Արխիւ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ տեսաուղերձով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայանէն:
«Մենք կը հաւատանք, թէ մեր ժողովուրդի եւ մեր եկեղեցականաց դասուն հետ միասնաբար մենք պիտի կարողանանք մեր եկեղեցին դարձնել զօրաւոր եւ արդիւնաւոր իր առաքելութեան մէջ»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մեծ մայրը կողը բռնած օրն ի բուն կ՚աղօթէ ու փառք կու տայ Բարձրեալին: Միշտ այս կեցուածքը ունի ան, գոհունակութիւն մը կայ անոր դէմքէն ցոլացող, քիչ մըն ալ թաց աչքեր կը պսպղան փայլք մը տալով դէմքին շողին: Կողը: Ի՞նչ կայ հոն:
Ամերիկահայ աշխարհահռչակ երաժիշտ, ռաք երաժշտութեան կենդանի առասպել Սերժ Թանկեան վերջերս այցելեց Երեւան։ Իր կեցութեան օրերուն ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի կողմէ։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հիւրընկալեց ասորի եւ ղպտի պատրիարքները:
Դաւանակից եկեղեցիները կը գործակցին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մարտահրաւէրներուն դէմ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պաշտօնի փոխանցման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, նորընտիր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան առաջնորդական ասան ստացաւ՝ ձեռամբ նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը կարեւորէ՝ բարձր մակարդակով այցելութիւններու աշխուժացումը:
Հայաստան-ԱՄՆ տնտեսական համագործակցութեան խթանման համար կարեւոր է պայմանագրային դաշտի ընդլայնումը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Գերմանիա խորհրդարանական աշխոյժ համագործակցութեան կապակցութեամբ։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ՝ համաձայնութեան հասնելու համար գաղթականներու խնդրին շուրջ։ Պրիւքսելի մէջ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդին ժողովը, որու ընթացքին ապրուեցան բարդ վէճեր։
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի պատմական ու սրբազան համալիրէն ներս հանդիսաւոր մեծարանք՝ բարձրաստիճան հիւրի համար:
Իշխան Ուիլիըմզ որպէս յուշանուէր հայկական ինքնուրոյն խաչ մը ստացաւ՝ Հայոց պատրիարքութիւնը ներկայացնող հոգեւորականներուն կողմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, յաճախ, փոխանակ ճշմարիտի, սուտը եւ խաբէականը կը նախընտրեն, ինչպէս՝ փոխանակ սիրոյ՝ ատելութիւնը եւ նենգամտութիւնը։ Ասիկա մարդկային տկարութեան եւ թերութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ որ սերունդէ՜ սերունդ կը փոխանցուի մարդոց մէջ՝ հետզհետէ զօրանալով, փոխանակ տկարանալու կամ թեթեւնալու, կամ աւելի լա՛ւ է ըսել՝ մեղմանալու։
Ոդիսակա՞ն, թէ՞ արհաւիրք: Նախագահ Տանըլտ Թրամփի անխոհեմ, կարճատես եւ անտրամաբանական գործունէութիւնը օրըստօրէ իր վրայ կը կեդրոնացնէ բոլորին ուշադրութիւնը՝ յաւելեալ քննադատութիւններու դուռ բանալով:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Սրտակից ընկեր մը, որ մօտէն կը ճանչնայ բոլորիս սիրելի երաժիշտ Գէորգ Հաճեանը, առաւօտ մը, ուրախ տրամադրութեամբ լեցուած, սեղանիս վրայ դրաւ գեղատիպ կողքով ձայնասկաւառակ մը, ապա անպաճոյճ բառերով ըսաւ. «Գէորգին նուէրը՝ քեզի»:
Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան յայտարարեց, որ կաշկանդող հանգամանք մը չկայ 1 մարտ 1999 թուականի դէպքերու բացայայտման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սասուն Խաչատրեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Հայաստանի կառավարութեան նիստէն առաջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց առջեւ յաճախ առիթներ կը ներկայանան՝ բարեպատեհ առիթներ, որոնք կրնան փոխել ամբողջ կեանք մը, անհատական կամ հաւաքական կեանքի մը ընթացքը շրջել եւ բոլորովին «նոր կեա՛նք» մը ստեղծել։
Բայց երբեմն մարդիկ անտարբեր կը վերաբերուին այդ առիթին նկատմամբ՝ իրենց օգտակարին հանդէպ եւ անշո՛ւշտ կը կորսնցնեն բարեփոխուելու առիթը
Հին ժամանակներուն հայերուս ամուսնական ընտրութեան կարգը ունեցած է նահապետական բնոյթ: Այսօր շատերուն զարմանալի կը թուի նոյնիսկ ա՛յն, որ կողմերու սեփական ընտրութիւնը եղած է խիստ սահմանափակ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէսզի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ» (Ելք 32.1)
Սա իսրայէլացիներուն բողոքի ձայնն էր, որ Ահարոնին ուղղեցին, երբ Մովսէսը Սինա լեռ բարձրացած էր՝ Աստուծոյ մօտ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհի մեծագոյն գրադարանին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի գրադարանին, մէջ 26 յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած բացառիկ գիտաժողով մը: Քոնկրէսի գրադարանին կայքէջը հանգամանալից կերպով տեղեկացուց գիտաժողովին մանրամասնութիւնները, նշելով, որ անիկա տեղի ունեցած է 1991 թուականէն ի վեր պարբերաբար իրականացուող «Վարդանանց օրեր» ամենամեայ դասախօսութիւններու ծիրէն ներս, իսկ ձեռնարկին կազմակերպիչը Քոնկրէսի գրադարանին հայ աշխատակից, նշանաւոր պատմաբան Լեւոն Աւտոյեանն է:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի հիւպատոսարանէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մը։ Այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ի պատիւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիսի, որ աւարտին կը հասցնէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը քաղաքէս ներս։
Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ:
Նիստի մասնակիցները լաւատեսութիւն յայտնեցին ընտրութիւններու արդիւնքով երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ՝ համայնքային խնդիրներու լուծման առումով:
Քրիստոնեայ ժողովուրդներու միասնութիւնը կարեւոր է՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ։
Վարչապետ Փաշինեան հիւրընկալեց Աւստրալիոյ առաքելական եկեղեցիներու առաջնորդները, որոնք այցելեցին Հայաստան։