Արխիւ
Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը շաբաթավերջին Սուրբ Էջմիածնի աւանդատուն-թանգարանէն դուրս բերուելով հաւատացեալներու օրհնութեան եւ երկրպագութեան տրամադրուեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ Մայր Աթոռի դիւանատունը գրաւած խումբ մը մոլեռանդ ցուցարարներ պնդած էին, որ Ս. Գեղարդը վաճառուած է, ապա Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ շաբաթավերջին Ս. Գեղարդը հերթական անգամ վերաբերուեցաւ հաւատացեալներու օրհնութեան եւ երկրպագութեան համար։
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց հաւաքը, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, երէկ հասաւ իր աւարտին։ Եզրափակիչ փուլը նախատեսուած էր Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարին զուգադիպեցաւ երիտասարդաց հաւաքի եզրափակիչ փուլը։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 15-րդ փառատօնը։ Այս տարուան փառատօնը արդէն կը համարուի յոբելենական՝ հաշուի առնելով, որ կը կազմակերպուի 15-րդ անգամ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պայծառակերպութիւն» նո՛յնն է «Այլակերպութեան» տօնին եւ անունին։ Աւետարանը կը գործածէ միայն «Այլակերպութիւն» բառը, սակայն «Պայծառակերպութիւն» բառն ալ ընդհանրացած է իբր աւելի յատուկ եւ աւելի փառաւոր բացատրութիւն։ Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօներէն մին է՝ տաղաւար տօներէն։
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քրիստոս այլակերպեցաւ, որպէսզի ցոյց տայ իր աշակերտներուն անոնց խոստացուած արքայութիւնն ու փառքը: Հանեց զանոնք լերան գագաթը եւ ցոյց տուաւ, թէ Ինք ինչպէս պիտի գայ վերջին օրը՝ աստուածութեան փառքով ու մարմնով եւ ըսելու համար, թէ Ինք ո՛չ Եղիան է, ո՛չ Մովսէսը, ո՛չ ալ մարգարէներէն մին:
Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հոգեւոր ուրախութեամբ կը տօնենք տարւոյն երրորդ տաղաւարը, ժողովրդական աւանդական կոչումով Վարդավառը, իսկ եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Հայ քրիստոնէական իրականութեան մէջ Վարդավառի տաղաւարին ուրախութեան մէջ իրարու հետ կ՚ընդելուզուին մեր ժողովուրդի նախաքրիստոնէական շրջանի աւանդութիւններն ու քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքները։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- «Լցաք ի բարութեանց» երգէն ետք սարկաւագը ի՞նչ կը կատարէ, իսկ դպիրներ ի՞նչ կ՚երգեն։
- «Լցաք ի բարութեանց» երգէն ետք սարկաւագը կը հրաւիրէ ժողովուրդը Տիրոջմէ խաղաղութիւն խնդրելու։ Դպիրներն ու ժողովուրդը կ՚եղանակեն՝ «Տէ՜ր, ողորմեա»։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Արսինէ Խանճեան անդրադարձան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրի մշակութային եւ հասարակական կեանքին։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտնեց, որ յառաջիկային կը ծրագրուի հանդիպում մը կազմակերպել Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը ըսաւ. «Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի զգայնութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տակաւին կը խուսափին այս նիւթին շուրջ որեւէ հրապարակային յայտարարութենէ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէկուան ցաւալի դէպքերը լուրջ հարուած հասցուցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկին ու հեղինակութեան՝ մեծ ցասում յառաջացնելով հաւատացեալ հայորդիներու շրջանակներէն ներս. իրադարձութիւնները կը հասնին գայթակղեցուցիչ համեմատութիւններու։
Մայրավանքի դիւանատունը գրաւուած։
