Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ) այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ նախատեսուած են մեծ տօնակատարութիւններ, որոնք պիտի համախմբեն ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած ցանցի ներկայացուցիչները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Յունիս 12-ին Սինկափուրի մէջ կայացաւ պատմական հանդիպումը Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եանկ Ունի միջեւ եւ աշխարհ պահ մը շունչ քաշեց, որ հակամարտ ուժերը հեռացած էին հիւլէական բախումի մը վտանգէն: Սակայն, տարի մը առաջ սպառնալիքներ կը փոխանակուէին երկու կողմերու միջեւ եւ նախագահ Թրամփ կը սպառնար քարտէսի երեսէն ջնջել Հիւսիսային Քորէան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

Աշխատասիրեց՝ 
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երկու ամիսներու վրայ տարածուող մեր այս համեստ աշխատասիրութիւնը կ՚եզրափակենք տաղանդաշատ, սրբակենցաղ, երանաշնորհ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի խօսքով. «Սուրբ Պատարագը միայն Քրիստոսի զոհագործումը յիշատակող եւ անոր փրկագործական խորհուրդը տեւականացնող եւ այժմէականացնող ծէս մը չէ, միայն գեղեցիկ, վեհացնող ու վերացնող երաժշտութիւն չէ, այլ մանաւանդ՝ գագաթնակէտն է Եկեղեցւոյ ծէսին, այլ խօսքով՝ պաշտամունքին, որովհետեւ Պատարագին մէջ հաւատացեալ մարդը ո՛չ միայն մտքով ու հոգիով կը միանայ Աստուծոյ, այլ նաեւ մարմնաւորապէս կը հաղորդակցի Անոր հետ, հաղորդուելով մեր Տիրոջ եւ Աստուծոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի կենդանարար Մարմնին եւ Արեան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդու մը դէմքը, ընդհանրապէս կ՚արտայայտէ անոր անձնաւորութիւնը։ Անշուշտ ասիկա բացարձակ չափանիշ մը չէ, եւ այդ իսկ պատճառով կ՚ըսենք. «ընդհանրապէս», քանի որ այս մասին կրնայ սխալիլ մարդ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Աշխատասիրեց՝ 
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Երկու բան կայ, որ հոգին միշտ կը լեցնեն նոր զարմացումով եւ յարգանքով, այն է՝ մեզմէ վեր եղող աստեղազարդ երկինքը եւ խղճմտանքին ձայնը մեր սիրտերուն մէջ» (Էմմանուէլ Կանտ)

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Պատրաստեցին՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ եւ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը շարունակեն լարուածութեան մէջ պահել հաւատացեալները ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ Հայաստանէն դուրս։
Զանազան համայնքերէն, հոգեւոր եւ ոչ-հոգեւոր դասերու ներկայացուցիչներ, զարմանք կը յայտնեն, թէ ինչո՞ւ պետութիւնը չի միջամտեր տեղի ունեցածին եւ ինչպէ՛ս կարելի է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած տխուր միջադէպէն ետք ալ ի ցոյց չդրուի մօտեցում մը՝ պետական մարմիններուն կողմէ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ կան շահեր՝ որ մարդս կը խաբեն, քանի որ անոնք շահու կերպարանքին տակ իսկական կորուստներ են։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս «ոչխարի կերպարանքով մարդոց մօտեցող յափշտակիչ գայլեր», (ՄԱՏԹ. Է 15), որոնցմէ բարիք եւ օգուտ կ՚ակնկալելու, բայց անոնք միայն վնաս եւ կորուստ կը պատճառեն մարդոց։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հրէական կոմիտէի միջկրօնական գործերու բաժնի տնօրէն րաբբի Տէյվիտ Շլոմօ Ռոզէնը, որ միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլի գլխաւոր րաբբիութեան խորհրդականն է։ Հիւրին ուղեկցեցան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ ԱՄՆ-ի Հայկական միութեան նախագահ Էնթընի Պարսամեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ի վեր Տարօն Մարգարեան դարձած էր ընդդիմադիր ուժերու թիրախը։ Երբ այդ ընդդիմադիր ուժերը արդէն եկան իշխանութեան գլուխ, իշխանութիւնը կորսնցուցած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատկանող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կացութիւնը դարձած էր բաւական դժուար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով վաղը հանդիպում մը պիտի ունենան Պրիւքսելի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ տեսակցութիւնը կազմակերպուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Իրանի Ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանիան երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Գաղտնիք մը չէ, որ Նիւ Եորք քաղաքը ապրիլը գրեթէ անհնարին է, սղութեան պատճառաւ։ Ուրեմն Նիւ Եորք աշխատող պաշտօնեաներուն եւ գործաւորներուն մեծամասնութիւնը կը բնակին Նիւ Ճըրզի, որովհետեւ հոն տուներու գիներն ու վարձքերը աւելի նպաստաւոր են։ Իսկ Նիւ Եորքը Նիւ Ճըրզիէն կը բաժնէ Հատսըն գետը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ձեզի դիմողը սաղիմահայ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանն է։
Վերջին ամիսներու քաղաքական փոփոխութիւնները հետաքրքրեց ոչ միայն մեր երկրին ու ժողովուրդին, այլեւ աշխարհը դաս առաւ, որ առանց արիւնայեղութեան ալ կարելի է յեղափոխութիւն ընել եւ օտարները հիացմունքով արտայայտուեցան այդ մասին։ Ի զուր չկոչուեցաւ ԹԱՒՇԵԱՅ եւ ՍԻՐՈՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ...։

