Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017

«Ճինիշեան» հիմնարկը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը՝ Հայաստան ուխտագնացութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ տեսակցեցաւ հաստատութեան շարք մը պատասխանատուներուն հետ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հաւանաբար չի՛ գտնուիր մէկը՝ որ քաղաքս բնակի եւ պատեհութիւնը ունեցած չըլլայ Կալաթասարայէն մինչեւ Թաքսիմ՝ պարզ պտոյտի մը համար եւ կամ գործի բերմամբ, եւ կամ այն պատճառով, թէ բնակարանը այդ կողմերն է, անցնիլ եւ դիտել իր շուրջը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քորէայի բաժանման վտանգը առնելու նպատակով հարաւի մէջ սկսած շարժումը հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան մէ­կէ ա­ւե­լի գոր­ծիչ­ներ ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին Ռիատ կը ժա­մա­նէին եւ հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նա­յին սէուտ­ցի բարձրաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ: 
Այս հան­դի­պում­նե­րը կրնա­յին հա­մար-ւիլ սո­վո­րա­կան-հեր­թա­կան, ե­թէ ան­տես առ­նենք այ­ցե­լու­թեանց «թայ­մինկ»ն ու քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու ստուար թի­ւը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան հաճելի է եւ տպաւորիչ եկեղեցւոյ մը զանգակին հնչիւնը, սիրելի՜ բարեկամներ։ Անիկա կոչ մը, հրաւէր մըն է խաղաղութեան, հաշտութեան եւ ինքնամփոփման

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017

«Արմէնփրէս« գործակալութեան եւ «ՌԱԿ մամուլ»ի միջեւ ստորագրուեցաւ գործակցութեան յուշագիր մը:
Արամ Անանեան եւ Սեւակ Յակոբեան կ՚անդրադառնան այս կարեւոր նախաձեռնութեան հեռանկարներուն:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017

Միջնորդները շփումներ կ՚ունենան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կազմակերպել նախագահներու միջեւ նոր հանդիպում մը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Սիրտը իրեն յատուկ տրամախոհելու ձեւերը ունի, զորս բանականութիւնը չի կրնար ըմբռնել։ Սրտին կապուած զգացումները նոյնպէս ունին իրենց յոյզերն ու ամենատկար տեղերը, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով կ՚ազդուին, կը խախտուին եւ մարդը կ՚առաջնորդեն դէպի ամօթալի կենցաղակերպ եւ տուեալ անձին կատարել կու տան  տարաբնոյթ ու անմարդկային արարքներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

2018 թուականին «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակին համար կատարուած է 750 առաջադրում, որոնցմէ 509-ը՝ չկրկնուող թեկնածութիւններ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը, որ կազմակերպուած էր մեր համայնքի երէց սերունդի բժիշկներէն Տոց. Վահէ Ալեքսանեանի ի պատիւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ Պատրիարքարանի մէջ երէկ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր առընթեր փոխանցեց զանազան բացատրութիւններ եւ հանդէս եկաւ մեկնաբանութիւններով։ Ան գործընթացը ամփոփեց ընդհանուր առանցքներու շուրջ եւ ընդգծեց, որ 9 Օգոստոս 2017 թուականին պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ դիմումը յանձնուած էր Իսթանպուլի կուսակալութեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

Պատրիարքական տեղապահը երէկ Գումգաբուի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց՝ իր կողքին ունենալով Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլն ու Պատրիարքարանի ելմտական խորհրդական Պետրոս Մարզուանը։ Հաւաքոյթին նպատակն էր հանրային կարծիքին տեղեկութիւններ փոխանցել ընտրութեան գործընթացին շուրջ։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան 16-30 Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Գերմանիա՝ մասնակցելու համար Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութեան: Ան վերջին իրադարձութիւններուն մասին մանրամասն նամակ մը ուղարկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Իր վերադարձին թուական մը պիտի ճշդուի՝ վստահութեան քուէարկութեան օրակարգով եկեղեցական համագումար մը կազմակերպելու նպատակով:
«Պաշտօնական գետնի վրայ որեւէ սխալ չէ գործուած, պետութեան անունով մեր համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած շշուկները բոլորովին անհիմն են, արդարեւ պետութիւնը պատճառ մը չունի մեզմէ երկիւղելու համար, պէտք չունի իր փափաքները միջնորդներու միջոցաւ փոխանցելու, Պատրիարքական Աթոռը վաւերական ու հաւաստի կը համարէ միայն գրաւոր տուեալները եւ արժէք չի վերագրեր բանաւոր պատգամներու փոխանցման»։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ այս առաւօտ յայտարարութիւններ ըրաւ թերթիս։ Պատրիարքարանի երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին իր անունը յաճախ եկաւ օրակարգի վրայ՝ որոշ չափով քննադատական շեշտով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Պատրիարքարանի մէջ սարքած երէկուան մամլոյ ասուլիսը մէկ կողմէ եկաւ վերահաստատել հին մտահոգութիւնները, իսկ միւս կողմէ ծնունդ տուաւ նոր հարցականներու։ Մեր տպաւորութիւնը այն է, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ փակուղին կը խորանայ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

​Հայաստանի մէջ յաճախ չէ, որ կ՚իրականացուին ցուցահանդէսներ, որոնց ընթացքին մէկ հարթակի վրայ կը ներկայացուին թէ՛ հայազգի եւ թէ օտար նկարիչներու գործեր։ Հոկտեմբերի 13-ին Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ «Դէպի Արարատ» խորագրեալ միջազգային ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուին տարբեր երկիրներու նկարիչներու ստեղծագործութիւններ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցեց Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութիւնը պէտք է միաւորէ շարժանկարի արտադրութեամբ զբաղողներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք համատեղ կը նպաստեն հայ շարժարուեստի զարգացման: Այս մասին նախընթաց օր Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան նախագահի թեկնածու Յարութիւն Խաչատրեան:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անհանգստութիւն յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի վերջին հրատարակութիւններուն կապակցութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս անհանգստացած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ նախընթաց օր հեռաձայնով մեր ունեցած հարցազրոյցին բերումով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդհանուր առումով մամուլը եւ յատկապէս օրաթերթը կարեւոր դեր մը եւ տեղ մը կը գրաւէ ընկերութեան մտաւոր կեանքին մէջ եւ պահանջք մըն է, քանի որ մարդ էակին ամենէն բնազդային վարմունքն է հետաքրքրուիլ եւ տեղեկութիւն ստանալ, սորվիլ իր շուրջը պատահած դէպքերէն՝ զինք ուղղակի շահագրգռէ կամ ո՛չ։v

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Փարոս» ամսագրի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ եզակի ձեռնարկ. «7 տարուան ոդիսական մը»:
Լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի դրուագները կը համատեղեն գեղարուեստական որակն ու վաւերագրական խորութիւնը՝ ցուցահանդէսի այցելուներու աչքին առջեւ ակնթարթի մը մէջ խտացնելով մեր հաւաքական կեանքի համայնապատկերը:

Էջեր