Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

Երէկ, Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ համայնքային մասնաւոր կանանց հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Ամէն տարի երկու անգամ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերը կ՚իրականացնեն այդ ձեւաչափով երկու հաւաքոյթ։ Այս տարուան հաւաքոյթներէն մին զուգադիպեցաւ Մարտի 8-ին։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վերջին օրերուն քաղաքական օրակարգի վրայ տեղ կը զբաղեցնէ՝ Հայաստանի կողմէ 2009 թուականին, Ցիւրիխի մէջ, Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու կնքման գործընթացի կասեցումը։ Այս կապակցութեամբ անցեալ տարեվերջին հերթական վիճաբանութիւնն ալ տեղի ունեցած էր Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Մարտ է, խենթ Մարտ: Քիչ ա­ռաջ պայ­ծառ ա­րե­ւուն ջերմ շո­ղե­րը կը թա­փա­ռէին, ա­հա սու­րա­լով ե­կաւ մթա­մած ամպ մը, հրէ­շի պէս կուլ տուաւ շո­ղե­րը ու փո­րը խո­շոր դե­ւի կեր­պա­րան­քով սկս­աւ վե­րէն դի­տել, հո­վուն սու­լո­ցը լսուե­ցաւ չորս կող­մէն, ցրտեց. հե­ռու չէ նաեւ անձ­րե­ւը, նոյ­նիսկ ե­թէ անձ­րե­ւէ, եր­կար չի տե­ւեր, ա­րե­ւը կը շա­րու­նա­կէ մարտն­չիլ ամ­պե­րուն հետ ու փոխ­նի­փոխ յաղ­թա­նակ կը տա­նին, մինչ մենք՝ հան­դի­սա­տես­ներս, մերթ կը թրջուինք, մերթ կը քրտնինք, մերթ հո­վը կը հա­ր-ւա­ծէ, կը չորց­նէ թա­ցու­թիւ­նը, որ­մէ ետք՝ պա­ղա­ռու­թիւն, կրիփ...: 

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Մեծ պահ­քի հին­գե­րորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կի: 
Ղու­կա­սու Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ մեր Տէ­րը Յի­սուս Քրիս­տոս ա­ռակ մը կը պատ­մէ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րու պա­րու­նա­կու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է. քա­ղա­քի մը մէջ կար այ­րի կին մը, որ իր շրջա­պա­տէն ա­նի­րա­ւուած էր։ 

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը կրկնենք ճշմար­տու­թիւ­նը՝ թէ մարդ մար­մին չէ՛ միայն, այլ՝ մար­մին - հո­գի ե՛ւ միտք, ո­րոնք կը կազ­մեն եւ կ՚ամ­բող­ջաց­նեն մար­դը որ­պէս անձ՝ ապ­րող, զգա­ցող եւ մտա­ծող էակ։ Մարդ միայն մար­մին չէ, այ­լա­պէս «ոս­կի կուռք» մը պի­տի ըլ­լար ան՝ ան­սիրտ եւ ան­խիղճ եւ ան­բա՛ն։

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Շարժարուեստի Ամերիկեան ակադեմիոյ տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը՝ «Օսքար»ը, այս տարի 90-րդ անգամ տեղի ունեցաւ, կրկին իր վրայ սեւեռելով բարձր արուեստի սիրահարներուն ուշադրութիւնը: Հոլիուտի «Տոլպի» թատերասրահը արարողութենէն շաբաթներ առաջ կը զարդարուէր ու պատշաճօրէն կը պատրաստուէր ընդունելու շարժապատկերի արուեստի այսօրուան աստղերը, որոնք ամբողջ տարի մը կը սպասեն վայելելու աշխարհի ամենէն նշանաւոր կարմիր գորգին վրայ քալելու հաճոյքը:

