Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Մէրամէթճեան վարժարանի սաներուն յաջող երեկոյթը՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրուան առթիւ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան պատուեց «Շիրինօղլու» սրահի ձեռնարկը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աւարտական դասարանի սաները։ Այս տարի դպրոցի վերջին դասարանի տղաքը Հայաստանի մէջ քննութիւն յանձնելու կը մեկնին մաս առ մաս։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ յառաջիկայ գարնան Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելենական համերգ մը, որ կազմակերպուած է յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունիի 75-ամեակին առթիւ։ Հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հեղինակաւոր անուններէն մին է Շահան Արծրունի, որ նախկին պոլսահայ մը ըլլալու բերումով մեր համայնքէն ներս առանձնայատուկ համակրանք կը վայելէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ ջանքեր. յստակ թուական չկայ:
Հայաստանի վարչապետը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Սամաթիոյ ընտանիքը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ անժամանակ մահացած հարազատին:
Նորոգ հանգուցեալ Աւետիս Արզումանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դէմ շաբաթավերջին կատարուած տգեղ արարքին կապակցութեամբ, որով եկեղեցւոյ մայր դրան եւ պատերուն վրայ ներկով անարգական արտայայտութիւններ գրուած էին։ Թուրիքոյ Հանրապետութեան հանրային կարծիքին ուղղեալ այս յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս հարցին բերումով դիմած է Անվտանգութեան տնօրէնութեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ներքին խաղաղութիւն ունենալ, ներքին խաղաղութեամբ ապրիլ կեանքը՝ ամենամեծ հարստութիւնն է մարդուս համար։ Արդարեւ, յաճախ կը հարցնեն՝ թէ մարդ եթէ նոյնիսկ կատարելապէս առողջ ըլլայ, մարմնապէս, բայց ներքին խաղաղութիւն չունենայ, կրնա՞յ երջանիկ ըլլալ եւ կրնա՞յ կատարեալ նկատել ինքզի՛նք։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔՐԵԱՆ

Մեր ապրած երկիրներուն մէջ դպրոց յաճախելու հիմնական դժուարութիւնը ընդհանրապէս կը նկատուի դրամական միջոցներու անբաւարարութիւնը: Բացի կրթաթոշակէն եւ գիրքերէն՝ շատեր նոյնպէս ունին երթեւեկի տաղտուկը, որմէ խուսափելու համար ոմանք կը քալեն… բայց լսա՞ծ էիք, որ կան լողալով եւ մագլցելով դպրոց յաճախողներ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

2019-ի Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանի սեմին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ լոյս ընծայուեցաւ՝ «Արեւագալի ժամ» գիրքը։ Սոյն գիրքը Գ. հատորն է «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ի եւ ձօնուած է Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութեան առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

Երէկ յետմիջօրէին Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին ենթարկուեցաւ տգեղ եւ անարգական արարքի մը։ Անծանօթ մը եկեղեցւոյ մայր դրան եւ յարակից պատերուն վրայ ներկով գրութիւններ գրի առաւ, նաեւ փորձեց սրբավայրի պատմութեան վերաբերեալ ցուցատախտակը հանել։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը, որու համար մշակուած է ծրագիր մը
Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան յոբելենական շրջանի աշխատանքներուն ներգրաւած է փորձառու վարպետ մը՝ Գագիկ Կարապետեանը, որ շուրջ երեք շաբաթէ ի վեր
քաղաքիս մէջ կը գտնուի՝ վերահսկելու համար 2020 թուականի մեծ ձեռնարկներու նախապատրաստութիւնները եւ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը. «Պարի լեզուն երաժշտութիւնն է»

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

 ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Կեդրոնական Եւրոպայի հայկական ներկայութիւնը ունի իւրայատկութիւններ: Հայկական սփիւռքը այս երկիրներու մէջ կազմաւորուած է միջին դարերէն սկսեալ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

ԱՔ կուսակցութեան Թեքիրտաղի երեսփոխան Մուսթաֆա Շենթոփ ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ։ Ինչպէս ծանօթ է, խորհրդարանի նախագահի աթոռը թափուր մնացած էր Պինալի Եըլտըրըմի հրաժարականով, որովհետեւ ան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Չեմ գիտեր, ինչպէս առանց անդրադարձի, ինչ ոգիով անցնիլ դասարանիս առջեւէն։ Հոն՝ վերը երկրորդ յարկին վրայ եւ պատուհաններով դէպի Ֆանարի մայրուղին նայող այդ դասարանը եղաւ մեր բոլոր իղձերուն բնակարանը։ Հոն շաղեցինք մեր երազները եւ սպասեցինք, որ ամէն գարնան արձակենք մեր երազները։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019

​Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին առթիւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ 19 փետրուարին Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին, գործունէութեան ու վաստակին վերաբերեալ տեսանիւթ մը ներկայացուեցաւ աշակերտներուն։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ։ Օրուան ծրագիրը պատրաստած էին ուսուցչուհիներ՝ Աննա Սարը Սեչքին, Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Մելիսա Թուրաչ Պալչըք եւ Թամար Մանկասար։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019

Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն ներս վերջերս կազմուեցաւ տիկնանց յանձնախումբ մը, որ անուանուեցաւ թաղի երբեմնի վարժարանի անունով։ Այսպէս, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեամբ եւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի ջանքերով գործել սկսաւ Վառվառեան տիկնանց կազմը։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

… Կ­՚ը­սէ գայ­լը՝ գառ­նու­կին, «ան­կախ ան­կէ, թէ ուր­կէ՛ կը խմես ջու­րը»:
Ա­ռա­կը ծա­նօթ է բո­լո­րիս: Գառ­նու­կը ջուր կը խմէ ա­ռուա­կին վա­րի մա­սէն, իսկ գայ­լը, որ կանգ­նած է հո­սան­քի վե­րին մա­սին, գառ­նու­կը կը մե­ղադ­րէ իր ջու­րը պղտո­րե­լու յան­ցան­քով:

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Կը կար­ծեմ, թէ աշ­խար­հիս վրայ չի գտնուիր մէ­կը, որ չէ լսած Ֆրան­սա­յի մշտա­փայլ աստղ Է­տիթ Փիա­ֆի գեղ­գե­ղուն ձայ­նը։ 
Շան­սոն, ա­նու­շա­բոյր, տաք  քրուա­սան, բա­ցօ­թեայ փոք­րիկ սրճա­րան­նե­րը նեղ­լիկ մայ­թե­րուն, Էյ­ֆէլ, Շան զ՚Է­լի­զէ պո­ղո­տայ, նրբա­ճա­շակ գե­ղեց­կու­հի­ներ…

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սո­չիի ժո­ղովն ու Սու­րիոյ ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը… 
Ե­թէ եր­կու բա­ռով փոր­ձենք վեր­լու­ծա­կան հա­յեաց­քով բնու­թագ­րու­մը կա­տա­րել ան­ցեալ շա­բաթ՝ 14 փետ­րուար 2019-ին, Սո­չիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ե­ռա­կող­մա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, ա­պա մէկ նա­խա­դա­սու­թեամբ պի­տի ը­սենք՝ «սպա­սո­ղա­կան»։

Էջեր