Արխիւ
Հայաշխարհը կը սգայ մեծանուն զինուորականի մը կորուստը. ոչ եւս է «Արցախի հերոս» զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեան, որ ծանօթ էր՝ Քոմանտոս ծածկանունով։ Արցախի առաջին պատերազմի առանցքային դէմքերէն, առասպելական հրամանատարներէն մին եղած էր Արքատի Տէր-Թադէոսեան, որ երէկ 81 տարեկան հասակին մահացաւ Երեւանի մէջ, ուր վերջին շրջանին կը դարմանուէր Էրեբունի բժշկական կեդրոնին մէջ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Ռումանիոյ դիմաց։ 2022 թուականին նախատեսուած Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս, Եւրոպայի գօտիի «J» խմբաւորման հանդիպումներու շարքին տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռումանիա երէկուան խաղը։
Էրտողան տեղեկացուց, որ իսլամաց մօտալուտ Ռամազանի տօնէն վերջ այց մը պիտի տայ Շուշի:
Հանրապետութեան նախագահը տեսաուղերձով մը մասնակցեցաւ Թրքական խորհուրդի երէկուան անպաշտօն գագաթաժողովին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Իրանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Նորին Սրբութիւնը տեսակցեցաւ Իրանի Միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շէյխ Համիտ Շահրիարի հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ նահատակուած Նարեկ Սրկ. Պետրոսեանի այրին՝ Մարիամ Բզնունին։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան։
Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ս. Զատկի առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները.
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ երբ իր կեանքին ընթացքը կը փոխէ, պէ՞տք է ուշադրութիւն դարձնէ մարդոց իր մասին կազմած մտածումներուն վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարգ մը խորհուրդներ օրինակ առնուած են կեանքի զանազան պարագաներէն, որոնց մարդ շատ անգամ չ՚անդրադառնար, սովորական ընթացքի մէջ կ՚անտեսէ եւ էականը միշտ կը մնայ խորհուրդ կամ «գաղտնի՛ք»։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է մեր երկրի համար: Եւ պատասխանատու է առաջինը Տիրոջ առջեւ: Մենք մեր գործած մեծ ու փոքր, թէկուզ անզգոյշ ու աննկատ սխալներով կը վնասենք ոչ միայն մենք մեզի, մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն, այլեւ, ուշադրութիւն՝ մեր երկրին՝ մեր սուրբ հայրենիքին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Մեր կիները կրնան փորձել կեանք տալ զաւկի մը եւս՝ կորսնցուցած որդիին վիշտին դիմանալու ու կեանքով մահին յաղթելու համար: Մէկ կողմ ձգեցէք տարիքային ամօթխածութիւնը եւ զաւակ ունեցէք», վերջերս որդեկորոյս մայրերուն այսպիսի կոչով դիմած է զոհուած 25-ամեայ Հայկ Յակոբեանի մայրը՝ Սիրանոյշ Նալպանտեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ շաբթուայ չորեքշաբթի օրը խորհրդանիշն է Յիսուսի իւղով օծումին եւ Յուդայի մատնութեան։
Արդարեւ, Աւագ չորեքշաբթի օրը մեզ կը տանի Աւագ շաբթուան ամենէն սոսկալի՛ օրերուն։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Միանգամայն ըսեմ, որ երկու ձեռքով կողմնակից եմ հարեւաններու հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու։ «Դարաւոր ոսոխի» մասին կարծրատիպային պատկերացումները, իմ կարծիքով, որեւէ ձեւով չեն նպաստեր մեր պետական եւ ազգային խնդիրներու լուծման։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցան Տուշանպէի մէջ, ուր մասնակցեցան «Ասիոյ սիրտ-Իսթանպուլեան գործընթաց» համաժողովին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակեր Արքեպիսկոպոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արա Այվազեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի հետ առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու համար յարաբերութիւնները, որոնք պատմական ու հոգեւոր համընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած են։
Իրանի միջուկային ծրագրի վերահաստատման նպատակով կը նախատեսուի երկխօսութիւն յառաջ տանիլ:
Էմմանիւէլ Մաքրոն, Վլատիմիր Փութին եւ Անկելա Մերքել տեսաժողովի ձեւաչափով անդրադարձան հրատապ հարցերու:
Երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Յայտնի իրադարձութիւններու բերումով անվտանգային միջավայրը էական փոփոխութիւններ կրած է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ու մենք պէտք է շարունակաբար գնահատենք այն նոր մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք ունինք այս իրավիճակին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ կարելի էր խուսափիլ Արցախի վերջին պատերազմէն։ Ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Արմէն Սարգսեան ընդունեց, որ բարդ է խօսիլ «եթէ»ներու մասին, բայց, իրականութիւնը այն է, որ իր համոզմամբ՝ կարելի էր պատերազմէն խուսափիլ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը այսօր Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Ռումանիան։ 2022 թուականին նախատեսուած Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի խաղերու ծիրէն ներս, «J» խմբաւորման մէջ, հայկական ընտրանին «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ կարեւոր հանդիպում մը կ՚ունենայ Ռումանիոյ ազգային խումբին հետ։
Ժոզէֆ Պորել Թուրքիան կը դասէ միջազգային կարեւոր ռազմավարական դերակատարներու շարքին:
Եւրոպական Միութիւնը եւ Անգարան պէտք է համագործակցին՝ աշխարհի նոր բեւեռացումներու պայմաններուն ներքեւ:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին։