Արխիւ
«Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտութեան խումբը այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան:
Սփիւռքի նախարարութենէն ներս շաբաթավերջին արուեստագէտները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով մը:
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրուեցաւ՝ հիմնադրութեան 242-րդ տարեդարձին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Գումգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին։ Դպրոցի 188-րդ շրջանաւարտներուն ի պատիւ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այս տարուան Ապրիլին ընթացք առած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը համերաշխութեամբ աւարտեցաւ, պարտադրելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը։ Հայաստանի Խորհրդարանը, երկրորդ քուէարկութեամբ, 59 ձայներու մեծամասնութեամբ, Մայիս 8-ին վարչապետ ընտրեց ժողովրդական շարժումի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Հողն ալ սիրտ ունի՝ եթէ սիրտ ունինք այդ սրտին տրոփը զգալու։
Հողն ալ կեանք ունի՝ եթէ շունչ ունինք այդ կեանքին շունչը զգալու։
Կրակը կրցաւ այրել դաշտին խոտը, ցորենին ցօղունն ու հասկը, ծառին ճիւղն ու պտուղը, տունին գերանն ու ձեղունը։ Հարուածը կրցաւ քանդել պատն ու սիւնը, խորտակել քանդակն ու խաչքարը։ Բայց ո՛չ կրակը եւ ո՛չ ալ հարուածը կրցան իջնել մինչեւ հողին ու քարին սիրտը, ուր կը բաբախէր հայուն սիրտը» (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ խանդավառ հանդիսութիւնով մը, որու ձեւաչափը վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերուն հրապարակ ելած «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութեան համար գլխաւոր նպատակ կը հանդիսանայ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին իր պաշտօնէն հեռացումը։
Տարբեր առիթներով, յաճախ անախորժ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն անյարիր վարքով մը արտայայտուած մօտեցումները հիմնականին մէջ վիրաւորական բնութագրումներ կը բովանդակեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, անոր գահակալին եւ աւելի քան 700 միաբաններուն հանդէպ։
Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- «Մարմին Տէրունական» երգէն ամիջապէս ետք ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։
- «Մարմին Տէրունական» երգէն անմիջապէս ետք սարկաւագը կը ձայնէ. «Դպիրնե՛ր, Սաղմո՛ս երգեցէք մեր Տէր Աստուծոյն» քաղցր ձայնով հոգեւոր երգե՜ր երգեցէք, եւ «դպրիրները օրուան խորհուրդին համաձայն Սրբասացութիւն կ՚երգեն, իսկ սարկաւագները վեր՝ Սուրբ Սեղան կը բերեն սրբազան Հացը եւ անմահութեան Բաժակը»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեգալուստէ ետք 3-րդ Կիրակի օրուան՝ այս տարի 10 Յունիս Կիրակի, Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանի հատուածը՝ (ՄԱՏԹ. ԺԲ 1-8), «Շաբաթ օրը յարգելու հարց»ին մասին է։
Արդարեւ, Շաբաթ օրը եբրայական եօթնեակին՝ շաբաթին, այսինքն եօթը օրուայ ժամանակաշրջանին վերջին՝ 7-րդ օրն էր, երբ ամէն զբաղում եւ աշխատանք պէտք էր դադրէր ըստ Հին Կտակարանի տրամադրութեան. (ԵԼՔ. Ի 8-11, ԼԱ 12-17, ԼԴ 21) եւ (Բ ՕՐ. Ե 12-15)։
«Անընդունելի է մտահոգութիւններու ներկայացման համար որդեգրուած վերջնագրային ոճը»:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսաց ժողով մը՝ վերջին իրադարձութիւններու արժեւորման համար:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տանտիրութեամբ Գումգաբուի մէջ իֆթարի սեղան՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ կուսակալ Վասիփ Շահին երէկ երեկոյեան այցելեցին Պատրիարքարան
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին նկարիչ Տարօն Մուրատեանի ցուցահանդէսը, որ բացուած է «Քատիր Հաս» համալսարանէն ներս։ «Բացայայտ գաղտնի խաղ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը պատրաստուած է Փրոֆ. Հասան Պիւլենտ Քահրամանի կողմէ
2017-2018 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս բնորոշուեցաւ զանազան ձեռնարկներով ու պտոյտներով։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ 4-րդ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը, վերջերս, տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու:
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ 2017-2018 կրթական շրջանի փակման առթիւ։ Դպրոցի բոլոր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանդէսի ծրագրին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
«Մեր առջեւ առկայ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը միութիւնն ու համազգային միասնականութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հայրապետի շուրջ»:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որով այս տարուան շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ մասնաւոր խրախճանքով մը։ Դպրոցի չորրորդ դասարանը աւարտած աշակերտները եւս մասնակից դարձան այս ծրագրին։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս 2017-2018 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ փառատօնի շաբաթով մը։ Աւանդական այս ծրագրի շրջագծին մէջ, դպրոցի զանազան անկիւններուն տղաքը իրականացուցին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ։ Փառատօնը իսկապէս մեծ եռուզեռի մը մթնոլորտը ստեղծեց դպրոցէն ներս։