին գրա­կա­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Սե­լի­նա Տո­ղա­նը, որ փու­թա­ցած էր քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տա­լու եւ ստա­նա­լու իր օրհ­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցաւ ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիր։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ այս փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ ԱՄՆ-ի Ա­ռեւ­տու­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի տե­ղա­կալ Տէն Մու­լան։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ խիստ յայտարարութեամբ եւ դեսպանը ետ կանչուեցաւ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ քննադատեց Ապտուլլահ Կիւլի Երեւան կատարած այցն ու մթնոլորտը մեղմացնելու փորձերը:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

​Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ արդարութեան ու խաղաղութեան համար աղօթք:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ հայկական հարցին հանդէպ ԱՄՆ-ի վերաբերմունքին:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը պատ­րաս­տած է ան­մահ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցեալ թրքե­րէն ժո­ղո­վա­ծոյ մը։ Այս գիր­քը, որ ձօ­նուած է Զահ­րա­տի ծննդեան 91-րդ տա­րե­դար­ձին, կ՚ընդգր­կէ ա­նոր ա­ռա­ջին ան­գամ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նուած շարք մը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին 11-րդ ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէկ եզ­րա­փա­կուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը վե­րա­ծուե­ցաւ տօ­նախմ­բու­թեան մը, քա­նի որ այս­պի­սի մրցա­շար­քի մը շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը մեր հա­մայն­քի պայ­ման­նե­րով կը նկա­տուի լուրջ ձեռք­բե­րում մը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ի՛նչ բան որ ա­ղօթ­քով կը խնդրէք, հա­ւա­տա­ցէք թէ պի­տի՛ առ­նէք ու պի­տի կա­տա­րուի ձե­զի» (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։­

Այս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս, բայց այս խոս­տու­մը պայ­ման մը ու­նի։ Այն է՝ թէ Աս­տու­ծոյ կամ­քը անհ­րա­ժե՛շտ է խնդրան­քին կա­տար­ման հա­մար։ Ուս­տի մար­դուն խնդրան­քը պէ՛տք է Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մե­մատ ու հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լայ։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Սա­յաթ Նո­վա երգ­չա­խում­բը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հան­դէս պի­տի գայ հա­մեր­գով մը։ «Կռունկ» խո­րագ­րեալ ձեռ­նար­կը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ, որ կը գոր­ծէ տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եգիպտահայ ականաւոր գործիչը Երեւան այցելութեան օրերուն շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Վահրամ Բրուտեան քաջածանօթ է հայութեան հարցերուն, կը հրճուի իւրաքանչիւր յաջողութեամբ եւ ցաւ կ՚ապրի անարդարութիւններուն համար:

Էջեր