Արխիւ
Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Համայնքային շրջանակները շօշափելի աջակցութեամբ հերթական անգամ լուրջ քայլ մը առին՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը խրախուսելու համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը յաջողեցաւ այս տարուան սիրոյ սեղանի արդիւնքին ապահովել որոշ քանակութեամբ հանգանակութիւն, որ թէեւ բաւարար չէ տարեկան պիւտճէն ամբողջութեամբ հաւասարակշռելու համար, սակայն դպրոցի յառաջիկայ կայունութիւնը կը համարուի յամենայնդէպս երաշխաւորուած - Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց աւանդական արարողութիւններուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը լսենք եւ կը կրկնենք, թէ կեանքը ամբողջ պայքա՛ր մըն է՝ անվերջ, մշտնջենաւոր։ Եւ ով որ պարտուի այս պայքարին մէջ, դասալիք կ՚ըլլայ, դուրս կու գայ պայքարէն եւ կեանքը կը կորսնցնէ իր նպատակը, եւ անշուշտ իր իմաստը։
Մերձաւոր Արեւելքէ ներս խաղաղութեան հաստատման ու քրիստոնեաներուն նուիրուած յատուկ աղօթք:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Երանի բոլոր անոնց, որոնք կ՚աղօթեն կրօնական հանդուրժողութեան ամրապնդման համար»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր երկիրը հայրենիքն է մարդկութեան, բազմամիլիոն անասուններու, բոյսերու եւ այլ շնչաւորներու։ Միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր եղափոխութիւններ տեղի կ՚ունենան երկրի վրայ ու կը շարունակեն միշտ փոխուիլ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լալա Միսկարեան-Մինասեանի անուան ես ծանօթ էի նախքան Հալէպի դէպքերը: Գիտէի, որ Տիկին Լալան հմուտ հայերէնագէտ դասախօս է, որ կը դասաւանդէ «Համազգային»ի տնօրինած Հալէպի «Հայագիտական հիմնարկ»էն ներս:
«Խաւարի մէջ Կոմիտաս» խորագրեալ երաժշտահանդէսներու շղթային վրայ շաբաթավերջին աւելցաւ հերթական օղակ մը։ Չորրորդ Լեւենտի «Քարանլըք իշլէր» երաժշտութեան տան մէջ կազմակերպուած հերթական համերգով Մեծ Վարդապետը ոգեկոչուեցաւ՝ իր մահուան 82-րդ տարելիցին առթիւ։
Ֆրանսայի մշակոյթի նախկին նախարար Օտրի Ազուլէն ընտրուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն:
Կիւմրիի Վ. Աճեմեան անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը յառաջիկայ Նոյեմբերի 1-ին եռօրեայ հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքին մէջ իրականացուելիք ելոյթները կը նուիրուին բեմադրիչ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Փրոֆ. Նիքոլայ Ծատուրեանի յոբելեանին (ծննդեան 70-ամեակը լրացած է 2015 թուականին)։ Սոյն հիւրախաղերուն կ՚աջակցի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը։
«Գործարար կանայք» յանձնախումբի ջանքերով, երեսուներկու հալէպցի կին գործարարներ մասնակցած են Դամասկոսի Միջազգային ցուցահանդէսին։ Անոնց կարգին էին հայուհիներ Անժէլ Պոշկեզենեան, Թալին Ալեքսանեան, Եուրի Սիլվահեան եւ Ռոզէթ Նազարեան։
Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, Հոկտեմբերի 18-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մեծ բարերարներ, Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան շէնքի նուիրատուներ Ատրիանա եւ Էտուարտօ Սեֆերեաններու անուան սրահի բացման արարողութիւնը։
Երէկ, Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավար Արա Սատոյեանի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած էր հերթական հանդիպումը վարչական շրջանի դպրոնցներու աշակերտներու հետ։ Հանդիպման Արա Սատոյեանի հրաւէրով ներկայ էր նաեւ աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ։
«2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակման հեռանկարները տակաւին չեն յաղթահարուած»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Հայկական կողմը մշտապէս հանդէս եկած է՝ ի նպաստ խաղաղ լուծման»:
Զարգացող ութ երկիրներու կազմակերպութեան գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կանգ առաւ ռազմաարդիւնաբերական համատեղ ծրագրերու մշակման վրայ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երիտասարդ անդամներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հրատարակած է իր անդրանիկ գիրքը։ «Քառասնօրեայ խոհեր» կը կոչուի այս գործը, որ լոյս տեսած է Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան շրջանին։
Էսաեան վարժարանի աշակերտները պատրաստութիւններ կը տեսնեն Թարգմանչաց տօնի եւ հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ հանդէս մը իրականացնելու համար։ Այս ամբողջին մէջ անոնք հանդիպումներ կ՚ունենան մեր թերթերու եւ հրատարակչութիւններու պատասխանատուներուն հետ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ո՛չ սարսափազդու, սակայն մտահոգիչ հանգամանք սկսած է ստանալ թիւը այն հայ երիտասարդներուն, որոնք աշխարհի խաբուսիկ նորարարութիւններէն ու զեղխ հաճոյքներէն խաբուելով՝ հեռացած են քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքէն, ուծացած՝ հայ հոգիէն, պարպուած՝ հայ զգացումներէն, օտարացած՝ հայ մշակոյթէն եւ խորթացած՝ Հայ Եկեղեցիէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Ալեքսանդրիայից Բաթումի նաւահանգիստ եգիպտահայ երկրորդ կարաւանին բերող «Պոբեդա» նաւի վրայ 1948-ի Սեպտեմբեր 1-ին հրդեհ բռնկուեց: Սեպտեմբերի 14-ին ներգաղթն անյապաղ դադարեցւում է»:*
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս խօսեցանք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասին, որուն մէջ կը տեսնուի աղօթքի պայմանադրական կապերէն դուրս նետուած հոգին, ուր Աստուծոյ հետ մտերմական ծանօթութեան մը գաղտնիքն է որ կը յայտնուի եւ հոգին կը միանայ Անոր հետ անկեղծ սիրոյ միացումով։ Եւ ըստ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, սիրոյ այս միացումը, գերազանց է քան իմացական միացումը։
«Հայաստան եւ Իրան. հողի յիշողութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանի Պատմութեան եւ Իրանի Ազգային թանգարաններու համաժամանակեայ (Ք. Ա. 4-րդ հազարամեակէն մինչեւ Ք. Ա. առաջին դար) նմոյշներ։ Իրանի Ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 2018 թուականի Յունուարի 17-ը։