Արխիւ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու տեղեկացուց, որ 22 Հոկտեմբերին նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրըկնալելու Տատեան վարժարանի սաներէն Տեսիլ Գարան եւ Քեւըն Պաշըպիւյիւքը։ Ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճըի եւ Երանուհի Պալճըի ուղեկցութեամբ տղաքը փութացին մեր այցելութեան։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անգլիա այցելութեան ժամանակ առիթն ունեցանք տեսնելու բրիտանացի աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Շէյքսփիրի տուն-թանգարանը՝ Սթրաթֆորտ Էյվըն քաղաքին մէջ, որ Լոնտոնէն 150 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ է, բայց գնացքներն ու ճեպընթացները հեզասահ կը հասնին երկրի որեւէ անկիւն՝ անցնելով պատմական Անգլիոյ հրաշագեղ վայրերէն:
Թուրքիա աշխուժօրէն կը զօրակցի Ազատ Սուրիոյ բանակի դէպի Իտլիպ ձեռնարկած գործողութիւններուն:
Անգարա եւ Մոսկուա զուգահեռ աշխատանքներ կը տանին անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Լեզուաբանութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է լեզուի ծագման հարցը։ Այս հարցը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է շատ վաղ ժամանակներէ ի վեր։ Տարբեր ժամանակներուն մարդիկ տարբեր բացատրութիւններ տուած են լեզուի ծագման մասին, սակայն այդ պատասխաններուն ոչ մէկը կարելի է կատարեալ համարել։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սէուտական Արաբիոյ Սելման պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորի Մոսկուա տուած այցելութիւնը տակաւին երկար ժամանակ պիտի դառնայ վերլուծողներու եւ քաղաքական մեկնաբաններու ուշադրութեան կեդրոն:
«Ճինիշեան» հիմնարկը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը՝ Հայաստան ուխտագնացութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ տեսակցեցաւ հաստատութեան շարք մը պատասխանատուներուն հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւանաբար չի՛ գտնուիր մէկը՝ որ քաղաքս բնակի եւ պատեհութիւնը ունեցած չըլլայ Կալաթասարայէն մինչեւ Թաքսիմ՝ պարզ պտոյտի մը համար եւ կամ գործի բերմամբ, եւ կամ այն պատճառով, թէ բնակարանը այդ կողմերն է, անցնիլ եւ դիտել իր շուրջը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին բացաւ նոր եղանակը։ «Մարալ»ի մեծ ընտանիքը աշխատանքի ձեռնարկեց նոր եղանկին ընդառաջ՝ նոր եռանդով ու թարմ ուժերով։ Խումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան սիրով ողջունեց համոյթի բոլոր անդամները, որոնց թիւը կը հասնի 200-ի։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հաստատութեան հիմնադրութեան 130-ամեակին ձօնուած «Հայ դպրոցը» ներկայացումը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Հարպիյէի «Քենթէր» թատրոնի բեմին վրայ։ Պատուոյ հիւրերն էին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին ընթացքին աշակերտներու ելոյթները ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:
Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի նոր հանդիպման շուրջ մօտաւոր ապագային կ՚ակնկալուին տուեալներ:
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցան ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւններ։ Անցեալ տարի այս գերեզմանատան մէջ բացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեաններու յուշադամբանը՝ ստեղծուած անոնց շիրմին հիման վրայ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ եւ «Հայճար»ի ջանքերով կանգնուած այդ կոթողին բացումը կատարուած էր Հոկտեմբերի առաջին Շաբաթ օրը։
«Արմէնփրէս« գործակալութեան եւ «ՌԱԿ մամուլ»ի միջեւ ստորագրուեցաւ գործակցութեան յուշագիր մը:
Արամ Անանեան եւ Սեւակ Յակոբեան կ՚անդրադառնան այս կարեւոր նախաձեռնութեան հեռանկարներուն:
Միջնորդները շփումներ կ՚ունենան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կազմակերպել նախագահներու միջեւ նոր հանդիպում մը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Սիրտը իրեն յատուկ տրամախոհելու ձեւերը ունի, զորս բանականութիւնը չի կրնար ըմբռնել։ Սրտին կապուած զգացումները նոյնպէս ունին իրենց յոյզերն ու ամենատկար տեղերը, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով կ՚ազդուին, կը խախտուին եւ մարդը կ՚առաջնորդեն դէպի ամօթալի կենցաղակերպ եւ տուեալ անձին կատարել կու տան տարաբնոյթ ու անմարդկային արարքներ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
2018 թուականին «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակին համար կատարուած է 750 առաջադրում, որոնցմէ 509-ը՝ չկրկնուող թեկնածութիւններ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քորէայի բաժանման վտանգը առնելու նպատակով հարաւի մէջ սկսած շարժումը հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան քաղաքական մէկէ աւելի գործիչներ անցեալ շաբթուան ընթացքին Ռիատ կը ժամանէին եւ հանդիպումներ կ՚ունենային սէուտցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Այս հանդիպումները կրնային համար-ւիլ սովորական-հերթական, եթէ անտես առնենք այցելութեանց «թայմինկ»ն ու քաղաքական դէմքերու ստուար թիւը: