Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Տ. Զգօն Ծ. Վրդ. Տէր-Յակոբեանի «Սէր եւ ամուսնութիւն» աշխատութիւնը։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Երաժշտական մարաթոն»ը շաբաթավերջին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այսօրուան պատանիներն ու երիտասարդները նախորդ սերունդներէն աւելի լեզուներ գիտեն եւ բոլոր ժամանակներէ աւելի հաղորդակցելու արհեստագիտական միջոցներու կը տիրապետեն:
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին, «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-հրապարակային ձեռնարկ՝ նուիրուած արեւմտահայ երկու տիտաններու՝ Յակոբ Պարոնեանի եւ Գրիգոր Զօհրապի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի: «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական» Բ. տարի դասագիրքս յանկարծ աչքիս զարկաւ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցին իր հիմնադրութեան օրէն իսկ միշտ տէր կանգնած է որբին, այրիին, կեղեքեալին եւ աղքատին։ Եկեղեցին թանգարանացած վայր մը չէ, այլ ան կենդանի, շնչող ու սփոփարար սպեղանի է իւրաքանչիւր հայորդիի համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Շաբաթէ մը ի վեր Երեւանի մէջ էինք, ուր ականատես եղանք Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ծնունդ առած փոթորիկին։ Շուրջ երեք տասնամեակի անցեալ մը ունի Հայաստանի երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը, որու կայացման գործընթացը զուգորդուած է ծայր աստիճան բարդ պայմաններով։ Երիտասարդ պետականութեան ու առաւել եւս երիտասարդ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ ներկայ տագնապալի իրավիճակը ունի յատկանշական բնոյթ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ զայն։ Քանի որ ո՛ւր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հո՛ն եմ՝ անոնց միջեւ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։
Իսթանպուլի պետական օփերայի մանկանց երգչախումբը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ երկու կարեւոր համերգներով։ Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, «Զորլու» առեւտուրի կեդրոնի սրահին մէջ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Պաղլարպաշըի գերեզմանատունը։ Խումբին ուղեկցեցան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Թամար Մանկասար եւ Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Խումբ մը ծնողներ ալ միացած էին աշակերտներուն։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Առաջին Տիեզերական Ժողովը գումարուեցաւ Նիկիա քաղաքին մէջ, 325 թուին, Յունիս 19-ին։ Ժողովը գումարուեցաւ Բիւզանդիոնի կայսեր Կոստանդիանոս մեծի հրամանով, որուն մասնակցեցան բոլոր Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրապետները՝ թիւով 318 հոգի։ Ժողովին հիմնական նպատակն էր Աղեքսանդրիայի երէց՝ Արիոսի ուսուցումներուն քննութիւնն ու դատապարտութիւնը, ապա՝ նզովումը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պահրէյնի թագաւորութեան գիրքի միջազգային 18-րդ ցուցահանդէսը ունեցաւ բաւական յատկանշական դրուագներ: Նախ՝ Պահրէյնի Մուհարաք քաղաքը հռչակուած է 2018 տարուան Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց շրջանի 4-րդ Կիրակին, աւանդաբար կը կոչուի «Կարմիր Կիրակի»։ Ուրիշ բացատրութեամբ, Զատկին յաջորդող 3-րդ Կիրակին է, որ ընդհանրապէս կ՚անուանուի «Կարմիր Կիրակի»։ Արդարեւ, «յինունք» կամ «յիսունք» Զատկէն մինչեւ Հոգեգալուստ 50 օրերուն միջոցն է, որ ամբողջովին «տէրունի տօներ» են՝ ի պատիւ Յարութեան, եւ վերջին տասը օրը ի պատիւ Համբարձման։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գրաեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը, ըստ նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցի, միօրեայ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ շնորհաւորելու համար պետական աւագանիի երկու բարձրագոյն դէմքերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամ Նիկոլ Փաշինեանի անուան հանդիպեցայ 2008 թուականին: Մարտի դէպքերն էին ու Պէյրութն ալ դարձած էր այդ «թէժ դէպքեր»ու քննարկման վայրերէն մին: Գրող Արփի Ոսկանեանը նամակ մը առաքած էր ինծի ու ես այդ նամակը հրապարակայնացնելով կարդացած էի այդ օրերուն բաւական «աշխոյժ» լիբանանահայ մտաւորականներու համախմբման յարկին տակ: Նամակը թեր ու դէմ կարծիքներու ալիք մը ծաւալած էր եւ ներկաներէն շատեր չիմանալով Երեւանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը՝ մնացած էին «ափ ի բերան»:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթական մշակներ, ծնողներ, հիւրեր, դպրոցի պատասխանատուներ եւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ։
Սամաթիոյ Սահակեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ մանտոլինի համերգ մը, որով ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Մեր համայնքի մշակութասէր անդամներէն Աւետիս Արզուման 14 տարիէ ի վեր կ՚իրականացնէ մանտոլինի դասեր եւ մեր երիտասարդները հաղորդ կը դարձնէ երաժշտական մշակոյթին։
Պէզճեան Մայր վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան այս տարուան ընթերցման տօնին առթիւ։ Դպրոցի սրահին մէջ համախմբուեցան առաջին դասարանի փոքրիկները, իրենց ծնողները, կրթական մշակներ եւ հիւրեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս առաւօտ իր լրումին հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած «Քայլ արա» շարժումին 7-րդ օրը: Խօսքը անշուշտ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին է, որոնց շնորհիւ ալ Փաշինեան կը պահանջէ «չեղեալ» համարել Հայաստանի Հանրապետութեան արդէն երրորդ նախագահ եւ ներկայիս վարչապետ Սերժ Սարգսեանի երկրի ղեկը ստանձնելու որոշումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիրը:
Արմէն Սարգսեան ընդգծեց պոլսահայութեան ուրոյն դիրքն ու դերակատարութիւնը՝ հայ իրականութենէն ներս: