Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ մեկնեցաւ Պելժիա եւ այսօր կը ձեռնարկէ Պրիւքսելի իր ծրագիրը։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ վերջերս այցելեց Կարս, ուր տեղւոյն վրայ քննարկեց շրջանի պատմամշակութային եւ զբօսաշրջութեան նշանակութեամբ հնութիւնները։ Նախարարը այս ամբողջին մէջ այցելեց նաեւ Անիի աւերակները։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

Սեւան Պըչաքճը Միացեալ Նահանգներու մէջ ծանօթացուց իր նոր հաւաքածոն:
The New York Times հեղինակաւոր թերթը դրուատիքը հիւսեց մեծահամբաւ վարպետին:

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ ներկայիս կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Շաբաթավերջին ան Պրազիլիոյ մէջ մասնակցեցաւ Բարեկենդանի աւանդական մեծ ձեռնարկին։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Մեծ պահոց շրջանը ըլլայ արդիւնաբեր եւ առիթ դառնայ վերանորոգման:
Գումգաբուի «1890 Suites» պանդոկին մէջ Բարեկենդանի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասը:

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց  թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 110-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 87-րդ կրկնակ տարեդարձները համընկնեցան Բուն Բարեկենդանին հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

Բուն բարեկենդանէն եւ փակեալ խորանէն անմիջապէս ետք ընթացք կ՚առնէ Մեծ պահքը կամ Քառասնորդական պահոց շրջանը։
Արդարեւ, Մեծ պահոց շրջանը կը կոչուի Մեծ պահոց քառասնորդական պահեցողութեան շրջան եւ կամ ժողովրդային բացատրութեամբ Աղ ու հացի շրջան, այն իմաստով, որ մեր նախահայրերը քառասուն օրերու այս շրջանը աղ ու հացով կ՚անցընէին եւ կամ աղ ու հացով ծոմը կը լուծէին։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ժամակարգութիւնը՝ որ Դ եւ Ե դարերուն կազմակերպուեցաւ, յաջորդ դարերուն եւս շարունակուեցաւ նոյն բաժանմունքներով, միայն թէ բովանդակութեան կողմէ փոփոխութիւններ կրեց յաւելումներով եւ յապաւումներով։ Պատմաբանական տեսակէտէ կարելի չէ ճշդել եւ որոշել այդ փոփոխութիւններու ժամանակը, եւ թէ որոնց ձեռքով կատարուած ըլլալը։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ինչ որ կը յիշեմ ֆրանսերէն լեզուի քերականութենէն, գրեթէ ամէն օրէնք ունի իր բացառութիւնները: Ե՛ւ կեանքի մէջ տարածուած միտքերու, ընկերային թէ փիլիսոփայական, ընդհանուր օրինաչափութիւններ կան, ի հարկէ կան նաեւ անոնց կողքին բացառութիւններ, նայած նիւթին, երկրին, ժողովուրդին կամ պարագաներուն:

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Սիրոյ մասին աւելի քնքոյշ երգ դժուար է երեւակայել։ Ան առաջին իսկ բառէն, առաջին հնչիւնէն մարդուս հոգին կը լեցնէ քնքշութեամբ եւ ջերմութեամբ։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան։ Կրօնքը, բարոյականը եւ բանականութիւնն ալ արդէն այս կը պահանջեն։ Արդարեւ, մարդուս մկանները, ջիղերը, արիւնը, մէկ խօսքով, ընդհանուր բնախօսական կազմուածքը չափաւոր եւ պարզ սնունդի մը իւրացումով աւելի կորովի, աւելի յարմար, աւելի պինդ կ՚ըլլայ որեւէ ծառայութեան։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն ներս թուայնացման հսկայական աշխատանք՝ բարձր փորձագիտութիւններով:
armradioarchive.am կայքէջը կը բովանդակէ ձայնագրութիւններու առընթեր՝ բազմաթիւ ուրոյն վաւերագրական տուեալներ:

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Ծաղիկներ ու մոմեր. 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերու զոհերը երէկ վերյիշուեցան Երեւանի մէջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յարգանքի տուրքը մատուցելու զուգահեռ՝ ներողութիւն խնդրեց յանուն պետութեան:

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Եկեղեցական օրացոյցին մէջ կան սուրբեր, որոնք մասնաւոր նշանակութիւն ունին ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին համար, քանի իրենց հաւատքի հունտերը ներկայ եղած են յատկապէս նոյն ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս։ Անոնք, հետեւելով Քրիստոսի, «ով որ մարդոց առջեւ խոստովանի զիս՝ մարդու Որդին ալ զինք պիտի խոստովանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ» (Ղուկաս 12.8) պատգամին, հաստատ մնացած են քրիստոնէական լոյս հաւատքին մէջ ու Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով դարեր շարունակ հնչեցուցած են իրենց խրատը մերազն ժողովուրդին։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Բարեկենդանի աւանդական խրախճանքով։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ այս առթիւ ստեղծուեցաւ աննկարագրելի խանդավառութիւն։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրած են փայլուն յաջողութիւններ։ 2018-2019 կրթական շրջանին Պէյօղլուի միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքի յաջող մասնակցութիւն բերած են էսաեանցիները։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այս տարի Բարեկենդանը նշուեցաւ արտակարգ խանդավառութեամբ։ Ս. Վարդանանց տօնի օրուան զուգադիպեցան Բարեկենդանի խրախճանքները, որոնք նախատեսուած էին թէ՛ հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներուն եւ թէ ԶԻՊԷՉ-ի տղոց համար։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ երէկ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ։ Բարեկենդանի այս ճաշկերոյթը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

Սովորաբար Բուն Բարեկենդանը կը տօնուի Մեծ պահքին նախորդող առաջին կիրակի օրը: Ընդունուած է զայն անուանել նաեւ «հայկական դիմակահանդէս»:
Բարեկենդան բառը ստուգաբանօրէն կը նշանակէ «բարի կենդանութիւն». այսինքն՝ ան աղերս է, խնդրանք եւ մաղթանք՝ ըլլալու բարի, առողջ, կենսալից:

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

3 փետրուարին, Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը աննախընթաց այցի մը համար կը ժամանէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Այցելութիւնը աննախընթաց էր, որովհետեւ առաջին անգամն էր, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխը՝ Պապը կ՚այցելէր Արաբական ծոցի կարեւորագոյն երկիրներէն մին։

Էջեր