Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրող բոլոր էակներու մէջ միայն մա՛րդն է որ ունի «ապագայի գիտակցութիւն»ը, որ հետեւանքն է իր բանաւոր միակ էակը ըլլալուն։ Արդարեւ, միւս բոլոր կենդանի՝ ապրող էակները չունին վաղուան մտահոգութիւնը, այսինքն ապագայի գիտակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ի՞նչ է գեղանկարչութիւնը. ո՞վ է գեղանկարիչը. ան իր կտաւներու միջոցաւ ի՞նչ կը փոխանցէ…
Գեղանկարչութիւնը ներկերով նկարելու արուեստի այն ճիւղն է, երբ նկարիչի պատկերածը մեզ կը յուզէ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը յուզէր իրական կեանքի մէջ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Փետրուար ամիսը հարուստ է եկեղեցական տօներով:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2-ին, Հայ Առաքելական եկեղեցին տօնեց Ս. Գրիգոր Աստուածաբանի յիշատակութեան օրը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հալէպի օրագրութիւնը կը շարունակուի։ Կը շարունակուի իր ամենատարբեր երանգներով, տխուր, յոյս եւ հպարտութիւն առթող էջերով...

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան կը մասնակցի Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի բացման:
Յառաջիկայ ամրան Շամոնիի «Մտքերու գագաթաժողով»ը առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի եւ Դիլիջանի մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

Հուլուսի Աքար մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին:
Թուրքիա Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերը ձեռք բերել կը ձգտի զանազան ստիպողութիւններու պատճառով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պօղոս առաքեալին հետեւեալ տողերը՝ ուղղուած են թեսաղոնիկեցիներուն եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն համար: Կը կարդանք. «Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ինչպէ՛ս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք» (Ա.Թս 1.3):

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան միշտ հետամուտ՝ Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման հեռանկարներուն:
Նախագահներ Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի այսօր Սոչիի մէջ բանակցութիւններ կը վարեն հրատապ հարցերու շուրջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի կողմէ Պէշիկթաշի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Ռըզա Աքփոլատը, որուն կ՚ընկերանար մեր ազգայիններէն Նուրհան Փալաքօղլու, որ իր խորհրդականներէն է։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէշիկթաշի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մինաս Արսլան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019

Տպաւորութիւններ եւ դիտարկումներ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Փարիզի մէջ կազմակերպուած 90-րդ ընդհանուր ժողովի լոյսին տակ (2):
Համաշխարհայնացման դարուն իրականի եւ վերացականի, թուայինի եւ ֆիզիքականի միջեւ տարբերութիւնը կը կրճատուի շնորհիւ փորձագիտութեան, հայ աշխարհէ ներս կեանքը փոխելու համար պէտք է ապահովել արտադրութեան ու նորարարական նոր մշակոյթի մը հաստատումը, մանաւանդ երիտասարդ սերունդի մտածելակերպը փոխել այս ուղղութեամբ: Ներդրումներն ու ելմտական կայութիւնը կրնան դուռ բանալ՝ տնտեսական, կրթական ու քաղաքացիական հասարակութեան ոլորտներու առումով երկրի մթնոլորտը վերարժեւորելու՝ մինչ առաւելութիւններ կան արհեստական բանականութեան հեռանկարներով:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019

Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Քոլոմպիայի Արմենիա քաղաքի քաղաքապետ Օսքար Քասթելիանոս Թապարէսը։ Քաղաքապետին կ՚ընկերանար Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի պաշտօնատար Էօզքան Տուրմազ։

 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդս ամբողջութիւնն է մարմնի, այսինքն ֆիզիքական էութեան, մտքի եւ հոգիի։ Մարմինը կ՚աճի սնունդով, իր լայն առումով՝ հացով, իսկ միտքը կը զարգանայ գիտութեամբ։ Եւ հոգին կ՚ազնուանայ հոգեւոր սնունդով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ողջո՜յն աշխարհ, ողջո՜յն մարդիկ։      
Ես Նաթալին եմ՝ ութ տարեկան։ Ծնած եմ դրախտավայր Արցախի գողտրիկ ու կանաչածածկ գիւղերէն մէկուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ատըեամանեան շրջագայութիւնս խիստ ծանրաբեռնուած էր մարդկային շփումներով. hանդիպումներ ու հարցազրոյցներ՝ առաւօտէն իրիկուն, որոնցմէ դժգոհելու պատճառ չունէի անշուշտ. ընկերային մարդաբանութեան ուսանողիս համար  տարրական սնունդ էր այդ ամէնը պարզապէս։
Ատըեամանեան յիշողութեանս մէջ կան սակայն մի քանի ժամեր, որոնց ընթացքին սեւեռումս ժամանակաւորապէս շեղած էր մարդէն, տեղւոյն հայերէն, նոյնիսկ Ատըեամանէն։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019

Երէկ առաւօտ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Առաջաւորաց պահքի առթիւ, եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի մասնակցութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ հաւատացեալներ։
Քարոզիչ հայր սուրբը, արարողութեան աւարտին խօսեցաւ Առաջաւորաց պահքի նշանակութեան մասին։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բարկութիւն»ը, իր ամենալայն իմաստով, մարդուս հակազդեցութիւնն է անհաճոյ, անընդունելի եւ բարոյապէս վիրաւորիչ արարքի մը հանդէպ։ Անշուշտ, բարկութեան արտայայտութեան ձեւը կարեւոր է մանաւանդ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

1971 թուականի յունիս 21-ին Ճոն Լենըն աշխարհին նուիրեց «Imagine» («Պատկերացո՛ւր») երգը, որ դարձաւ երաժշտութեան համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն երգերէն մէկը:
Լենընը կը նշէր, որ երգը գրած է Եոքօ Օնոյի «Կրէյփֆրութ» («Grapefruit») գիրքէն ստացած տպաւորութիւններուն ազդեցութեան տակ, որ, ըստ էութեան, գերիրապաշտ ուղղորդումներու հաւաքածոյ է արուեստագէտներուն համար:

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս օրերուն շատ կը խօսուի Հայաստանի վերջին քաղաքական բուռն զարգացումներուն սփիւռքի մասնակցութեան մասին: Մասնաւորապէս՝ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման հարցին շուրջ սփիւռքի կարծիքը նկատի չառնելը, Հայաստանի պետական օրհներգի փոփոխութեան խօսակցութիւնները առանց սփիւռքի մասնակցութեան տանիլը եւ այլն, որոշ վրդովմունքի տեղի տուած են թէ՛ սփիւռքահայերու, թէ՛ սփիւռքի հետ առընչուող մտաւորականութեան մօտ:

Էջեր