Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրաւէրով քաղաքս այցելած մտաւորականները երէկ հրաժեշտ առին քաղաքէս:
Տիգրան Զարգարեան եւ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան բարձր կը գնահատեն պոլսահայութեան հարուստ նախընթացները:

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018

Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային համախոհութիւնը աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ ստեղծելու համար սահմանային անվտանգութեան միաւոր մը՝ 30 հազար զինուորէ բաղկացեալ:
«Ուաշինկթըն կ՚առնէ մտահոգիչ քայլեր, որոնք կրնան օրինականացնել ահաբեկչական կազմակերպութիւնները։ Այս կացութիւնը անընդունելի է»:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա կը պատրաստուի գործողութեան ձեռնարկել Աֆրինի մէջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­նո­րո­շու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի... 
Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն հայ­կա­կան լրա­հո­սին գլխա­ւոր նիւ­թե­րէն մին դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի փայ­լուն աստ­ղին՝  Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի բրի­տա­նա­կան «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թը­տ» խում­բէն «դուրս գա­լու» հար­ցը: 

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018

«Մոնթեսորի» միջազգային ընկերակցութեան մեթոտաբանութեան մանկական կեդրոն՝ Երեւանի մէջ:
«Մենք այստեղ երեխաները կ՚ուղղորդենք, թէ ինչպէս կարելի է զարգանալ», կ՚ըսեն դաստիարակ պատասխանատուները:

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հո­գե­ւո­րա­կան» ո­րա­կու­մը ցոյց կու տայ են­թա­կա­յին դիր­քը, կե­ցուած­քը եւ ընդ­հա­նուր հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը եւ ըմբռ­նու­մը աշ­խար­հա­յին-նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ։
Սա­կայն, պէտք է խոս­տո­վա­նիլ եւ ըն­դու­նիլ, թէ՝ մարդ, քա­նի որ կ՚ապ­րի աշ­խար­հի վրայ, ու­րեմն չի՛ կրնար հրա­ժա­րիլ բո­լո­րո­վին աշ­խար­հա­յին-նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րէ, ո­րով­հե­տեւ ան միայն «հո­գի» չէ՛, այլ նաեւ՝ մար­մին, եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով պէտք է խնա­մէ, հոգ տա­նի նաեւ մար­մի­նին։ 

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ներելը տկար, անողնաշար մարդու գործ չէ։ Ո՛չ ալ տկարութիւն կամ պարտութիւն է։ Ներելը զօրաւոր ու «հերոս» մարդու գործ է։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, ստոյգ բան չկայ, քանի որ բնութիւնը ճանչնալ, բնութեան բոլոր գաղտնիքներուն տիրանալ կարելի չէ սահմանափակ միտքերու համար։ Բնութեան գիտութիւնը անսահման է՝ լայնատարած հորիզոն մը՝ որուն ո՛չ միայն հասնիլ, այլ մօտենալ իսկ կարելի չէ։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը ընդլայնած է կրթական ծրագրի հասանելիութիւնը՝ ապահովելով 170 յաւելեալ համակարգիչ եւ կեդրոնին մէջ ընդունելով 2800 պատանիներ, որոնք արձանագրուած էին սպասման ցուցակներու վրայ: Այժմ նոր ուսանողները եւ անոնց ծնողները կը գտնուին կողմնորոշիչ հանդիպումներու եւ առաջին՝ նախապատրաստական դասերու փուլին:

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

Վերջերս «Որդան կարմիր» ռաք-երաժշտութեան նուագախումբը, հրապարակեց իր «Լաօ» ձայնասկաւառակը, որ կը ներառէ հայկական ժողովրդական երգերու նոր մշակումներ, ինչպէս  նաեւ հեղինակային երգեր, որոնք ժամանակակից շունչ կը հաղորդեն գործին:

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան (ՖԻՏԷ) հրապարակած Յունուար ամսուան նոր դասաւորման մէջ, հայազգի կրոսմասթըր Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ չորրորդ դիրքը՝ իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2797 կէտ, ինչ որ 8 կէտով պակաս է նախորդ ցուցանիշէն:

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հրապարակեց Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութեան շուրջ իր որոշումը։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ որոշած է համաձայնութիւնը տեւականացնել։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Հաւաք» սրահի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ շահեկան ասուլիս մը:
Հայաստանի ազգային գրադարանը յաջորդ տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը: Այս տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է թուային գրադարաններու հինգերորդ խորհրդաժողովը:
Տիգրան Զարգարեան եւ Անդրանիկ Տագէսեան հանդէս եկան զեկուցումներով, նաեւ պատասխանեցին հարցումներու:

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

​Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար։ Վարժարանի սրահը յարդարուած էր գեղեցկօրէն եւ անոր երդիքին տակ կը տիրէր տօնական տրամադրութիւն։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

Համայնքային շրջանակները վաղը ժամադրուած են Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Գումգաբուի մէջ։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս հերթական անգամ պիտի համախմբուին մեր բարերաները, հաստատութիւններու վարիչներն ու Կեդրոնականի սաները, համակիրները։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մար­սէլ Ղա­նէմ եւ իր «Թոլք շոու»ն «դա­­տա­պար­տեա­լ»ի ա­թո­ռին վրայ…
Ան­ցեալ տա­րուան Նո­յեմ­բե­րի կէ­սէն աս­դին Լի­բա­նա­նի ներ­քին օ­րա­կար­գին մէջ նոր «տրա­մա­թի­ք» թե­մա մը ա­ւել­ցած է:

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018

ԵՄ կողմնակից է Իրանի միջուկային գործարքի մասին միջազգային համաձայնութեան պահպանման:
Պրիւքսելի եւ Ուաշինկթընի միջեւ տարակարծութիւնները կը խորանան, մինչ այսօր կը սպասուի Թրամփի որոշման:

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի տեսակցին ներկայ ամսուան կէսին. Երեւան տուեալներ չի հրատարակեր:
Փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան. «Այս պահուն շատ դժուար է խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի մասին, որովհետեւ կողմերու միջեւ ի սպառ կը պակսի վստահութեան մթնոլորտը» - Իտալական նախագահութիւնը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն:

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018

Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներկայիս ծագած են նոր տարաձայնութիւններ։ Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան վերիվայրումներ եւ այս խնդիրն ալ եկած է հանդիսանալ հերթական գործօնը։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018

«Անատոլու» գործակալութիւնը կատարեց թողարկում մը՝ անդրադառնալով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանին:
Համաշխարհային գործող լրագրողներու օրուան շարժառիթով յատկապէս մատնանշուեցաւ «աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական լրատուամիջոցը»՝ առաքելութեան առանձնայատկութիւններով:

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018

​Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած եւ Նու­պա­րիկ Հա­մամ­ճեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած ֆութ­սա­լի մրցա­շար­քը վեր­ջին շրջա­նին ար­ժա­նա­ցաւ մեր մար­զա­սէր շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Հինգ խում­բե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս մրցա­շար­քը։

Էջեր