Արխիւ
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարին» քառօրեայ գիտաժողովի լոյսին տակ։
Մեհմէտ Փոլատէլի համոզմամբ, թալաններու գործընթացը տարրն էր ընդհանուր քաղաքականութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երկու միաբանները նշանակուեցան նոր պաշտօններու։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ։ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութեան ի պատիւ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր աւարտին կը հասցնէ իր պաշտօնական այցելութիւններու շարքը՝ դէպի Եւրոմիութեան անդամ երեք երկիրներ։ Այսպէս, Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւայի մէջ երէկ ունեցած շփումներէն վերջ Էրտողան անցաւ Պուքրէշ, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Ռումանիոյ ղեկավարութեան կողմէ։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի տարածքաշրջանային բաժանմունքներու նախագահներուն համաժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Պատուիրակութեան անդամները երէկ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատին մէջ երէկ ապրուածները ահուսարսափ պատճառեցին բովանդակ երկրին:
Դատախազ Մեհմէտ Սելիմ Քիրազ ութ ժամուան գերեվարութենէ վերջ նահատակուեցաւ ահաբեկիչներուն կողմէ:
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարի» քառօրեայ գիտաժողովի լոյսին տակ:
Ըստ Էտհէմ Էլտէմի, տարբեր պատմագրութիւններու վերջին շրջանի համադրումը յոյս կը ներշնչէ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական բնագաւառի արժէքաւոր մեներգչուհիներէն Լիտա Էրփընար-Քէօսէօղլու յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Փարիզ։ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի կարեւոր տարրերէն մին է Լիտա Էրփընար-Քէօսէօղլու, որ վերջին շրջաններուն կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարգ մը խորհուրդներ օրինակ առնուած են կեանքի զանազան պարագաներէն, որոնց մարդ շատ անգամ չ՚անդրադառնար, սովորական ընթացքի մէջ կ՚անտեսէ եւ էականը միշտ կը մնայ խորհուրդ կամ «գաղտնի՛ք»։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան խորհրդանշական արարողութիւններուն առաջինը։ Սրբոց տասը կուսանաց յիշատակը ոչեկոչուեցաւ աւանդական արարողութեամբ։
ԱԳ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի մասնաճիւղը երէկ պահքի սեղանով մը պատուեց փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կուսակցական շրջանակները հիւրընկալեցին հայ, յոյն եւ ասորի համայնքներէն դէմքեր։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեան յաւերժութեան ճամբուեցաւ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ:
Թուրքիա երէկուան օրը անցուց խաւարի մէջ։ Առաւօտուն ժամը 10.36-ի դրութեամբ ելեկտրական հոսանքը նոյնաժամանակ խզուեցաւ երկրի քա-ռասունհինգ քաղաքներուն մէջ։ Նոյնիսկ հանրային փոխադրամիջոցներն ու հիւանդանոցները պարտաւորուեցան կանգնեցնել իրենց ծառայութիւնը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
«Համակարգային փոփոխութիւնները հնարաւոր են միայն այն պարագային, երբ իշխանական լծակները ըլլան համակցուած եւ գործեն միասին»։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, գլխաւորութեամբ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի, Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, Մարտի 27-ին, այցելեցին մեծանուն դերասան Պետրոս Ադամեանի (1849-1891) շիրիմը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէս մը, որ ձօնուած էր Ս. Զատկուան։ Մանկապարտէզի փոքրիկները այս առթիւ ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրնկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Գանատայի մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Տանաճեանը եւ ատենադպիր Յակոբ Արսլանեանը։
Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց ռուս բարձրաստիճան խորհրդարանականը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ շփումներ ունեցաւ Սլովենիոյ մայրաքաղաքը՝ Լիուպլիանայի մէջ։ Էրտողան, որ այս օրերուն երեք իրերայաջորդ պաշտօնական այցելութիւններ կ՚իրականացնէ, արդէն այսօր շփումներ կ՚ունենայ Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւայի մէջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուքրայնոյ Թեմի առաջնորդ։