Արխիւ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017

Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանին կողմէ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Զահրատ մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցած գրական հաւաքոյթով մը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ յատուկ ձեռնարկ մը:
Խմբավար Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ, երէկ երեկոյեան յոբելենական համերգ մը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ գեղարուեստի կեդրոնին մէջ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները փայլուն անցան:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած հանգանակութիւնը նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ այս կրթօճախի ապագայ գործունէութեան առջեւ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաաթավերջը անցուց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին սրբազնութեան դարմանումը շարունակուեցաւ՝ որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել սաստիկ պաղառութեան հետեւանքները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ճիմ Մա­թիս յայ­տա­րա­րեց, որ Ո­ւա­շինկ­թըն ԵՓԿ-ն պի­տի խրա­խու­սէ՝ որ­պէս ոս­տի­կա­նա­կան զօրք։ 
«CNN Türk»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճիմ Մա­թիս ներ­կա­յիս հնգօ­րեայ շրջա­գա­յու­թեան մը ձեռ­նար­կած է դէ­պի Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րէն Ե­գիպ­տոս, Յոր­դա­նան, Քուէյթ եւ Փա­քիս­տան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017

Հանրապետութեան նախագահը Աղրըի մէջ խօսեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին:
Էրտողան շաբաթավերջին խիստ ոճով մը յայտնեց, որ կը կորսնցնեն անոնք, որոնք թշնամութիւն կը տածեն Թուրքիոյ դէմ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017

Հայաստանի «Ֆոթոլուր» գործակալութիւնը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս յոբելեանը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ նշուեցաւ մասնաւոր ցուցահանդէսով մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017

Լոյս տեսաւ համանուն համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 37-րդ հատորը
Հաւաքոյթի ընթացքին երախտագիտութեամբ վերյիշուեցաւ նորոգ հանգուցեալ բազմամեայ խմբագիր Հ. Անդրանիկ Կռանեան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Պատմութեան մէջ անշուշտ նորութիւն չէ երկրի մը ազգային հերոսին հեղինակազրկումը, նոյնիսկ՝ վարկաբեկումը: Դէպքերու արագընթաց այս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ արժէքներու տապալումի ականատես կ՚ըլլանք, որեւէ սրբութիւն երկվայրկեանի մը մէջ կարելի է նսեմացնել:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ որ կը կա­տա­րուի Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րուն մէջ, բազ­մա­թիւ հար­ցադ­րում­նե­րու դուռ կը բա­նայ: 
Խօս­քը բնկա­նա­բար այդ շրջան­նե­րուն մէջ գոր­ծող քրտա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն մա­սին է, ո­րոնք այ­սօր կանգ­նած են բա­ւա­կան բարդ փու­լի մը առ­ջեւ: 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017

ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Այս Շա­բաթ, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն, տօնն է հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­դիր­նե­րու եւ հա­յոց ա­ռա­ջին Լու­սա­ւո­րիչ­նե­րու՝ Թա­դէոս եւ Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րուն։
Ար­դա­րեւ, Քրիս­տո­սի համ­բար­ձու­մէն ետք, Հա­յաս­տան աշ­խար­հը պա­տի­ւը ու­նե­ցած է քա­րո­զու­թեան վայր ըլ­լա­լու Քրիս­տո­սի եր­կու ա­ռա­քեալ­նե­րու՝ Թա­դէոս եւ Բար­թո­ղի­մէո­սի, ո­րոնց դամ­բա­րան­նե­րը իբ­րեւ վա­ւե­րա­կան վկա­ներ, կը մնան սրբա­զան ուխ­տա­տե­ղի­նե­րը Հա­յաս­տան աշ­խար­հին մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր ամ­սոյն վեր­ջին կամ Դեկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը նշէ Սրբոց Թա­դէոս եւ Բար­թո­ղո­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու տօ­նը։ Այս տա­րի տօ­նը կը հան­դի­պի 2 Դեկ­տեմ­բեր, Շա­բաթ օ­րուան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017

Հայրապետական պատգամ՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Սփիւռքը կ՚ապրի ազգային եւ հայրենասիրական զգացումներով»:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ինքզինք թերագնահատելը եւ անկարող համարելու թերարժէքութեան բարդոյթը որքան արտաքուստ աշխարհին հետ կապուած ըլլան, այնքան ալ ի ներքուստ արմատաւորուած համոզումներ են։ Արտաքին աշխարհի մէջ է, որ դուն քեզ կը դրսեւորես, սակայն նախքան դրսեւորելդ՝ այդ համոզումը քու ներսիդիդ հաստատուած պէտք է ըլլայ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային Բնութիւնը միշտ կ՚ուզէ ունենալ, եւ միշտ աւելի՛ն ունենալ։ Բայց կարեւորը ունեցածին ո՛չ թէ քանակը, այլ՝ որա՛կն է։ Ուրիշ խօսքով՝ որեւէ վնասակար բանէ մը շատ ունենալէն աւելի երանելի՜ է քի՛չ ունենալ, բայց օգտակար բան մը ունենալ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Մոսկուայի Զարդական-կիրառական եւ ժողովրդական արուեստի համառուսաստանեան թանգարանի նախաձեռնած «15-րդ գիտական ընթերցումներ նուիրուած՝ Վիքթոր Վասիլենքոյի յիշատակին» միջազգային գիտագործնական խորհրդաժողովին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի «Պատմամշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն ՊՈԱԿ»ի գիտահետազօտական բաժնի վարիչ Կարինէ Բազէեան։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի ժողովին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

Երեւանի մէջ այսօր կը նշուի «Ֆոթոլուր» գործակալութեան հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Սա յատկանշական յոբելեան մըն է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհին տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017

ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նստաշրջանը տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ:
Երեւանի դաշնակիցները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման պարագային կ՚աջակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:

Էջեր