Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ 2020-ին մեծ շուքով պիտի նշուի ծիրանի փառատօնը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան:

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան բախտաւորուեցաւ իր անդրանիկ զաւակով։ Այսպէս, Հենրիխ Մխիթարեան-Պեթի Վարդանեան ամոլը որդի մը ունեցան եւ նորածինը կոչեցին Համլէթ։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Սուրիոյ տագնապի ծիրէն ներս, երբ Իտլիպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները ստացած են բաւական հրատապ բնոյթ մը՝ Էրտողանի եւ Փութինի այս հանդիպումը կը կրէ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի ԳՀԽ-ի նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էին Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վեածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ նշանակութիւն ունի քահանային նախքան Բեմ բարձրանալը իր ձեռքերը բանալը:
Պատասխան.
Ինչպէս որ սովորութիւն է նախքան սեղան նստիլը ձեռքերը լուալը, այդպէս ալ պէտք է սուրբ եւ մաքուր սիրտով (որ ձեռքերու լուացումին օրինակ է) Սուրբ Սեղանին մօտենալ, ինչպէս որ քահանան կ՚ըսէ.

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Կա՛նգ առ ժամանակ…
Գէթ պահ մը մի՛ յառաջանար, այլ ընդհակառակն։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Թերթապատում. 1910-1911 թուականներու մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս Վարդապետի մասին» վերջերս լոյս տեսած մեծածաւալ գիրքը սեղանիս վրայ փառաւոր բազմած գիրքերէն մին է: Օրեր առաջ ծաւալուն նիւթով անդրադարձանք գիրքի երեւանեան շնորհանդէսին (կազմող՝ երաժշտագէտ Արմինէ Գրիգորեան):

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՛չ մէկ յանցանք անպատիժ կը մնայ։ Այս իմաստով ամերիկացիներ կ՚ըսեն.- Your sin will find you out.

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներ են, կայուն տրամադրութիւններ, ունակական կատարելութիւններ՝ որոնք կը կանոնաւորեն մարդուն արարքները, կը կարգաւորեն անոր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն իր վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։ Անոնք կը հայթայթեն դիւրութիւն, ինքնազսպում եւ ուրախութիւն բարոյապէս բարի կեանք մը վարելու համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ 23 փետրուարին Գահիրէի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ու վաստակաշատ լրագրող Հայկ Քիրազեան (Ժան Կեռաս)։ Այս վերջինը Միջին Արեւելքի մասնագէտ մըն էր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն բուռն հակազդեցութեան առարկայ կը դարձնէ Անգարան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին բերումով։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցելութեան առթիւ Թիֆլիզ մեկնած Մնացականեան վրացի պաշտօնակցին հետ քննարկեց զանազան հարցեր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

Պաշտօնական այց. Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը գնահատուին աննախընթացօրէն լաւ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութիւնը նոր որակ ստացած է վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

Վեհափառ Հայրապետը ԳՀԽ-ի նստաշրջանի բացման ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը:
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նշան Սրկ. Չալկըճեանի գլխաւորութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ նախկին լիբանանահայ, ներկայիս ամերիկաբնակ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան հիմանդրամի (ՍԱՐՖ) ատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեան:

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

ԵՐԱՄ

Երազին մէջ պատշգամէն վար կախուեր էր։
Օդին մէջ էր։ Ոտքերը կախած, պարապութեան մէջ կը լողար. քաղաքին վրայ, քաղաքէն վեր։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ո՞վ է ազնուականը, ի՞նչ է ազնուականութիւնը, արդեօք մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ըլլա՞լ ազնուական, թէ՞ այն պայմանաւորուած է ծագումի ու զբաղեցուցած դիրքի հետ…
Այսօր կը փորձենք միասնաբար պարզել, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը որքանով ազնուական է։

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իտլիպի իրադարձութիւնները, որոնք Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ դարձած են հրատապ։

Էջեր