Արխիւ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս ամառ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած է պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Կարօ Գալէնտէրին։ Ինչպէս ծանօթ է, լուսահոգի Կարօ Գալէնտէր երկար տասնամեակներ երախտաշատ մասնակցութիւն բերած էր մեր մարզական կեանքին եւ ներկայիս Շիշլիի վարչութիւնը այս նախաձեռնութիւնը կատարած է զինքը ոգեկոչելու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի համայնապատկերը բաւական գունատած է միջոցէ մը ի վեր։ Համայնքը կաթուածահարման եզրին հասած է՝ վաղուց կուտակուած խնդիրներու ծանր հետեւանքներով։
Յայտնի թրքագէտ ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետաքրքրական հարցազրոյց մը տուած է Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ակադեմիկոս Սաֆրաստեան յաճախ խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առընչութեամբ։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով ապաքինման շրջանը կը բոլորէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։
«Թէեւ կ՚ըսենք, թէ «ապիկար կառավարումը հասցուցած է պարտութեան», բայց, միջազգային գետնի վրայ պէտք է ներկայացնել, որ այս պատերազմին յանցագործը Պաքուն է»:
«Ես մի քանի անգամ ըսած եմ, որ Հայաստանի ու Արցախի համար նախատեսուած այդ ապաշրջափակումը խոր շրջափակում պիտի ըլլայ անվտանգութեան, տնտեսական, ժողովրդագրական առումով»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկ գիշեր երազ մը տեսայ. Իբրեւէ թէ Մեսրոպ Մաշտոց կ՚ապրէր ներկայ դարաշրջանը՝ շրջապատուած այժմու ազգի ղեկավարներով եւ կը փորձէր գիրերու գիւտը կատարել... կը տեսնէի հին Մաշտոցը՝ նոր օրերուն...:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայերէն կը հասկնայ, բայց՝ չի՛ խօսիր...
Այս խօսքը աղերս չունի Եւրոպա կամ Ամերիկա ապրող ձուլումի յաւակնորդ հայորդիներուն, այլ այս մէկը չքմեղանք է մեր ազգին մէջ բոյն դրած օտար ամուսնութեանց, ինքնարդարացման տարբերակ մը՝ այլասերման:
Յուլիսի կէսերուն Գերմանիոյ արեւմտեան գօտին եւ դրացի երկիրներ, յետոյ նաեւ Զուիցերիա եւ եւրոպական այլ շրջաններ ծանր տագնապի մատնուեցան սաստիկ տեղատարափներէ գոյառած հեղեղներու պատճառով: (Չինաստան, Հնդկաստան եւ այլ երկիրներ եւս համտեսեցին նման աղէտներու դառն պատառիկները):
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ վերջերս վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս բժշկական հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը երէկ երեկոյեան ժամերուն կապ հաստատած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ՝ հետաքրքրուելով անոր որպիսութիւնով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ բացուեցաւ ամերիկաբնակ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Տիգրան Ձիթողցեանի մեծաշուք արուեստանոց-կեցավայրը, որ արուեստագէտը կը կառուցէր քանի մը տարիէ ի վեր։ Բացումին Նիւ-Եորքի, Եւրոպայի եւ այլ վայրերու լաւագոյն ցուցասրահները իր գործերով զարդարած հայազգի նկարիչը ըսաւ. «Երազանքներուս սթիւտիոն պատրաստ է»:
Յոբելեանները, որքան ալ որ առաջին հերթին վերաբերին յոբելեարի անձին, կ՚ունենան նաեւ հաւաքական երեսակ մը։ Սա, անշուշտ, դարձեալ կախում ունի յոբելեարի անձէն եւ անոր գործունէութեան նշանակութենէն։
Փաշինեան այս առաւօտ խորհրդարանէն ներս ներկայացուց իր կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը։
Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ առկայ անվտանգային մարտահրաւէրները կը բնորոշեն արտաքին քաղաքականութեան առանցքները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդած էին, որ վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։
Երիտասարդներու զուարճութիւնը որքա՜ն վառ դրուագ մը կը ցոլացնէ. խանդավառութիւն, ուրախութիւն, բարձր տրամադրութիւն... Ամէն ինչ աշխարհի վրայ ունի իր հակառակը։

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Իսկ Մարիամ մէկ լիթր իւղ առաւ» (տե՛ս Յհ 12.3):
Մեկնութիւն. այս մասը երեքը կը բաժնուի, որովհետեւ նախ Մարիամի սպասաւորութեան մասին կը ճառուի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին ուղարկեց շնորհաւորական մը։
Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը շարունակէ շնորհաւորականներ ստանալ աշխարհի զանազան երկիրներու իր պաշտօնակիցներէն։ Այս ամբողջին մէջ իր նշանակումը շնորհաւորեց նաեւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եի, որ միեւնոյն ժամանակ այդ երկրի Պետական խորհուրդի անդամ է։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Սա երկու ղեկավարներու վերջին շրջանի հերթական հեռախօսազրոյցն էր, որու ընթացքին անոնք անդրադարձան տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ վերջին իրադարձութիւններուն։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համերգով մը հանդէս եկաւ «Պողազիչի» երիտասարդական երգչախումբը՝ Մասիս Արամ Կէօզպեքի մականին ներքեւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ անցեալ շաբաթ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանին բժշկական հսկողութեան տակ է եւ նկատի ունենալով, որ համաճարակի շրջանով պայմանաւորուած յաւելեալ ռիսքեր խնդրոյ առարկայ են՝ բժիշկներու խորհուրդով իր շփումները սահմանափակուած են եւ չ՚ընդունիր այցելութիւններ։