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 

Կինը, կամ աւելի ճիշդը՝ իգական սեռը, դարերու ընթացքին եղած է ամենէն հալածուած եւ ստրկացուած սեռը, բոլոր մարզերուն մէջ՝ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային: Հայրիշխանութիւնը քաղցկեղի նման մուտք գործեց հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, պատճառ դարձաւ անոնց փտածութեան եւ զանոնք վերածեց կիներու ստրկացման մէկական միջոցի:

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ եզակի օր մը։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Մեծ պահոց շրջանին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը։ Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան կազմակերպեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ հերթական ցուցահանդէսը։

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այսօր համայն աշխարհի մէջ կը նշուի Մարտի 8-ը։ Համաշխարհային կանանց օրն է։ Աւանդաբար այս օրը հաստատուած է հասարակութեան կեանքէն ներս վաստակ ներդնող, ֆիզիքական ուժով աշխատող կանանց համար, սակայն շուտով շատ աւելի համապարփակ նշանակութիւն մը ստացած է։

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Քառասնորդաց պահեցողութիւնը՝ ինչպէս նախորդ գրութիւններուն մէջ նշած եմ, խորքին մէջ ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը սկսի տեղէ մը, այլ տեղ մը հասնելու համար, այլ խօսքով ճանապարհորդութեան սկիզբը ճանապարհորդները նպատակ կը դնեն իրենց համար հասնելու ցանկալիին: Ինչպէս իւրաքանչիւր ճանապարհորդութեան ընթացքին, ճանապարհորդները երբեմն քանի մը անգամ կը հանգստանան, իսկ երբեմն ալ միայն մէկ անգամ:

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բախտ» կ՚ըսեն ոմանք, եւ կ՚անցնին։ Իրաւ է, թէ կեանքի մէջ յաճախ դժբախտութիւններ կը պատահին ամէն ասպարէզի մէջ՝ որոնք շատ անգամ կը հեգնեն մարդկային իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը։

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը արձագանգեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգի կասեցման որոշման։ Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի ղեկավարութիւնը ներկայ ամսուան սկիզբին առ ոչինչ հռչակած էր Անգարայի հետ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները։

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնի երդիքին տակ եզակի հաւաքոյթ մը:
«Վայոց Ձոր» ելեկտրոնիկ գիրքի շնորհանդէսը արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան:

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Ողջունելով քաղաքապետն ու ընկերակիցները Երեւանի մէջ՝ Սերժ Սարգսեան Ժորժ Քեփենեքեանին բազում յաջողութիւններ մաղթեց այդ պաշտօնին գլուխը։

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

«Թաթուլ Ալթունեան» յոբելեար համոյթի անդամները այս առաւօտ Երեւանէն ժամանեցին Իսթանպուլ:
«Մարալ»ի ընտանիքը այսօր բարի գալստեան ընթրիք մը կը կազմակերպէ ի պատիւ հիւր արուեստագէտներուն:

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018

Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ Սուրիոյ տագնապը միշտ կը մնայ հրատապ հարց մը:
Յառաջիկայ 4 Ապրիլին, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Վլատիմիր Փութին եւ Հասան Ռուհանի պիտի տեսակցին Իսթանպուլի մէջ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018

«ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ Իտալիա կը փափաքի հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի քաղաքական եւ բանակցային լուծման», յայտարարեց ԵԱՀԿ-ի մօտ իտալական նախագահութեան մամլոյ քարտուղար Ճովաննի Տաւոլի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018

Երէկ, Երեւանի Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիտական մասնաշէնքէն ներս գումարուած ժողովի ընթացքին Մատենադարանի տնօրէն ընտրուեցաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, որ մինչ այդ արդէն ժամանակաւոր պաշտօնակատարի հանգամանքով կը գլխաւորէ կառոյցը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Բանակը ներկայիս գրեթէ ամբողջութեամբ պաշարած է Աֆրինի յարակից տարածքները։

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեանը:
«Մենք Եւրոպայի եւ Ասիոյ հատման խաչմերուկին վրայ ենք, մեծ կամուրջ մը՝ երկու աշխարհամասերու միջեւ»:

Էջեր