Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն եւեթ տարբեր մակարդակներու վրայ խօսակցութիւններ եղան այն մասին, թէ «Արեւմտեան պլոք»ը՝ գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, պիտի հար-ւածէ Սուրիան:
Ռուսաստանի զինեալ ուժերուն ու յատկապէս օդուժին կողմէ ձեռնարկը-ւած քայլերուն շնորհիւ Սուրիան կը մտնէր նոր փուլ:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան հանդէս մը։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։
Տատեան վարժարանի ընտանիքը վերջին օրերուն ընդունեց Երեւանէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, տատեանցիները հիւրը եղան Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն ներկայացուցիչներ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմը երէկ հաստատութեան համակիր տիկիններուն համար կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Ֆլորիայի «Ուլուտաղ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթը, որ կազմակերպուած էր Մայրերու օրուան նախօրեակին։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 186-րդ տարեդարձը նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններով ու աւանդական շուքով։
Խանդավառ արարողութիւններուն նախագահեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ՝ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան ջանքերով արձանագրուած ոստումին մասին։
Գթութեան յարկի համալիրէն ներս անմահացաւ երախտաշատ ու անմոռանալի անունի մը՝ հոգելոյս Փիլօ Աթանի յիշատակը եւ իր 20-ամեայ վաստակը կը յաւերժանայ նոր բաժանմունքով մը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Այս տեսակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալով ստեղծուած իրավիճակը եւ տարածքաշրջանի ընդհանուր կացութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Հայաստանի կառավարութիւնը այս առաւօտ առաջին նիստը գումարեց նոր վարչապետի գլխաւորութեամբ
Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու մասին - Նոր նշանակումները օրակարգի վրայ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ըրած է տեղին կարգադրութիւն մը։ Հաստատութեան համալիրէն ներս երէկ պաշտօնապէս բացուեցաւ նոր բաժանմունք մը, որ ձօնուած է հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներէն Փիլօ Աթանի յիշատակին ու վերանուանուած՝ համապատասխանաբար։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պատշգամիս թաղարի վարդատունկին վրայ այսօր բացուեցաւ գինեգոյն թաւշեայ վարդս, քաղեցի զայն որպէս առաջինը այսօրուան մտադրութեանս:
Զգլխիչ է կլիման, ոչ տաք, ոչ պաղ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քննադատութիւն՝ բան մը, որ անպակաս է մարդկային կեանքին մէջ, մանաւանդ ընկերային-հաւաքական կեանքին մէջ, եւ չկայ օր մը, որ մարդ չքննադատէ ուրիշ մը եւ չքննադատուի ուրիշի մը կողմէ։ Բնական է ասիկա, քանի որ քննադատութիւնը ընկերային յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակներէն մին է։
Գրաբարէն աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայիս ամիսը քրիստոնեայ աշխարհին համար յատկանշական է անով, որ այս ամիսը ան նուիրած է Ս. Մարիամ Աստուածածինին: Սխալ կարծիք կայ այն մասին, թէ Կաթոլիկ Եկեղեցին շատ աւելի մեծ կերպով յարգանք կը տածէ Մայրիկ Աստուածածինին նկատմամբ, քան միւս եկեղեցիները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանը կը վկայէ, թէ աշակերտները զարմացած կը նայէին երկինք, կ՚ուզէին հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս համբարձաւ Քրիստոս։ Եւ հարց մը կը գոյանար իրենց մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք էր, որ համբառնար Քրիստոս, քանի որ Անոր հետ ըլլալ, Անոր հետ ապրիլ մեզի համար հանգիստ եւ ապահով էր. ապա ուրեմն ինչո՞ւ Ան համբառնալու պարտաւորուեցաւ…»։
Հովանաւորութեամբ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, Քուէյթի «Ալ Պապթին» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարեկամութեան գոյները» խորագրով ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100-ամեակին։ Այս ձեռնարկին կազմակերպման համար համագործակցեցան Հայաստանի դեսպանութիւնը, Քուէյթի Ազգային վարժարանը եւ «Ալ Պապթին» գրադարանը:
Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Թրասինտա Քորփորէյշըն»ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը կը թարգմանուի հայերէնի:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք դարձաւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։ Ան յաղթահարեց նուազագոյն 100 հազար ստորագրութիւններու պատնէշը։
Միացեալ թագաւորութեան արքայազն Չարլզ կը պատրաստուի մասնակցիլ Իսրայէլի պետութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Լոնտոնի դեսպանատան մէջ։
Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման հետամուտ Աստանայի համաձայնութիւններու ծիրէն ներս, Թուրք զինեալ ուժերը տասներորդ դիտարկման կէտը ստեղեցին Իտլիպի մէջ։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ՝ Սուրիայէ ներս ստեղծուած են գօտիներ, որոնք կը պահուին բախումներէ զերծ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլերը քաոսի կը տանին ամբողջ աշխարհը։ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալը պատճառ դարձած է խոր մտահոգութեան։