Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Տեսակցեցաւ՝ 
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Օրերս պատիւն ունեցայ հիւրընկալուելու եւ հաճելի ու տպաւորիչ զրոյցի բռնը-ւելու պոլսահայ համայնքի երիցագոյն մտաւորականներէն՝ 94-ամեայ գրող Լիժի Փուլճու Չիզմեճեանին հետ։ 
Անյագուրդ կը կարդամ Տիկին Լիժիի «Իսթանպուլի մէջ կորստեալ ժամանակներ» գիրքի երկրորդ հատորը, զոր ընթերցողը կը հրապուրէ իւր ինքնատիպ, անմիջական ու ջերմ ոճով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Թաքսիմի «Կեզի» ճեմապարտէզին մէջ 2013 թուականին պատահած դէպքերուն վերաբերեալ ամբաստանագիրը երէկ հրապարակուեցաւ։ Մեղադրականը կը վերաբերի 16 մեղադրեալներու։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի հետ ունեցած հանդիպումէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան տեղեկացուց, որ BREXIT-ի շուրջ Եւրոյանձնաժողովի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքով արձանագրուած է յառաջընթաց։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Սէր»ը տիեզերքի մեծագոյն գաղափարներէն մին է, որուն մասին մտածելը միայն ու միայն մարդկութեան տրուած շնորհք մըն է։ Բնութեան մէջ առհասարակ կարելի է նկատել, թէ շնչող եւ ապրող իւրաքանչիւր կենդանի, իրեն համաձայն սիրոյ արտայայտութիւն մը ունի, բայց միայն մարդն է, որ կը տեսնէ այս բոլորը, երբեմն կը մտածէ իր տեսածներուն մասին եւ ի վերջոյ կը ջանայ այս բոլորը՝ անձնական զգացումներուն ու փորձառութիւններուն միացնել։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Երեւանի երէկուան շփումներէն վերջ անցան Պաքու:
Միջնորդները ներկայիս պատրաստութիւն կը տեսնեն գործընթացի յառաջիկայ քայլերուն եւ հանդիպումներուն շուրջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Ազգային բարերար, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախկին նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է ամբողջ հայաշխարհին մէջ։ Մինչ հայ ժողովուրդը կը սգայ այս կորուստը, երէկ ցաւակցականներ հրապարակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019

Պուլկարահայ համայնքէն երեք գործիչներ այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Անոնք են՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Շաքարեան, Փլովտիւի մօտ նախկին պատուոյ հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան եւ համայնքի յայտնի դէմքերէն Աղաւնի Գէորգեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երէկ հայութիւնը նշեց Ամենայն Հայոց բանաստեղծ հռչակուած Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակը: Այս օրերուն մարդաշատ են թումանեանական յիշատակի վայրերը՝ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը Երեւանի մէջ եւ թանգարանի վերածուած Թումանեանի տունը՝ անոր ծննդավայր Լոռիի Դսեղ գիւղին մէջ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր Երեւանի մէջ են։ Այսպէս, միջնորդները հանդիպումներ կ՚ունենան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա այ­լեւս ա­ռան­ձինն չի կրնար դի­մադ­րել հա­ւա­նա­կան նոր գաղ­թա­կան­նե­րու ա­լի­քի մը։ 
Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Չը­րա­ղա­նի պա­լա­տին մէջ Պու­տա­փեշ­տի գոր­ծըն­թա­ցի վե­ցե­րորդ նա­խա­րա­րա­կան հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Ոչ եւս է ազգային երախտաշատ եւ անմոռանալի բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն:
ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահը եզակի կերպար մըն էր հայոց արդի պատմութեան մէջ ունեցած դերով:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի համազգային յոբելեանը քաղաքիս մէջ նշուեցաւ Էսաեանի երդիքին տակ կազմակերպուած միջվարժարանային ձեռնարկով մը, որու զուգահեռ կեանքի կոչուած «Գիրք նուիրելու օր»ուան ծրագիրը ցոլացուց համայնքային հրատարակութիւններու խայտաբղէտ պատկերը:
Անանց պատգամ նոր սերունդին:
Արա Գօչունեան, Բագրատ Էսդուգեան, Մայտա Սարիս եւ Արամ Քամպուրեան մեր երիտասարդներուն հետ խոհեր բաժնեցին՝ հայերէնի եւ անով պայմանաւորուած վիթխարի ժառանգութեան շուրջ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համայնքային յայտնի վարչային մը անցեալ օր զրուցելու ընթացքին խորհուրդ կու տար, որ աւելի սերտ կապի մէջ ըլլանք մեր վարժարաններու աշակերտութեան հետ՝ որպէս հայ մամլոյ խմբագիր։ Քանի մը քաղաքավարական խօսքով փորձեցի անմիջապէս նիւթը փոխել։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ժամանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ դէպի Հայաստան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հիւլէական ուժի գիւտին հեղինակները, կրնա՞ն արդեօք լուծել պարզ հունտի մը բարդ եւ անիմանալի ուժին խորհրդաւոր գործելակերպը, գաղտնիքը, եւ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կը տարբերին հետեւանքները երբ պատճառները նոյն են. լոյսը, հողը եւ ջուրը…։ Հրա՜շք մը՝ որուն պարզաբանութիւնը բաւական դժուար է մարդկային մտքին համար։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Հրայր

Սեւ գիծ                            
    խճուճ սիրուն

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Գարուն էր…
Զարմուհիներս՝ Գոհարն ու Գայիանէն Ռուսաստանէն մեզի հիւրութեան եկան։ Ինձ համար, որպէս նուէր երկու «պարպի» պուպրիկ՝ մանչ եւ աղջիկ, բերին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Կեսարիոյ մէջ երէկ յայտնաբերուեցաւ 13-րդ դարէ մնացած պաստառ մը, որու վրայ պատկերուած է Տէր Յիսուսի խաչելութիւնը։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, Կեսարիոյ մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկումներ կատարեց առեւտուրի կեդրոնէ մը ներս եւ այդ գործողութեան ընթացքին ձեռք անցաւ սոյն պաստառը, որու արժէքը կը գնահատուի շուրջ 5 միլիոն թրքական լիրա։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Քրեմլինի պալատի երդիքին տակ երկու ղեկավարները պիտի անդրադառնան Սուրիոյ տագնապին եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր այսօր Պրիւքսելի մէջ կը հիւրընկալէ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ BREXIT-ի գործընթացէն ներս ստեղծուած փակուղին։

Էջեր