Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 2, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի քան 300 տարիներ առաջ իշխանաւոր մը մօտենալով Խանին կ՚ըսէ. «սեւագլուխ մի անիծանէ զիս, եւ զքեզ հայհոյէ...»: Խանը ջղայնանլով կանչել կու տայ ամբաստանեալը ու կը հարցնէ. «մեք զի՞նչ չար արարաք` որ զմեզ հայհոյես»:

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Առակները, առածներն ու ասոյթները մի՛շտ ալ հայելին եղած են ազգի մը. նոյնիսկ ո՛չ պաշտօնապէս տարածուած զրոյցներ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով երկրի վիճակն ու որպիսութիւնը կը փոխանցեն: Այդ զրոյցները ցոյց կու տան տուեալ ժամանակի իրավիճակը՝ ըլլայ դրական կամ ժխտական:

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն, Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Նիկոսիոյ ՀԵՄ-ՀՄԸՄ մարզադաշտի մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իրաքը որպէս երկիր բաւական ճգնաժամային պայմաններէ կ՚անցնի։ Անկախ անկէ, որ նաւթով գերհարուստ այդ երկիրը «քուն ու դադար» չունեցաւ նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյինի իշխանապետութեան փլուզումէն ի վեր։

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021

«Երգող Արցախ» մանկապատանեկան ծրագիրը կ՚իրականացուի Ստեփանակերտի մէջ։ Այսպէս, 26 յուլիս-31 օգոստոս թուականներու միջեւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Երգող Արցախ» խորագիրով համաարցախեան մանկապատանեկան երգչախմբային ծրագիրը:

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021

Հայաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ բերաւ Ատրպէյճանի սադրանքները:
Երեւան պաշտօնապէս ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը:

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս 110-ամեակ:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նախագահեց Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021

Գատըգիւղի մէջ յայտնի սնկագէտի հեղինակած գիրքին համար տեղի ունեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը:
Ժիլպէռ Պարութճեան հետաքրքիր ընթերցասէրներու համար մակագրեց իր գործը, որ կը կոչուի «Makro Mantarlar»:

Շաբաթ, Յուլիս 31, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Օրերս երբ հերթական անգամ գացած էի զաւակս տուն վերադարձնելու նախակրթարանէն, ծառայողական ինքնաշարժ պատուիրեցի համացանցային մէկ ծրագիրով: Քանի մը վայրկեան սպասելէ ետք, ինքնաշարժը տեղ հասաւ:

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովա եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Էսատ Քայսէր, որոնք վերջին օրերուն եռակողմանի ձեւաչափով մէկտեղուած էին Պաքուի մէջ, երէկ այցելեցին Շուշի։

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրող Արմէն Շէկոյեան։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ ան 68 տարեկան հասակին հիւանդանոցի մէջ հեռացած է կեանքէն։

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

Ատրպէյճան երէկ գիշեր փորձեց անօդաչու թռչող սարքերով ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն:
Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆիլիփ Ռիքեր խօսեցան Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ հիմնադրուած «Աւանդական» պարախումբի անդամները երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ մտերմիկ հաւաքոյթով մը զիրար վերագտան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու երկար ժամանակահատուածէն վերջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յետպատերազմեան առկայ չափազանց տկարացած վիճակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան արդեօք կը ջանա՞յ խնդիրները հունէ դուրս բերելով «աչք թարթել» Արեւմուտքին:
Թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի այժմու քայլերը, սահմանի լարուածութիւններով հանդերձ, այդքան ալ ընդունելի չեն Մոսկուայի համար, մինչ Հայաստանէն կոչեր կը հասցէագրուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին:

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ ընդունեց համայնքիս սիրուած երգչուհիներէն Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վերջերս, բարեկամներէս մէկը, անմեղօրէն ինծի հարցուցած էր, թէ «ի՞նչ կ՚ընէի» այս օրերուն:
-Գրել-կարդալով կը զբաղուիմ.- համեստօրէն պատասխանած էի:

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Իմ տունը շատ ուրախ տուն է: Տեսնո՞ւմ էք էդ սարերը, Երեւանը շատ սիրուն է երեւում էստեղից ու դուք կը վայելէք տան յարմարաւէտ դիրքը՝ կենտրոնին մօտ, Հրազդանի հանգստացնող շառաչը անպակաս կը լինի ձեր ունկերից:

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր ձեզի պիտի ծանօթացնեմ Մերի Կրէյսին, Աննա Մարիային, Տայանային, Ալեքսին, Քլարային, Անժելինային եւ շա՜տ շա՜տ ուրիշներու: Անունները կարդալով յանկարծ օտարազգի անձնաւորութիւններ չկարծէք. անոնք թոռներն են Մուշեղին, Աբգարին, Արամին, Արփիարին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 29, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

1943 թուականին Պերլինի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ Հայաստան» թերթը օգոստոսի իր թիւին մէջ կը հրատարակէ Հ. Բիւրակեանի «Հանդիպում հայրենի առաքեալի հետ...» յօդուածը, որուն մէջ կը գրէ հետեւեալ տողերը. «-Էդ ի՜նչ էք անում... գրո՜ւմ, հա գրո՛ւմ էք... Հայրենիքն ազատելու համար զէնք ու զրահ է հարկաւոր: Մատիտով թշնամու աչքը չե՛ս հանի...»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 29, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անողոք պատերազմի ծանրագոյն օրերուն, խաւարի մեջ լոյս փնտռելու ատեն, նորէն ինքզինքս գտայ եկեղեցիի շեմին՝ պատարագի մասնակցելու ընթացքին: Երկրորդ անգամն է: Երկրորդ անգամ դարձայ դէպի Աստուած, դէպի Յիսուս Քրիստոս:

Էջեր