Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի հան­դէս մը, որ ձօ­նուած էր Ս. Զատ­կուան։ Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը այս առ­թիւ ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան ե­րէկ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ հիւ­րնկա­լեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Գա­նա­տա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ Շա­հէ Տա­նա­ճեա­նը եւ ա­տե­նադ­պիր Յա­կոբ Արս­լա­նեա­նը։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քին ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լեց ռուս բարձ­րաս­տի­ճան խորհրդա­րա­նա­կա­նը։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Սլո­վե­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Լիուպ­լիա­նա­յի մէջ։ Էր­տո­ղան, որ այս օ­րե­րուն ե­րեք ի­րե­րա­յա­ջորդ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ, ար­դէն այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Սլո­վա­քիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ուք­րայ­նոյ Թե­մի ա­ռաջ­նորդ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

​ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Վիեն­նա­յի մէջ այ­սօր քննար­կում­ներ կը ծա­ւա­լեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան) եւ Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կաս-պըր­չիկ կ՚անդ­րա­դառ­նան Ար­ցա­խի ճա­կա­տի բռնու­թեան նոր դէպ­քե­րուն եւ միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն։ Ըստ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի, ի­րենք հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը պէտք է դարձ­նեն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը թո­ղար­կեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ի պահ դրուած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին նուի­րուած յու­շադ­րամ մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յու­շադ­րա­մի ե­րե­սակ­նե­րէն մէ­կուն վրայ պատ­կե­րուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նը, ո­րու ներ­քեւ ար­ձա­նագրուած է յու­շադ­րա­մի անուա­նա­կան ար­ժէ­քը՝ 1000 դրամ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

​Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչը լքեց իր պաշտօնը:
Պեռնար Շալանտ հրաժարեցաւ հայկական ընտրանիի վերջին շրջանի անբաւարար արդիւնքներուն բերումով:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­ցը, մար­դուս հա­մար սնունդ մը ըլ­լա­լէ շատ ա­ւե­լի՜, կեան­քի հա­մա­զօր ու մեր­ձի­մաստ ար­ժէք մը կը ներ­կա­յաց­նէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015

Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը առիթ հանդիսացաւ թարմ խմորումներու։
Կայծ Մինասեան. «Առողջ պատմագրութեան մը հասնելու համար ցեղասպանութիւնը պէտք է դառնայ պատմութեան առարկան»։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կ՚ը­սենք. «Բնու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ է…»։ Պայ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն ը­սուած այս խօս­քով ի՞նչ ը­սել կ՚ու­զենք։

Ար­դա­րեւ, իր լայն ա­ռու­մով «բնու­թիւն» բա­ռը կը նկա­րագ­րէ մարդ­կա­յին էու­թիւ­նը։ Բայց, ընդ­հան­րա­պէս երբ կ՚ը­սենք ու յա­ճախ կը կրկնենք.

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Քրիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քին ա­մե­նէն կա­րե­ւոր բա­ժի­նը վեր­ջին շա­բա­թը, կը կո­չուի Ա­ւագ Շա­բաթ։ Ա­ւագ Շա­բա­թը Ծաղ­կա­զար­դին յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թիէն մին­չեւ Զա­տիկ եր­կա­րող շա­բաթն է։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Այս առ­թիւ Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ՝ թա­ղի ծո­ցէն հա­սած նո­րապ­սակ այս հո­գե­ւո­րա­կա­նը ող­ջու­նե­լով։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան մա­տոյց իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Յա­րու­թիւն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Ա­րամ Սրկ. Պուլ­տու­քեան եւ այլ դպիր­ներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Տէր Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ յաղ­թա­կան մուտ­քին ձօ­նուած տօ­նը։ Ա­ւագ շաբ­թուան սկիզ­բին ըն­դա­ռաջ, Ծաղ­կա­զար­դի ցնծու­թիւ­նը հո­գե­ւոր հրճուան­քով հա­մա­կեց հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Քրիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի ա­մե­նէն կա­րե­ւոր հա­տուա­ծը՝ վեր­ջին շա­բա­թը կը կո­չուի Ա­ւագ Շա­բաթ եւ կ՚եր­կա­րի Ծաղ­կա­զար­դին յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թիէն մին­չեւ Զա­տիկ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն բաժ­նի խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեան։ 80 տա­րե­կան հա­սա­կին ան մա­հա­ցած է ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քին այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ կը շա­րու­նա­կուի լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, շա­բա­թա­վեր­ջին բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցաւ հայ զի­նուոր մը՝ Յով­սէփ Անդ­րէա­սեան (1995)։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015

Կիւմ­րիի մէջ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը սպան­դի են­թար­կած ռուս զի­նուո­րը՝ Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով պի­տի դա­տուի Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս։

Էջեր