Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը արժեւորեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեայ յոբելեանը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Կիւմրիին նուիրած գումարով կը վերանորոգուի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահը: Այս պահուն ընթացքի մէջ են նախահաշուային ծրարի կազմման աշխատանքները:

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան հաւաքոյթէն վերջ յայտնեց, որ ամէն հաւաքականութեան մէջ կը պատահին լարուածութիւններ, սակայն մեր համայնքէն ներս պէտք չէ ըլլան քինախնդրութիւն եւ բեւեռացումներ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

Ներքին գործոց նախարարը երէկ կէսօր Չրաղանի պալատին մէջ ճաշասեղանի շուրջ երկուքուկէս ժամ խորհրդակցեցաւ մեր համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Պաշտօնագրի վերահաստատում:
Սիւլէյման Սոյլու խորհուրդ տուաւ չշեղիլ աւանդական ճանապարհէն:
Տասնեօթ հոգիէ բաղկացեալ ազգայիններու խումբը ընդգծեց, որ Պատրիարքական Աթոռը անյապաղ ձեւով նոր գահակալով մը օժտելու համար անհրաժեշտ է ձեռնարկել ընտրութեան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ 

Իսթանպուլի կուսակալութենէն Գումգաբու հասած վերջին ծանօթ պաշտօնագիրը կը շարունակէ բնորոշել մեր համայնքին օրակարգը։ Այս գրութիւնը մէկ կողմէ կը յստակացնէ պետութեան վերաբերմունքը, իսկ միւս կողմէ կարգ մը նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ մեր համայնքին տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ, վերջին օրերուն կը գտնուէր Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան, որ հայրենիքի մէջ մասնակցեցաւ իր նոր հրատարակուած գիրքի շնորհանդէսին: «Պատմաբանասիրական յօդուածներ» խորագրով այս ժողովածոն ներկայացուեցաւ Գէորգ Պարտաքճեանի ծննդեան 75-ամեակին նուիրուած նիստին ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կողմէ, յոբելեանական ձեռնարկն ու շնորհանդէսը եւս տեղի ունեցան նոյն ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վարդանանց ճակատամարտը մեր պատմութեան ամենէն շատ քննարկուած եւ ուսումնասիրուած ճակատամարտներէն մէկն է, որու մասին թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուած են ուսումնասիրողներու եւ ընդհանրապէս հայ հասարակութեան կողմէ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային ընդհանուր կեանքը ո՛չ մէկ իմաստ, ո՛չ մէկ արժէք կ՚ունենար եթէ անոր պակսի հաւատք տեսիլք եւ ոգի՛։ Պատմութեան մէջ անջնջելի՛ կը մնան այն անձերը՝ որոնք մեծագործութիւններ են կատարած եւ այն դէպքերը՝ որոնք քաջագործութիւններ են իր իսկակա՛ն իմաստով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որու առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018

Սամաթիոյ պատուակալ նախագահ Մելքոն Քարաքէօսէ երէկուան հաւաքոյթէն վերջ ըսաւ. «Մեր Պատրիարքական Աթոռը 557 տարուան հաստատութիւն մըն է։ Այս ընթացքին ունեցած է 84 գահակալ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ցայսօր ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը արդէն հասած է հազարի սահմանը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018

Համայնքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած՝ Սոյլուի եւ աշխարհական վարիչներու տեսակցութեան վրայ:
Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան հասած պաշտօնական նամակը կ՚արժեւորուի փութով:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ երէկ Եշիլգիւղի «Լը Շաթօ-էր» ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սեղան մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018

Օր՝ քահանայական ծառայութեան արժեւորման, պանծացման, փառաբանութեան եւ ներշնչանքի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի արարողութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Երգարուեստը՝ երաժշտական ստեղծագործութիւններուն հիմնական այն մասն է, որ կ՚ամբողջանայ ու կը ներկայանայ ունկնդիրին՝ իր բառագանձով, բանաստեղծութեամբ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքեան տասնեակ գաղութներու մէջ կան նոր կազմուած համայնքներ, որոնք կ՚ապրին ու կը շնչեն իրենց յատուկ տրամաբանութեամբ մը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018

Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Կի տը Մոփասան Ֆրանսայի առօրեայ կեանքը նկարագրող բազմաթիւ պատմուածքներու, վիպակներու եւ վէպերու հեղինակ է։ Ծնած է 1850-ին, Տիէփ քաղաքին մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անհոգութիւնը մարդկային այն տկարութիւնն է՝ որ երբեմն կրնայ մեծ վնասներու առիթ տալ։ Ուստի անհոգութեան հետեւանքով, մարդ կրնայ կորսնցնել իրեն համար ճակատագրական առիթ մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։

Էջեր