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Թանգարաններու եւ արխիւի բաժնի տնօրէնը Ս. Գեղարդի շուրջ ստեղծուած աղմուկը կը համարէ զաւեշտալի եւ անհիմն, սակայն կրօնական առումով նաեւ՝ դատապարտելի:
Տ. Ասողիկ Քահանայ Կարապետեան. «Ես չէի ուզեր առհասարակ անդրադառնալ այդ կասկածներուն։ Մասունքներու, սրբութիւններու դէմ նման յանդգնութիւնը, կասկածներու սերմանումը անընդունելի է։ Մարդիկ իրենց անձնական նուաստ շահերուն համար կ՚ընեն այդ յայտարարութիւնները»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով: Ոստիկանները այս առաւօտեան ժամերուն դուրս բերին դիւանատունը գրաւած իբր թէ ցուցարարները:

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018

Թուրքիոյ մէջ երէկ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախագահական կառավարման համակարգ: Երեկոյեան ժամերուն հրապարակուեցաւ նոր Նախարարաց խորհուրդի կազմը, որ կը բաղկանայ 16 հոգիէ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երդումը կատարեց Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ, յարգանքի այց մը տուաւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը եւ Պեշթեփէի մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնակալման արարողութեան: Անգարայի
պատմական հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս  Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու:

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին շարունակուեցան աղմկայարոյց, գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները, որոնց հիման վրայ ձերբակալուեցաւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրներէն Լեւոն Սարգսեան։ Հայաստանի յատուկ Քննչական ծառայութիւնը որոշեց Լեւոն Սարգսեանի առընթեր կալանաւորել նաեւ իր դուստրը՝ Անի Սարգսեանը եւ որդին՝ Նարեկ Սարգսեանը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական կաճառի կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական երրորդ ֆորումին։ «Ժողովրդավարութիւն, անվտանգութիւն եւ արտաքին քաղաքականութիւն» խորագրեալ այս ֆորումի ընթացքին Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, երկրի զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական շրջանաւարտներու հետ բաժնեց իր փորձառութիւնները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մենք սովորաբար կը հաւատանք, որ մեր կարծիքները բացարձակ ճշմարտութիւններ են եւ՝ հաստատ: Սակայն նոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ մեր տեսակէտները, նոյնիսկ՝ քաղաքականութեան վերաբերեալ, միշտ կը փոխուին, պարզապէս ոչ թէ ձեր ակնկալած պատճառներուն համար:

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018

«Միջերկրականեան Եւրոպայէ ներս քաղաքականութիւն, կրօն եւ սեռ (1840-1930 թուականներուն):
«Կրօնի մեկնակէտով մտածել սեռի մասին» խորագրեալ նիստին ընթացքին զեկուցում մը ներկայացուց Այլին Գօչունեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի անցեալ դարասկիզբի յօդուածներու լոյսին տակ խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վիճակած քաղաքակրթական առաքելութեան շուրջ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018

Հանրապետութեան նախագահը այսօր իր երդումը կը կատարէ Ազգային մեծ ժողովի նիստին ընթացքին:
Պեշթեփէի համալիրի արարողութեան զուգահեռ՝ Էրտողան կը հրապարակէ առաջին որոշմնագիրը եւ իր կառավարութիւնը:

Էջեր