Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ Իսթանպուլի մէջ երէկ հսկայական նոր հիւանդանոց մը բացուեցաւ։ Թուրքիոյ եւ Ճաբոնի համագործակցութեամբ կառուցուած այս հիւանդանոցը կը գտնուի Պաշաքշեհիրի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրող, բանաստեղծ, թատերագիր, քաղաքական գործիչ, ֆրանսական ռամկավարական վիպասանութեան առաջնորդ ու տեսաբան Վիքթոր Հիւկօ ծնած է 1802 թուականի փետրուարի 26-ին Պեզանսոն ու մահացած է 22 մայիս 1885 թուականին:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու՝ Սաթենիկ Նշանի եւ Առլին Եշիլթեփէի պաշտօնազրկման որոշումով սկսած գործընթացը նոր հարթութեան մը վրայ:
Պետրոս Շիրինօղլու անակնկալ նախաձեռնութիւնով մը պահանջեց, որ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ղեկը յանձնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան: Համապատասխան նամակ մը ուղարկուած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյին: Համայնքային շրջանակները զարմանքի մատնուած:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր ծնած էր 22 մայիս 1924 թուականին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ։ Այսօր Ազնաւուրի ծննդեան 96-րդ տարեդարձն է։ Երկրորդ տարին ըլլալով ան ֆիզիքապէս հայութեան հետ չէ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Պետրոս Շիրինօղլուի այս վերջին քայլի լոյսին տակ, Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս վերստին օրակարգի վրայ բերաւ՝ փոքրամասնական վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցը։ Ան գրաւոր հարցում մը ուղղեց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

ԵՐԱՄ

Ոլորանէ ոլորան, ձորէ ձոր, եւ սարէ սար անցաւ բեռնակառքը Ֆարզատ քեռիին, մինչեւ իջաւ դաշտ Արարատեան։
Ձախին, յանկարծ, անսպասելիօրէն պարզեց ինքզինք խոշոր լեռ մը, զոյգ գագաթով. ձիւնածածկ այդ աշխարհի մէջ ցցուած, մինչեւ երկինք հասնող սպիտակի կոյտ մը, որուն նմանը երբեք չէր տեսած Զանան։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Աւանդաբար, Համբարձման տօնին առթիւ կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ յառաջացած տարաձայնութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին սփիւռքեան մամուլին մէջ։ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան վերջերս այս նիւթին կապակցութեամբ գրի առաւ յօդուած մը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Զանազան երկիրներէ 170 արուեստագէտ Պեթհովենի երաժշտութեամբ խաղաղութեան կոչ յղած է աշխարհին։ Աշխարհի 15 երկրէ 170 արուեստագէտ առցանց հարթակի վրայ կատարած է Պեթհովենի չորրորդ սիմֆոնիայէն հատուած մը։ Երգիչները, երաժիշտները արուեստի միջոցով աշխարհին դիմած են խաղաղութեան եւ բարեկամութեան կոչով:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երբ արտակարգ դրութիւնը մեղմացաւ եւ հանրակառքերուն արտօնուեցաւ երթեւեկել, անշուշտ դիմակն ու ձեռնոցը, ինչպէս նաեւ ախտահանիչը եղան ժողովուրդին անբաժան ուղեկիցները.

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Պերլինի մէջ վարազներու պատճառով ոստիկանները փակած են փողոցը։ Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի ոստիկանութիւնը իրականացուցած է վայրի կենդանիներու ազատ տեղաշարժի ապահովման գործողութիւն։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչպէս ճարտարարուեստի եւ առեւտրական ձեռնարկութիւններու մէջ, նոյնպէս ալ բարեսիրական եւ եկեղեցական գործառնութիւններու մէջ յաջողութեան եւ արդիւնաւորութեան էական պայման է ուժի խնայողութիւն եւ կեդրոնացում։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը նոր բնակիչ մը ունի։ Այսպէս, Երեւանի կենդանաբանական այգիի այցելուները շատ շուտով հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի՝ Կենդանաբանական այգիին յունիսի 1-ին ընդառաջ նուիրաբերած սպիտակ առիւծը:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Միչիկընի մէջ ջրհեղեղի պատճառով հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգին մէջ ուժգնացող ջրհեղեղը մասամբ ջուրի տակ առած է Միտլենտ քաղաքը, որ կը գտնուի նահանգի կեդրոնին։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի արեւելեան հատուածին մէջ «Ամֆան» հզօր ցունամին մեծ վնասներ հասցուցած է, խլելով մարդոց կեանքեր եւ աւերելով հազարաւոր տուներ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանի մէջ, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է քորոնաժահրէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։ Այսպէս, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է համավարակէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Սպանիան կրնայ ստեղծել «անվտանգութեան միջանցք»՝ միջազգային զբօսաշրջիկներու համար։ Այսպէս, Սպանիոյ բնապահպանական բարեփոխումներու նախարար Թերեզա Ռիպերա տեղեկացուցած է, որ իշխանութիւնները կը դիտարկեն միջազգային զբօսաշրջիկներուն «անվտանգութեան միջանցք» տրամադրելու հնարաւորութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամերուն հրապարակեց վիճակագրական տուեալներ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանէ ներս վարակի հաստատուած դէպքերու թիւը բարձրացած է 5 հազար 928-ի։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը քորոնաժահրի համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ իր հնարաւորութիւնները ի գործ դնել՝ մասնաւորապէս Լիբանանի հայութեան սատար հանդիսանալու առաջադրութեամբ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ հաստատութիւնը 30 հազար ամերիկեան տոլար մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնել որոշած է լիբանանահայ գաղութին։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահը պաշտօնի ձեռնարկեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը:
Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնամուտին ներկայ էին Նիկոլ Փաշինեան եւ Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Էջեր