Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան ազատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու վերատեսուչի պարտականութիւններէն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռէ ներս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը. «Երանի անոնց, որոնք վաստակ ունին Սուրբ Էջմիածնի մէջ»:
«Ժամանակ առ ժամանակ պէտք է ըլլալ այստեղ, սա յարմարագոյն վայրն է անցեալի եւ ապագայի մասին մտածելու համար»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ընտրութիւններու խնդիրը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքային օրակարգի հիմնական հարցերէն մին։ Մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնը առկախեալ վիճակի մէջ է։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թիֆլիզի հայկական հետքերը բազմաթիւ են: Ամէն քայլափոխի կարելի է հայկական պատմութեան մասնիկի մը հանդիպիլ այս հին քաղաքին մէջ, որ Վրաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքն է, ուր հայկական մեծ համայնք մը կայ: Հայաստանի զբօսաշրջային ընկերութիւնները Թիֆլիզի հայկական վայրերը երթուղիներ կը կազմակերպեն եւ զբօսաշրջիկները կը ծանօթացնեն այն կառոյցներուն, վայրերուն, որոնք հայոց պատմութեան անբաժան մասը կը կազմեն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:
Այժմ տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ հայրերը ի՛նչ կերպով բացատրած են այս խնդրանքը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան նախագահը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետն ու Պերճ Սեդրակեան կարեւորեցին հայ ժողովուրդի ապագայի կերտումը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

«Ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը թող սրբու­թեամբ եւ պա­տուով ա­մուս­նա­նայ» (Ա.Թս 4.4)
Ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան դափ­նեպ­սա­կը հան­դի­սա­ցող մար­դը՝ վեր­ջի­նը ու ի­մաս­տա­ւո­րո­ղը ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան, իբ­րեւ հո­գե­ղէն ու մարմ­նե­ղէն գո­յա­ցու­թիւն, Աս­տու­ծոյ «կեն­դա­նի շունչ»ով ա­րա­րո­ւած, երկ­րա­յին հո­ղէն առ­նուած բայց Երկ­նա­յի­նո՛վ ան­մա­հա­ցած, եղ­ծա­նե­լի տար­րէն գո­յա­ւո­րուած բայց Ա­մե­նա­կա­լին հպու­մո­վը ա­նե՛ղծ դար­ձած, Աս­տու­ծոյ գերբ­նար­փեան շնորհք­նե­րով ո­գե­զինո­ւած, ա­զա­տու­թեամբ, բա­նա­կա­նու­թեամբ եւ ան­մա­հու­թեամբ օժ­տուած, կո­չուած էր բո­լոր ա­րա­րած­նե­րուն պա­րագ­լու­խը դառ­նա­լու եւ Աս­տուծ­մէ ի­րեն տրուած սուրբ կտա­կը շա­րու­նա­կե­լու։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այ­սօր ա­ւա՜ղ, Ա­րա Կիւ­լէ­րը ֆի­զի­քա­պէս կը բա­ցա­կա­յի մեր շար­քե­րէն։
90-ա­մեայ այս մե­ծա­նուն հա­յոր­դին, աշ­խար­հահռ­չակ, ա­ռաս­պե­լա­կան հան­ճա­րեղ հա­յը՝ ֆո­թոլ­րագ­րու­թեան կնքա­հայ­րը, իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց սոյն թուա­կա­նի հոկ­տեմ­բե­րի 18-ին։

 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նախանձը անշահ, անօգուտ զգացում մըն է, որ մարդս գերի կը դարձնէ ինքն իրեն։ Արդարեւ, նախանձէն ո՛չ շահ եւ ոչ ալ բարիք կրնայ ապահովել նախանձողը, քանի որ նախանձը միայն վնաս կը պատճառէ, ինչ որ ստո՛յգ է կեանքի փորձառութեամբ, վկայութիւններով, զանազան ապրումներով։ Կարելի չէ՛ որեւէ արդարացում, որեւէ պատճառաբանութիւն նկատել նախանձի մէջ եւ արդարացնել նախանձոտը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

«Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս սգահանդէս՝ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:
Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց անմոռանալի ծանրաբարձ Եուրի Վարդանեանի հոգեհանգստեան կարգին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

Հայաստանի 2019 թուականի պետական պիւտճէն ներկայիս կը քննարկուի Ազգային ժողովէն ներս։ Նախընթաց օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանէն ներս ելոյթ մը ունենալով ներկայացուց պիւտճէի նախագիծը եւ պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ վերջերս տարածքաշրջան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցան երկրի կարգ մը դեսպանները։ Այսպէս, Էտկար Ղազարեան ետ կանչուեցաւ Լեհաստանի դեսպանի պաշտօնէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլայի հետ։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցան այս կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան, երկրի մշակոյթն ու արժէքները այս կառոյցէն ներս լաւագոյնս ներկայացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018

Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:
ԵՄ-ի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի. «Մենք կ՚ակնկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան լաւագոյն ընտրութիւնները»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ մը ստացաւ Crans Montana ֆորումի նախագահ Փիէռ-Էմմանիւէլ Քուիրինի եւ նոյն ֆորումի պատուոյ նախագահ ու հիմ-նադիր դեսպան Ժան-Փոլ Քարթերոնի կողմէ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ վերջերս մասնակցութիւն բերած էր «Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» խորագրեալ համաժողովին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց յայտնի արուեստաբան ու շարժանկարի մասնագէտ Արմէն Մետվետեւը։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը նախապէս արժանացած է «Եղիցի լոյս» մրցանակին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեր արժէքները լիցքաւորեցին մեր ժողովուրդի գոյապայքարը՝ հաւատքով ու վճռակամութեամբ»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքը կամ Աստուածաշունչը կը բաղկանայ երկու մասերէ, որ են Հին եւ Նոր Կտակարանները։ «Կտակարան» բառը յունարէն «տիաթիքի» բառին թարգմանութիւնն է։ Այս յունարէն բառը կը նշանակէ «կարգադրութիւն», եւ յունարէն Նոր Կտակարանին մէջ գործածուած է, նախ՝ այն կարգադրութիւնը կամ պայմանը նշանակելու, զոր Աստուած մարդոց հետ ընել հաճեցաւ, եւ այս առմամբ նոյն բառը հայերէն թարգմանուած է «ուխտ»։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018

Թիւրքմենիստանի մէջ կազմակերպուած ծանրաբարձութեան համաշխարհային առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականն ալ մրցաշարքի աւարտին վերադարձաւ Երեւան։

Էջեր