Արխիւ
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցան Սամաթիոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-րդ կրկնակ տարեդարձները։
Ներկայ շաբթուան տեւողութեան Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան հերթական ժողովը։ Յառաջիկայ հինգշաբթի, 22 նոյեմբերին նախատեսուած են բանակցութիւնները, որոնց առթիւ Թուրքիա պիտի այցելեն Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար ու Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չի կրնար ողջունել եկեղեցւոյ պառակտման ուղղեալ քայլերը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը Նովոսիտիսկի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Ուքրայնայի Ուղղափառ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամ արտահերթ ընտրութիւններ…
Բաւական հանգիստ մթնոլորտի մը մէջ Հայաստան մուտք գործեց արտահերթ ընտրութիւններու նախընտրական փուլը։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Իւրաքանչիւր հոգեւորական իր կեանքը ի սպաս կը դնէ Եկեղեցւոյ ծառայութեան, երբ ներքին ձայն մը զինք կը կանչէ։ Այդ ձայնը կոչումն է։ Հաւատքի այդ զգացողութեան գերագոյն պահը, երբ քրիստոնեայ մարդը իր մէջ այնքան զօրեղ կը զգայ ծառայելու զգացումը եւ կը հետեւի Քրիստոսի հրաւէրին, երբ Ան կը պատգամէ. «Վերցուր խաչդ եւ ինծի հետեւէ»։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ յետմիջօրէին գրական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ Օննիկ Ֆըչըճեանի։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ համախմբեց կոկիկ թիւով գրասէրներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հպարտութի՞ւն թէ խոնարհութիւն, ո՞րն է որ մարդս կ՚ազնուացնէ իր փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Հպա՞րտը թէ խոնարհը յարգ եւ պատիւ կը վայելէ, կամ ըսենք, ո՞ր մէկը աւելի համակրանք կը ստեղծէ ընկերութեան մէջ։
Այն ինչ որ պէտք է ըլլայ, ինչպէս շատ մը հարցերու մէջ, գործնականութեան մէջ չի պատահիր ընդհանրապէս, եւ տեսլականին կամ գաղափարականին չի յարմարիր գործնականը։
Յունաստանի մէջ նախատեսուած Սահմանադութեան փոփոխութիւններու ծիրէն ներս պետական ու կրօնական գործերու տարանջատման ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերը կը շարունակեն զբաղեցնել հանրային կարծիքի օրակարգը։ Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Աթէնքի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի միջեւ այս ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութիւնը արդէն նոր մարտահրաւէրի մը վերածուած է։
Էմինէօնիւի պատմական Եգիպտական շուկայի Գործարարներու միութեան ղեկավարութիւնը վերջերս հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինին, որ ներկայիս նշանակուած է Անգարայի կուսակալ։
«Սթար» զտարանը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ երկկողմանի գործակցութիւնը:
Նախարար Չավուշօղլու խորհրդարանի մէջ խօսեցաւ Անգարա-Պաքու յարաբերութիւններուն շուրջ:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան նախընթաց օր այցելեց «Մուրացան» համալսարանական հիւանդանոցը, ուր բուժում կը ստանան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ։ Սա Հայաստանի կարեւորագոյն բժշկական մասնագիտական հաստատութիւններէն մին է։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն եւ Մարալ Էպէօղլու-Սաթարը, ինչպէս նաեւ աշակերտներէն Աննա Իվանեանն ու Շանթ Շիմշէքչաքը։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Էսաեանի ընտանիքը յառաջիկայ օրերուն պիտի ոգեկոչէ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանը։
Երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Գատըգիւղի ընտանիքը բիւր յարգանքով եւ արդէն կարօտով ոգեկոչեց թաղի ամենահամակրելի վարչային դէմքերէն բարեյիշատակ Յակոբ Արապեանը, որու մօտաւոր անցեալին կորուստը խոր ցաւ ստեղծած էր։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետը հիւրընկալեց ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները:
Քեմալ Քըլըչտարօղլուի տանտիրութեամբ սարքուած սեղանին շուրջ էր նաեւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Նարեկ եւ Տիգրան Հախնազարեանները համատեղ սկաւառակ ձայնագրած են։ Այսպէս, թաւջութակահար, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Նարեկ Հախնազարեան իր եղբօր՝ խմբավար, ջութակահար Տիգրան Հախնազարեանի եւ Վիեննայի սիմֆոնիկ նուագախումբի հետ միասին սկաւառակ մը ձայնագրած է:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս «Ագափէ» յանձնախումբը կը ծաւալէ աշխոյժ աշխատանք:
Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան բարձր կը գնահատէ աներեր հաւատքով գործունէութիւնը:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու իրաւաբան ու հասարակական գործիչ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէրը։ Այս վերջինը ՃՀՓ-է ներս դիմում ներկայացուցած է՝ որպէսզի կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու ցոյց տրուի։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ղեկավարներուն միջեւ տեսակցութիւն:
Մնացականեան. «Երեւան չէ զրկուած ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի թեկնածու առաջադրելու հնարաւորութենէն»:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ կարեւոր հիւր մը. յանձինն՝ Սաթի Մանկասարեանի (Ունճեան)։ Ան վարժարանի հիմքերը դրած Ունճեան գերդաստանի շառաւիղներէն է ու նախկին շրջանաւարտուհիներէն։