Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի աշխարհի մէջ դրական որակով մը ընկալումը պայմանաւորելիք գործօնները միշտ առկայ անմիջական ուշադրութեան։
«Խոշոր երկիրները վիթխարի գումարներ կը ներդնեն զիրենք միջազգային մակարդակով ապահովելու համար, հսկայական միջոցներ ուղղելով գովազդին»։
Կեդրոնական վարժարանի յարակից խանէն նոր յարկաբաժին մը կցուեցաւ կրթօճախին։ 250 քառակուսի մեթր ընդարձակութեամբ տարածքը վարժարանին նուիրաբերած է Ճանէլ ընտանիքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս կ՚ըսուի՝ թէ չար օրինակը «օրինակ» չի՛ կրնար ըլլալ։ Շատեր այսպէս կը խորհին։ Սակայն կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ չար օրինակ մըն ալ կրնայ լաւ օրինակի մը ուղեցոյցը ըլլալ եւ չարէն բարիք քաղել։
Համայնքային վագըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի բացատրութիւններով, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը ծրագրէ պատրիարքական ընտրութեան համար գործի լծուիլ Ապրիլի 24-էն վերջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին երկար քննարկումներ ծաւալուեցան, թէ ինչ պէտք է ընէ մեր համայնքը յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին։ Կանխաւ պէտք է ըսել, որ մեր աշխարհական վարիչները շատ յապաղած են այս նիւթին վրայ ծանրանալու համար։ Ետ մնացած են մեր հասարակական գործիչներէն։
Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Չանաքքալէի եւ շրջակայքին մէջ։
Ըստ Էրտողանի, Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն պիտի մասնակցի շուրջ քառասուն պետութեան կամ կառավարութեան ղեկավար։
Գարակէօզեան տան երդիքին տակ շաբաթավերջին համախմբուեցան համայնքային 11 միջնակարգներէ 33 աշակերտներ։
Մասնագիտական հաստատութիւններու հետ համագործակցութեամբ հերթական անգամ կազմակերպուած ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Շան» սինեմայի հրդեհին յաջորդած տասնամեակներուն Իսթանպուլի սրտին վրայ մնաց մեծ պարապութիւն մը, որ խորհրդանշական էր՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ որդեգրուած քաղաքականութեան մտայնութիւնը ցոլացնելու առումով։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերին եզակի ձեռնարկի մը, որ յատկանշական էր մեր նոր սերունդի տեսանկիւնէն։
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի նոր շէնքը պիտի կառուցուի արդի բոլոր չափանիշներուն համապատասխան ձեւով եւ օժտուած պիտի ըլլայ բոլոր հնարաւորութիւններով:
Շաբաթավերջի բժշկութեան տօնը այս տարի հայ կաթողիկէ հասարակութեան տեսանկիւնէն բնորոշուեցաւ պատմական ու կենսական ձեռքբերումով մը։
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ իր անմիջական գործակիցները առարկայ դարձան հոգաբարձութեան երախտագիտական զգացումներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սէրը զօրութի՛ւն մըն է՝ արժէքը եւ ազդեցութիւնը անվիճելի ո՛ւժ մը։ Երբ Քրիստոս մարդկային բնութիւնը զգեցաւ, մարդեղացաւ՝ մարդկութիւնը Իրեն կապեց սիրոյ այնպիսի կապով մը, որ որեւէ զօրութեամբ չի խորտակուիր եթէ ո՛չ մարդուն ի՛ր իսկ կամքովը։
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դաշնակահարը Երեւանի մէջ ողջունուեցաւ ծափահարութիւններու տարափով:
Ռիշար Քլայտէրման հայ ունկնդիրներու համար մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի գործերը:
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկուան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Անգարա խիստ ոճով արձագանգեց Եւրոխորհրդարանին, որ վերջերս կոչ ուղղեց, որպէսզի Եւրոմիութեան անդամ երկիրները «ճանչնան հայոց ցեղասպանութիւնը»։
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Եգիպտոսի տնտեսութեան աջակցութեան եւ զարգացման» միջազգային համաժողովին։
«Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը համապատասխանէ թէ՛ երկու երկիրներու եւ թէ տարածքաշրջանի շահերուն»:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, ոեւէ մէկը չի կրնար դերակատարութիւն ունենալ Անգարա-Երեւան բնականոնացման ուղղութեամբ:
Զուիցերահայ երգահան Հայկ Վարդանի ստեղծագործութիւնները վերջերս առաջին անգամ հնչեցին Փրակի Սուրբ Սիմոնի եւ Յուդայի եկեղեցւոյ մէջ՝ Զլինի Պոհուսլաւ Մարթինուի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Տաւիթ Շուեցի ղեկավարութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ ոգեկոչուեցաւ հայ գրականութեան տիտաններէն Եղիշէ Չարենց։ Ամէն տարի Մարտի 13-ին կը նշուի Եղիշէ Չարենցի տարեդարձը։ Անցեալ իրերայաջորդ տարիները կարծես կ՚ամրապնդեն անոր դիրքը մեր գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներու անդաստանէն ներս։
Պագըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ութերորդ դասարանի սաները, որոնք մեր այցելութեան փութացած էին ուղեկցութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի։ Այս առթիւ թերթիս լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ա­