Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

Թաքսիմի «Point» պանդոկի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան սարքուեցաւ ընթրիքի մտերմիկ սեղան մը:
Հոգելոյս Արա Կիւլէրի բարոյական ներկայութեան շուրջ համախմբուած սեղանակիցները վերյիշեցին իրեն վերաբերեալ դրուագներ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Եւրոասիական շաբաթ» խորագրեալ համաժողովը, որ երրորդն է իր տեսակին մէջ։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթներով հանդէս եկան այս համաժողովի բացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոյն ծիրին մէջ տեղի ունեցան միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառ մը եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու արտահանման ապահովագրական գործակալութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւն մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ դժուար կը պատկերացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորումը՝ առանց Արցախի կարգավիճակի ճշգրտման եւ յստակեցման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պէյրութ կատարած այցելութեան ընթացքին, լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իրաւաբանական հարցերով անձնական խորհրդականը՝ Ռուտի Ճուլիանի այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Ռուսաստանի Հայոց միութեան նախագահ եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարեկամեցողութեան դեսպան Արա Աբրահամեանի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։ Ռուտի Ճուլիանի, որ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետն է, Երեւանի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան ծիրին մէջ կազմակերպուած ֆորումին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

Արմէն Սարգսեան. «Մենք պէտք է անպայման կարողանանք կառուցել կայուն եւ կանխատեսելի երկիր մը»:
Հայաստանի նախագահը եւ առաջին տիկինը հիւրընկալուեցան զուիցերահայ գործարար Վարդան Սըրմաքէշի կողմէ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

Երուսաղէմի մէջ եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ մտահոգիչ խնդիրները միշտ օրակարգի վրայ՝ ստեղծելով լուրջ ցասում:
Հայոց, յունաց եւ լատինաց պատրիարքները վերջին օրերուն համատեղ ստորագրութեամբ նամակ մը ուղարկեցին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Օրէնք»ը իր ամենալայն իմաստով, կը նշանակէ՝ որեւէ էութեան մը կազմութեան, աշխատութեան եւ գործունէութեան եւ իր կազմութեան նպատակին արդիւնաւոր կերպով հասնելու համար նախատեսուած կանոններու ամբողջութիւնը։ Օրէնքը՝ Իմաստութեան հետեւանքներէն մին եւ առաջնակա՛րգն է։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա­ՒԱԳ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

Լուսանկարչական մարզէն ներս միջազգային չափանիշներով հանրածանօթ անուն մըն էր Արա Կիւլէր։ Այսօր ոչ եւս է ան եւ խառնուած՝ փաղանգին այն բազում անձնաւորութեանց, որոնք իրենց վաստակով, գեղարուեստական, ճարտարապետական, գիտական եւ այլ մարզերէ ներս արձանագրած յաջողութիւններով պատիւ բերած են թէ՛ մեր երկրին եւ թէ մեր համայնքին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, 
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Սպանութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.13 )
Այս պատուիրանը սպանութիւնը կամ մարդասպանութիւնը կ՚արգիլէ, որ կա՛մ անձ-նական ձեռքով եւ կա՛մ ուրիշներու ձեռքով կատարուած է, ինքնակամ անիրաւութեամբ ընկերոջ կեանքէ զրկելն է, կամ խզել անոր ապրելու միջոցը, կամ այնպիսի նեղութիւն պատճառել, որու հետեւանքը մահ է:

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018

Երէկ, Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակը նշուեցաւ յոբելենական աննախընթաց խրախճանքով մը։ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ իսկապէս եզակի օր մըն էր ժողովուրդի բարձր տրամադրութիւնով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան։ Պէյրութի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով մեկնեցաւ նորին սրբազնութիւնը, որու կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ դամբանական մը խօսեցաւ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութեան տխուր առթիւ։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018

Արա Կիւլէր յաւերժութեան ճամբուեցաւ հանճարի մը վայել երախտագիտութեամբ։ Պատմական յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ պետական արարողակարգով. դագաղը ծածկուած էր դրօշով։ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ աշխարհահռչակ լուսանկարչին համար կազմակերպուած սգահանդէսը համախմբեց հասարակութեան բոլոր խաւերէն հեղինակաւոր դէմքեր, որոնք բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին մեծանուն վարպետի յիշատակին ու վաստակին առջեւ։ Սրճարանի ընթացիկ սեղանին թողուած էին ծաղիկներ։ Իշխանութիւնները մասնակցեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ փառաշուք արարողութեան։ Նախագահ Էրտողանի պատգամի հրապարակումէն վերջ, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Ներկայ էր Ուղղափառաց ծայրագոյն պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի ներկայացուցիչը։ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան ընթերցեց Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ուղարկուած ցաւակցականները։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան դամբանախօսեց հայերէնով։ Լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց Շիշլիի գերեզմանատան թաղման կարգին։ Շիրիմը այժմէն արդէն վերածուած է պատկառազդու  յուշարձանի մը։ Հրաժեշտի յուզումնախառն հանգրուանին իր խորհրդանշած կերպարի բազմակողմանի վերագնահատումէն ծնունդ առաւ նոր առասպել մը, որու թողած վիթխարի ժառանգը կը կամրջէ դարերը եւ կը միաձուլէ արժէքներն ու մշակոյթները։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ շաբաթավերջին այցելեց Միլանօ, մեծ խանդավառութեամբ եւ որդիական յուզումով հիւրնկալուեցաւ իտալահայութեան կողմէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018

Գումգաբուի երէկուան հանգանակութեան արդիւնքը պոռթկում մը եղաւ համայնքէն ներս վարժարաններու ապագային համար վերջերս խորանալ սկսած յոռետեսութեան դէմ: Կեդրոնականի սիրոյ սեղանին նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Եթէ եկեղեցին ու դպրոցը տկարանան, ապա յոյս չենք կրնար ունենալ ազգի գոյութեան համար»:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յաճախ մարդ կը տարակուսի սիրոյ արտայայտութեան մասին, թէ ո՞րն է ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը եւ ո՞րը՝ կարծեցեալ եւ խաբէական՝ սո՛ւտ սէրը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018

Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, որու մահը խոր ցաւ ստեղծեց վերջին օրերուն, այսօր կը յուղարկաւորուի՝ առարկայ դառնալով բիւր յարգանքի։ Մեծանուն վարպետը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ պատշաճ շուքով՝ իր վաստակին ու համբաւին վայել ձեւով։ Այս առաւօտ իրեն համար Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը, որու աւարտին կարգը եկաւ յուղարկաւորութեան արարողութեան՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուրկէ ալ իր մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը՝ ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն, նաեւ երախտաշատ բարերարներէն Պետրի Եալըն։ Իր կորուստը խոր յուզում պատճառած է համայնքային շրջանակներուն՝ հաշուի առնելով, որ Պետրի Եալըն երկար տասնամեակներ եղած էր մեր հաստատութիւնները կանգուն պահելու նպատակաւ ուղղուած պայքարի առանցքային դէմքերէն մին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018

Գրա­բա­րէ աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծեց՝ 
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Արդեօք ճշմարի՞տ է այն ինչ որ մեզի պատահեցաւ, իսկապէս կատարուա՞ծ է սա, խաբկանքի մէջ չե՞նք, գիշեր չէ՞, եւ պատահածները երազ չե՞ն, ցերեկ է, եւ բոլորս արթո՞ւն ենք։

Էջեր