Արխիւ
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց համակրելի մեներգչուհի Սիպիլը, որ միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Երեւանի մէջ։
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին՝ մտահոգիչ ձեւով։ Շաբաթավերջին, Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին յարձակման փորձ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերուն շուրջ՝ ընտրութեան հեռանկարով ձեռք բերուած կարեւոր համաձայնութեան լոյսին տակ:
Խորհրդակցութիւններու արդիւնքով առնուած են նպատակասլաց քայլեր, որոնց շնորհիւ երեք սրբազանները՝ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան զիրար վերավարկաւորած են՝ տիրանալով յառաջիկայ շրջանին պատասխանատուութիւն ստանձնելու համահաւասար հնարաւորութեան:
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 108-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 85-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ նշուեցան տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Բուն բարեկենդանի կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին, Պաքըրգիւղի համանուն վարժարանի համալիրէն ներս, «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ թատերական երեկոյթ մը։
Բուն բարեկենդանէն եւ փակեալ խորանէն անմիջապէս ետք ընթացք կ՚առնէ Մեծ պահքը կամ Քառասնորդական պահոց շրջանը։
Արդարեւ, Մեծ պահոց շրջանը կը կոչուի Մեծ պահոց օառասնորդական պահեցողութեան շրջան եւ կամ ժողովրդային բացատրութեամբ Աղ ու հացի շրջան, այն իմաստով, որ մեր նախահայրերը քառասուն օրերու այս շրջանը աղ ու հացով կ՚անցընէին եւ կամ աղ ու հացով ծոմը կը լուծէին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճշմարիտ պահեցողութեան մասին Յիսուս կ՚ըսէ.
«Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն։
Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ծաւալուած երկօրեայ խտացեալ քննարկումները եզրափակուեցան՝ պսակուելով յաջողութեամբ շնորհիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի իմաստուն կարգադրութեան եւ կշիռին։
Տեղապահի ընտրութիւն մինչեւ 15 Մարտ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտեան ժամերուն նոյն օդանաւով վերադարձան քաղաքս։
Փետրուարի 23-24-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին Հայոց Հովուապետի հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբան երեք եպիսկոպոսները՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
«Բանը, որ էակից է Հօր, եւ համագոյ Ս. Հոգիին, մեր հողանիւթ բնութեան հետ խառնեց իր պատկերը եւ փառքով զարդարելով դրաւ հանգստաւէտ դրախտին մէջ։ … Հոն անխտրական ուրախութեամբ մարդը զուարճանալով կը ցնծար, որովհետեւ միշտ զԱստուած կը տեսնէր՝ դրախտ իջած»։
(Կանոն Բուն Բարեկենդանի)
Շարական
ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
Ամէն տարուան սկիզբին բնական հետաքրքրութեամբ մը կը պրպտենք գալիք օրերուն տարեդարձներուն որակը։ 2017 տարին մեզի կը խոստանայ շարք մը տարեդարձներ՝ որոնց նշումը հաճելի անդրադարձներ կրնայ ունենալ տուեալ երկրին բնակչութեան վրայ։ Առայժմ, հայկական ոչինչ կայ այս տարեդարձներուն մէջ, այլ՝ որպէս պատմութեան եւ մշակոյթի «ուսանողներ», կ՚արժէ կարդալ տարբեր ժողովուրդներու անցեալին կապուած դէպքերուն մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքը զղջումի եւ խոստովանութեան շրջան մըն է՝ լաւագոյն առիթ մը հոգեպէս նորոգուելու եւ կազդուրուելու։
Վաղը՝ Փետրուարի 26-ին, Երկրի բնակիչները կրնան եզակի աստղագիտական երեւոյթի հետեւիլ՝ արեւու օղակաձեւ խաւարման: «Արմէնփրէս»ի համաձայն, արեւու օղակաձեւ խաւարումը տեղի կ՚ունենայ այն պահուն, երբ երկնակամարին վրայ կը կրճատուին Լուսնի եւ Երկրի մակերեւոյթի ստուերները:
Պրազիլիոյ Ռիօ տէ Ժանէյրօ քաղաքին մէջ այսօր պաշտօնապէս կը բացուի հռչակաւոր քարնավալը: Աւանդական արարողութեան շրջանակներէն ներս քաղաքի խորհրդանշական, փայլուն քարերով զարդարուած բանալին կը յանձնեն Մոմօ թագաւորին՝ տօնի տիրոջը, որու դերին համար յատուկ դատակազմը ամէն տարի կ՚ընտրէ բարձրահասակ եւ գէր տղամարդ մը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս, նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, այսօր Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցին պաշտօնական ճաշկերոյթով եւ արժանավայել յայտագրով պիտի տօնախմբէ շրջանի համայնքի 90-րդ եւ եկեղեցւոյ օծման 60-րդ տարեդարձները:
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ նոր կորուստներ տուին Սուրիոյ մէջ, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց բովանդակ Թուրքիոյ։ «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակից զինուորներ դարձան ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) թիրախը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւնները համաձայնութեան հասան շարք մը խնդիրներու շուրջ:
Երեւան եւ Թիֆլիզ փոխադարձ ըմբռնումի մէջ են՝ Վերին Լարսի անցակէտի վերաբերեալ հարցերու պարագային: