Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018

Ընտրութիւններու արդիւնքով կը սկսի նոր կառավարման համակարգի հաստատման գործընթացը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան 9 յուլիսին երդումը պիտի կատարէ խորհրդարանին մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018

Երէկուան պատմական ընտրութիւններով Թուրքիոյ մէջ հաստատուեցաւ կառավարման նոր համակարգ մը, որ կը խոստանայ արդիւնաւէտութեան հորիզոններ: Ժողովրդավարութեան յաղթանակ: Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան քուէներու 52.6 տոկոսով վերընտրուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ։ Յառաջիկայ հնգամեայ շրջանին ան պիտի շարունակէ պետութեան ղեկը վարել՝ ժողովրդական ամուր յենարաններով ու աներեր զօրակցութեամբ։ Ազգային մեծ ժողով մուտք գործել յաջողեցաւ հինգ կուսակցութիւն։ Աք կուսակցութիւնը թէեւ առանձինն կորսնցուց խորհրդարանի մեծամասնութիւնը, սակայն ՄՀՓ-ի հետ կազմած «ճումհուր» դաշինքը ապահոված է բաւարար աթոռներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018

Քուէատուփէն դուրս եկած արդիւնքը իսկապէս յատկանշական է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Երկրի ժողովրդավարական ճանապարհորդութեան տեսակէտէ երէկուան ընտրութիւնները անկիւնադարձ մը սահմանած են։

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018

Երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով Ազգային մեծ ժողով մուտք գործել յաջողեցան Մարգար Էսաեան եւ Կարօ Փայլան։ Այս վերջիններու վերընտրութիւնով կը շարունակուի խորհրդարանէ ներս հայազգի երեսփոխաններու գոյութեան նախընթացը։

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Մամուլ» եւ մենք՝ ծերացած մոլորակի բնակիչներ՝ բոլոր միջօրէականներու եւ զուգահեռականներու, կարեւորներ եւ շարքայիններ, ղեկավարներ եւ մի ոմն lamda քաղաքացիներ:
Ամէն օր, որ կ՚անցնի, կը շեշտուին լայն առումով «մամուլ»ի դերը եւ ազդեցութիւնը ընկերային-քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, լրատուամիջոցը ըլլայ՝ դասական տպագիր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, ելեկտրոնային-համացանցային:

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

127 տարի առաջ, յունիս 8-ին, Պոլսոյ մէջ մահացաւ մեծ մարդու եւ նոյնքան մեծ հայու պայծառագոյն դէմքերէն մէկը՝ անմահն Յակոբ Պարոնեան:
Ապաժամ եւ դժբախտ վախճան մը ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան (1843-1891): 

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Եոկիաքարթայի սուլթանը քաղաքական եւ հոգեւոր հզօր դիրք ունի Ինտոնեզիոյ Ճաուա կղզիին մէջ: Ան կը խուսանաւէ, որպէսզի աւագ դուստրը իր ժառանգը դառնայ՝ հրահրելով  դառն դժգոհութիւններ:

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընկերային կեանքի մէջ, ընդհանրապէս գնահատելի կը նկատուի ճարպիկութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ ջանադրութիւնը։ Այս յատկութիւններն են որ մարդս օգտակար անդամ մը կ՚ընեն ընկերութեան եւ զինքն ալ յաջողութեան կ՚առաջնորդեն։

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

Աշխատասիրեց՝ 
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

- «Որ­դի Աս­տու­ծոյ» հո­գեգ­րաւ շա­րա­կա­նի ըն­թաց­քին քա­հա­նան ի՞նչ կը կա­տա­րէ։
- Սար­կա­ւա­գը կը հրա­ւի­րէ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը Աս­տու­ծոյ երկր­պա­գե­լու, որ­մէ ետք դպիր­նե­րը կ՚եր­գեն

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Փրոֆ. Թա­նէր Աք­չա­մի հայ­կա­կան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ Ե­րե­ւա­նի վեր­ջին խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն շուրջ մեր գրի ա­ռած շար­քը այ­սօր կ­­՚եզ­րա­փա­կենք։ Իր մատ­նան­շած բա­նա­լի­նե­րու լոյ­սին տակ հայ­կա­կան կող­մի դիր­քո­րո­շումն ալ ու­շագ­րաւ ե­րե­ւոյթ մը կը պար­զէ։
Ա­յո՛, ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով Աք­չա­մի մօ­տե­ցու­մը կը հա­մընկ­նի հայ­կա­կան կող­մի վե­րա­բեր­մուն­քին հետ։ 

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ժ. Ժ. Ռու­սօ, իր «Է­միլ» գիր­քին մէջ կ՚ը­սէ, թէ՝ կրթու­թիւ­նը կը սկսի մօր գրկին մէջ, ա­պա կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ՝ դպրո­ցը՝ ու­սու­ցի­չին հսկո­ղու­թեա­նը տակ եւ կ՚ամ­բող­ջա­նայ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ՝ ու­ղիղ եւ շի­տակ քայ­լեր առ­նե­լով։
Ա­մէն աս­պա­րէզ, ա­մէն նա­խա­սի­րուած աշ­խա­տու­թեան տե­սակ, ա­մէն ծա­ռա­յու­թիւն նուի­րա­կա՛ն է, երբ ան նպա­տակ եւ դի­տա­ւո­րու­թիւն ու­նի «մա՛րդ»ը՝ նուի­րուած է մարդ­կու­թեան բա­րօ­րու­թեան, յա­ռա­ջաց­ման եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան։

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերուն վրայ բազմակողմանի ակնարկ՝ անցեալէն մինչեւ այսօր:
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած գիտաժողովը հասաւ իր աւարտին:

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցան Մինսքի մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովէն՝ հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան։ Ժողովին մասնակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

Ժողովուրդը քուէատուփի մօտ կը փութայ ընտրելու համար թէ՛ նախագահը եւ թէ երեսփոխանները:
Վաղուան ընտրութիւններով Թուրքիոյ մէջ վերջնականօրէն պիտի հաստատուի նոր կառավարման համակարգ մը:

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Փրոֆ. Թանէր Աքչամի հայկական հարցի վերաբերեալ Երեւանի վերջին խորհրդածութիւններուն շուրջ մեր գրի առած շարքը այսօր կ՚եզրափակենք։ Իր մատնանշած բանալիներու լոյսին տակ հայկական կողմի դիրքորոշումն ալ ուշագրաւ երեւոյթ մը կը պարզէ։

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան ազատուեցաւ Ս. Գայիանէ վանքի վանահօր պարտականութիւններէն։ Այս կապակցութեամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետութեան թելադրուեցաւ Հայր Կորիւնի կեցութիւնը մայրավանքէ ներս։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա, Ուաշինկթըն եւ Փարիզ կը շարունակեն աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին անդրադարձաւ՝ հիւրընկալելու ժամանակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը, որ այցելեց Երեւան։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Իսթանպուլի նորակառոյց երրորդ օդակայանը երէկ օգտագործուեցաւ առաջին անգամ։ Թէեւ տակաւին շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն օդակայանի թռիչքուղիները արդէն պատրաստ են։

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը:
Ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ անդրադարձ՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն:

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018

Թուրքիա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներկայիս կը ներածէ «F-35» ռազմաօդանաւեր։ Ամերիկեան կողմը երէկ Թուրք զինեալ ուժերուն համար յանձնեց առաջին «F-35» ռազմաօդանաւը, որու համարն է 18-0001։ Այս գործարքը կ՚իրականանայ՝ հակառակ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշումներուն եւ Թուրքիոյ դէմ նախատեսուած պատժամիջոցներուն։

Էջեր