Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Յաճախ պատահած է, որ հռչակաւոր, տաղանդաւոր անձ մը անտաղանդ եւ անտարբեր ծնող մը եղած է իր զաւակներուն հանդէպ: Երբեմն պատահած է, որ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք խոստովանած են, որ իրենք տեղեակ ալ չեն եղած, թէ իրենց զաւակները ինչպէ՛ս մեծցած են կամ ի՛նչ նախասիրութիւններ ունին:

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ կը պատրաստուէի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յօդուածիս վերջին տողերը աւարտել, Հալէպէն կը հասնէր ցաւալի լուրը։
Հալէպ գտնուող եւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ սակրաւորներէն մին կը վիրաւորուէր, կոխելէ ետք կերպընկալէ պատուած ականի մը վրայ, որուն հետեւանքով ան ծանր կերպով կը վիրաւորուէր ու հիւանդանոց կը փոխադրուէր։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքէն ներս։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ «Ճումհուր» դաշինքին ուժի ցոյցը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան 31 մարտէն առաջ Ենիգաբուի մէջ Իսթանպուլի բնակիչներուն փոխանցեց իր պատգամը:

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019

Շաբաթավերջին պոլսահայ վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած նկարչութեան մրցոյթը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Քրիստին Սալերիի հարազատներուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած համանուն հիմնարկին կողմէ ութ տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի այս մրցոյթը, որ այս տարի եւս համախմբեց մեր դպրոցներու տղաքը, որոնք ստեղծագործեցին եւ այս ստեղծագործութիւններուն արդիւնքը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի դատակազմին կողմէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019

Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ գահակալի վերջին Այգուցը՝ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի համար Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ կատարուած արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Սուրբեր կան որոնք իրենց վարքագծերով լայն ակօսներ բացած են հաւատացեալներու սրտերէն ներս։ Սուրբերու բարեխօսութեան կարեւորութեան հաւատք ընծայողներ անհամբերութեամբ կը սպասեն անոնց յիշատակութեան օրերը, մանաւանդ ուխտաւորաբար կ՚այցելեն անոնց անուան ընծայուած տաճարները։ Այս սուրբերու կարգին է Ս. Նիկողայոս Հայրապետը, ժողովրդականացած կոչումով՝ Կաղանդ պապուկը։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքի մէջ «կառքով եկած ճամբան հետիոտն վերադառնալ», եւ կամ ինքնավստահութեամբ հեռացած տեղ մը ընկճուած եւ բարոյալքուած վերադառնալ, աւելի լաւ է ըսել. վերադառնալու ստիպուած ըլլալ՝ որքա՜ն ցաւալի է եւ որքան վատ զգացում մը…։ Մարդուս յոյսի եւ լոյսի ճամբան երբ կը խաւարի եւ յուսալքման պատճառ կ՚ըլլայ, անոր համար իսկակա՛ն հոգեկան անկում մը կ՚ըլլայ։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 

Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, եթէ յիշեցնեմ, որ երգիծանքը գրականութեան հնագոյն ձեւերէն մէկն է եւ որ մեզի փոխանցուած է յոյներէն։ Խորքին մէջ սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնեմ, որ թէեւ երգիծանքը Յունաստանէն ծնունդ առած էր, սակայն Հռոմը իր պերճախօսութեամբ զայն զարգացուցած էր։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Անցեալ տարեշրջանին Չինաստանէն երեք ժապաւէններ մեծ արձագանգ ստեղծեցին, ժապաւէններ, որոնց ետին կանգնած էր քաղաքական նպատակ, որ կ՚արտացոլացնէր Չինաստանի յետագայ քայլերը՝ տնտեսական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Այս հակիրճ յօդուածով կ՚ուզեմ անդրադառնալ այս ժապաւէններուն:

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ամէն անգամ որ հայ մը փայլի՝ որպէս մարզիկ, արուեստագէտ կամ քաղաքական գործիչ, հայրենի թէ օտար երկնակամարի տակ մեր սրտերը կը լեցուին հպարտութեամբ եւ անհուն գոհունակութեամբ եւ մենք կ՚ուզենք տարածել այդ լուրը համայն հայութեան, որպէսզի իրենք ալ բաժնեկից դառնան մեր ուրախութեան։
Ահաւասիկ այդ վերջին աստղերէն մին է Լեքս Նաճարեանը, որ կ՚ապրի Նեպրասքա նահանգի Լինքըն քաղաքը։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թէկուզ երկրորդ կամ երրորդ մակարդակի վրայ է, բայց այնուամենայնիւ Սուրիայէն Հայաստան հաստատուած մեր հայրենակիցներու օրակարգը կը շարունակէ յուզել մեզմէ շատերը։
Խնդիրն այն է, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու, սուրիահայերուն մեծ տոկոսը կարողացաւ ոտքի կանգնիլ եւ յաղթել «կեանք»ին։ 

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, Տարեցներու շաբթուան առթիւ, երէկ, կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց հաստատութեան մնայուն բնակիչներուն համար։ Այս առթիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները յատուկ փոխադրամիջոցներով առաջնորդուեցան Ֆլորիայի «Տեւելի» ճաշարանը, ուր համախմբուեցան սեղաններուն շուրջ։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ արաբական աշխարհի վարսայարդարութեան մրցում մը, որուն ծիրէն ներս լիբանանահայ վարսայարդար Յովսէփ Թըլսըմեան (սալոն ՀՄՄ) արժանացաւ այր մարդու լաւագոյն սափրիչի մրցանակին։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ «Արարատ» թերթը՝ նշելով, որ այս մրցումը կը կազմակերպուի չորս տարիէ ի վեր։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019

Հայաստանի կառավարութեան եւ միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններու միջեւ համաձայնութիւն:
Երեւանի մէջ 250 մեկավաթ հզօրութեամբ նոր ու բարձր արդիւնաւէտութեամբ ջրաելեկտրակայան մը պիտի կառուցուի:

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019

Հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելի 80-ամեայ յոբելեանը կ՚արժեւորուի բազմակողմանի ծրագրով մը:
Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը հանդէս եկաւ փառաշուք համերգով մը՝ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ:

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Ավինեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Համահայկական 7-րդ խաղերու կազմակերպչական յանձնախումբի նիստը։ Հարկ է նշել, որ Համահայկական 7-րդ խաղերը նախատեսուած են 7-17 օգոստոսին։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Շուէտի Միջազգային զարգացման ու համագործակցութեան նախարար Փեթէր Էրիքսոնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը արժեւորեցին երկու երկիրներու քաղաքական երկխօսութեան թափը ու վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համար փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափի մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019

Եւրոմիութիւնը 12.5 միլիոն եւրօ նպաստ մը յատկացնել որոշած է ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս գումարը պիտի տրամադրուի «Եւրոպական Միութեան ԹՈՒՄՕ ճարտարագիտական եւ կիրառական գիտութիւններու համալիր» մը հիմնելու նպատակին։ Այս համալիրը պիտի հանդիսանայ հետազօտութիւններու, կրթութեան եւ սթարթափներու «խաչմերուկ» մը, որ իր շուրջ պիտի համախմբէ տեղական կամ միջազգային գործընկերներ։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Վրաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը Թիֆլիզ պիտի ժամանէ երկուշաբթի՝ մարտի 25-ին։

Էջեր