Արխիւ
ԵՐԱՄ
Աղաւնի մըն էր մինակ, միս մինակ, միայնակ կանգնած ելեկտրական թելին, կարծես մէկու մը կը սպասէր. այնպէս ինչպէս Զանան։
Յանկարծ գլուխը դարձուց վար, կարծես նայեցաւ Զանային աչքերուն, ու թռաւ դէպի աջ, իր հետ տանելով սեւեռուն նայուածքը անոր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քաղաքական կեանքի մէջ պատահականութիւններ չկան։ Աւելի՛ն, Հայաստանի նման փոքր երկիրներու պարագային քաղաքական բոլոր անցուդարձերը, կամ անոնց մեծ մասը հաշուառուած են։ Հետեւաբար, հաշուառուած է նաեւ՝ երէկ հայկական մեծ օրակարգը «ոտից գլուխ ցնցած» Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատելու խնդիրը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Տատի՛կ, ինծի պարտէզիդ դափնիէն տերեւներ կրնա՞ս բերել:
Հարցուցի մեր տան հանդիպակաց մայթեզրին նստած կանաչեղէն վաճառող տատիկիս:
Նիկոլ Փաշինեան. «30 տարի կոչ ըրած են պայքարիլ փտածութեան դէմ, իսկ հիմա որ այդ պայքարը կ՚ընթանայ՝ կը յորդորեն ընդդիմութեան չճնշել»:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի իրադարձութիւնները կը մեկնաբանուին նոր խմորումներու եւ հաւանականութիւններու լոյսին տակ: Ռոպերթ Քոչարեան դուրս կու գայ բանտէն: Գագիկ Ծառուկեանի դատավճիռը մնաց այսօրուան: Ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ մեղադրանքներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանիքի գաղափարը Աստուծոյ մէկ հրաշագործ կարգադրութիւնն է մարդկութեան համար։ Արդարեւ ընտանիքը մարդկային ընկերութեան ողնայա՛րն է։
Վիեթնամի մէջ բացուած է հինգ աստղանի պանդոկ մը, որու թէ՛ արտաքինը եւ թէ ներքնամասը պատուած է ձոյլ ոսկիով։ Այս արտասովոր շէնքին մասին կը տեղեկացնէ պանդոկի պաշտօնական կայքէջը։
Իտալիոյ իշխանութիւնները կը ծրագրեն վերականգնել Թոսքանա մարզին մէջ գտնուող Վալի լիճի տակ մնացած երբեմնի գիւղը։
Ֆապրիքէ տէ Քարեճին անունով այս գիւղը հիմնուած է 12-րդ դարուն, սակայն 1946-ին այստեղ ջրաելեկտրակայանի կառուցման նպատակով ամբարտակ ստեղծուած է ու գիւղը մնացած է ջուրի տակ։
Սպանիոյ Ալմերիա քաղաքի բնակիչ այր եւ կին մը կ՚ապրի վերամշակուած շիշերէ, կերպընկալէ ամաններէ, ինքնաշարժի հինցած անիւներէ եւ աղբէ կառուցուած տունի մը մէջ։
Լաուրա Տէյվիս եւ Տէյվիտ Պիւքենըն այս իւրօրինակ տունը սկսան կառուցել 2007 թուականին
Աշխարհի ամենաբարձրահասակ շունը մրցանիշ մը եւս հաստատած է ու եղած՝ աշխարհի ամենատարեց գերմանական շունը։
Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիպիա։ Սա անակնկալ այցելութիւն մըն էր, որու ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուեցան վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Սիալայի կողմէ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Ընդդէմ Եհովայի վկաներուն» գիրքը։ Կիլիկիոյ Աթոռի հոգելոյս միաբաններէն Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանն է այս գործին հեղինակը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ ԳՀԽ-ի ժողով գումարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը ջանայ յամառօրէն կայուն հունի մէջ պահել իր բազմակողմանի գործունէութիւնը՝ հակառակ առկայ մարտահրաւէրներուն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երկու տարիէ ի վեր սա նախադասութիւնը գորովանքով, ուռած-փքած կ՚արտաբերէ գրեթէ ամէն քաղաքացի։ Մարդոց բազմաչարչար ու յոգնատանջ դէմքերուն լիարժէք ժպիտ մը գոյացած է՝ յաղթական։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մտաւորականներ Գրիգոր Զօհրապի «Դիմանկարներ» շարքին անդրադարձած են տակաւին Զօհրապ ապրած ժամանակ։ Ռուբէն Զարդարեան, օրինակ, «Մեղրագետ» ժողովածոյին մէջ (Պոլիս, 1914. թ., «Մեղրագետ», Զ. Գիր բարձրագոյն կարգերու համար) այդ դիմանկարներուն մասին գրած է.
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ արաբերէնէ թարգմանուած քանի մը պատմուածքներ, որոնք մեզմէ իւրաքանչիւրին համար այս կամ այն ձեւով տալիք պատգամ մը կամ դաս մը կը պարունակեն, մանաւանդ այս ծանր օրերուն, երբ թագաժահր վարակին պատճառով մեզմէ շատեր իրենց մտածումներով շատ յաճախ հեռուները կ՚երթան՝ ամէն բան մթնած ու խաւարած տեսնելով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոս Աստուծոյ պարգե՛ւն է մարդկութեան։
Ան պարգեւ մըն է մարդկութեան՝ ո՛չ թէ մարդկութեան որեւէ արժանիքին համար, այլ՝ Աստուծոյ սէրը ապացուցանելու համար։ Արդարեւ, Աստուած սիրեց աշխարհը եւ անոր տուաւ իր պարգեւը՝ Իր Միածին Որդին։
Բեմադրիչ Ճիվան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Քաննի մէջ։ Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնի աջակցութեամբ ստեղծուած ժապաւէն մը եւս՝ Քաննի շարժանկարի զօրութենական (virtuel) շուկային այս ամիս առաջին անգամ պիտի ներկայացուի գնորդներու եւ փառատօնի կազմակերպիչներուն՝ ֆիլմերու վաճառքի Ֆրանսական գործակալութեններէն MPM Premium-ի միջոցով:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ հերթական տեսաքոնֆերանսը տեղի պիտի ունենայ այս ամսավերջին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս բանբերը յայտնեց նաեւ, որ ներկայ ձեւաչափով հանդիպումները պիտի վերսկսին՝ երբ միջազգային հաղորդակցութիւններու՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումները ջնջուին։
Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնները երէկ յետաձգուեցան այս օրուան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ կը քննուի Երրորդ Հանրապետութեան ամենակարեւոր գործերէն մին: Վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը պատրաստուի դիմել Սահմանադրական ատեան:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ իշխանութիւններու տնօրինութեամբ նոր կարգադրութիւններ կը կատարուին երկրէն ներս։ Այսպէս, Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը՝ նախարար Ֆահրետտին Քոճայի գլխաւորութեամբ։