Աշխարհասփիւռ հայութեան Սրբութիւն Սրբոց Ընդհանրական Հոգեւոր Կեդրոնին մէջ խղճի ազատութեան դէմ անընդունելի ու պախարակելի ոտնձգութիւն։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան եւ դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան հիմնաւոր փաստերով հերքեցին։ Վեհափառ Հայրապետին հասցէագրուած բոլոր զրպարտութիւններն ու կեղծ մեղադրանքները։ Իբր թէ ցուցարարները անարգալից ու վիրաւորական լոզունգներ արձակեցին Հայոց Շնորհազարդ Հովուապետին դէմ ու կը սպառնան անժամանակ շարունակել ամօթալի արարքները։ Եկեղեցականները Հայաստանի Ոստիկանութենէն կ՚ակնկալեն տարածքի ազատուիլը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները քաղաքական նոր փուլի մը նախասկիզբն են։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներու առջեւ կանգնելով կը յայտարարէր, թէ Հայաստանի մէջ «Վենտեթա» պիտի չըլլայ, այսօր բոլորովին նոր դրութեան մը առջեւ է։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խանդավառ համերգ մը։ Այսպէս, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն երիտասարդ երգիչ Սարգիս Հարոյեան։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Շաբաթավերջին, շրջանառութեան մէջ դրուած ձայնագրութենէ մը իմացայ, որ լիբանանահայ վարժարանի մը տարիներու տնօրէնը հերթական զոհն է վարժարանը հովանաւորող հաստատութեան մը պատասխանատուներուն, որոնք ինչպէս նաեւ շատ մը այլ հայկական հաստատութիւններու, այսպէս կոչուած, պատասխանատուներ, պատահմամբ տուեալ վարժարանին ճակատագիրը որոշողներն են...:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սփիւռքահայ զոյգ մը զբօսաշրջիկներ, հայրենասիրական գաղափարներով ոգեւորուած, անպայման կը փափաքին այցելել Զօրավար Անդրանիկի տուն-թանգարանը: Հեղձուցիչ տաքը կը քամէ կարծես անոնց մարմիններուն ջուրը, հակառակ անոր, որ անոնք մի քանի քայլ միայն կը քալեն թաքսիէն մինչեւ թանգարանին մուտքը, ուր հանգիստ շունչ մը կը քաշեն ի տես այնտեղ զետեղուած պաստառին, որ կը յուշէ, թէ թանգարանը բաց է 12:00-17:00:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կոմիտաս Վարդապետին տաղանդին եւ արուեստին յայտնութիւնը զայն կը դնէ փառքի եւ պատուի բա՛րձր պատուանդանի մը վրայ՝ որուն հետամուտ չեղաւ երբեք։
Արդարեւ, իր հանճարին, իր յատկութիւններուն եւ գործին համընթաց՝ անոր նկարագրին զմայլելի մէկ գիծը կը պատմուի, որ զինք շա՜տ վեր բարձրացուցած է հիացողներու եւ համակիրներու աչին առջեւ։
Ռուսաստանէ ներս հաշուարկներ կատարուեցան, թէ ԱՊՀ-ի զանազան երկիրներէն աշխատելու համար այնտեղ մեկնածները որքան գումար կ՚ուղարկեն իրենց երկիրները։ «Սփութնիք» գործակալութեան հաղորդումներով, Western Union միջազգային վճարային համակարգի եւ Ռուսաստանի Ելմտական հետազօտութիւններու ազգային գործակալութեան համատեղ հետազօտութեան հիման վրայ հրապարակուեցան շարք մը տուեալներ։
«Հայկական զինեալ ուժերն ալ կը վերահսկեն Ատրպէյճանի բնակելի շրջաններ»:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնները:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս շնորհանդէս՝ մասնակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի:
www.divanaget.am հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ծանօթանալու հայկական դիւանագիտութեան վերջին մէկ դարու ոդիսականին:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, որ նախընթաց օր հսկողութեան տակ առնուած էր զեղծումներու կասկածով, ազատ արձակուեցաւ եւ իր պարագային դատարանը սահմանեց 1 միլիոն հայկական դրամի չափով գրաւ։
